İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԱՂԱՒԱՐ ՏՕՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՐԴ ՕՐ, “ՄԵՌԵԼՈՑ” ԻՆ , ՅԻՇԵՆՔ’, ՆԱԵՒ ՄԵՐ ԱՆՇԻՐԻՄ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ:

Ինչպէս կը տեղեկանանք Մայր Աթոռ Սբ.Էջմիածնի կայքէջէն, ըստ հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կարգի’ հինգ  տաղաւար տօներր  Սբ.Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութեան; Սբ.Յարութեան;Քրիստոսի Պայծառակերպութեան-Վարդավառ; Վերափոխում -Սբ.Մարիամ Աստուածածին ;Խաչվերացի ,տօներու յաջորդող եկրորդ օրը “Մեռելոց” է:Այս օր, Հայ. Եկեղեցւոյ մէջ ննջեցեալներու յատուկ յիշատակութիւն եւ աղօթք տեղի կ’ունենայ: 

Մեռելոցի օր առաւոտուն եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի հոգեհանգիստեան  սոըրբ պատարագ ,յետ պատարագի  մարդիկ կ’այցելեն գերեզմաններ աղօթելու  իրենց ննջեցեալ  հարազատներու հոգիններու փրկութեան եւ անոնք յիշատակելու համար:
Սիրելիներ , Եկեք’, Մեռելոցի օր,  մեր աղօթքներով  յիշենք նաեւ մեր բիւրաւոր  անշիրիմ  նահատակներու յիշատակը:
Աստուած մեր ննջեցեալ հարազատներուն  եւ նաեւ մեր ազգի բոլոր նահատակներուն հոգիները լուսաւորէ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի եւ վաստակն ապրողաց օրհնեալ եղեցի Ամէն:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]

Yorumlar kapatıldı.