İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՆՉ~ Է ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԸ,ԽԹՈՒՄԸ

Հայաստաեայց Առաքելական Եկեղեցին , Տէրունական երկու մեծագոյն տօններ, Սբ.Ծննդեան եւ Սբ.Յարութեան տօններու նախորդող օրերուն  կը կատարէ յատուկ արարողութիւններ որոնք կը կոչուին ”Ճրագալոյց”: Ճրագալոյց , որպէս բառ եւ իմաստ կը նշանակէ ճրագ վառել,մոմ վառել,լուսաւոր օր:

Հայաստանեայց Առաքելական  Սբ.Եկեղեցւոյ մէջ տարին երկու անգամ ճրագալոյցի Սբ.Պատարագ կը մատուցուի ‘,Սբ.Ծննդաեան եւ Սբ.Յարութեան  տօներուն:Ճրագալոյցը կը խորհրդանշէ Բեթղեմեան  աստղի լոյսը, որը , մոգերը առաջնորդեց մանուկ Յիսուսի մօտ:
Մեր Փրկչի Սբ.Ծննդեան առիթով, իբրեւ ծնունդի անմահ լոյս,ճրագալոյցի օր մեր եկեղեցիներու մէջ տեղի կ’ունենայ ժամերգութիւն,երեկոյեան Սբ.Պատարագ, որոնց հաւատացեալները ներկայ կ’ըլլան, սուրբ հաղորդութիւն առնելով փակեն իրենց պահեցողութիւնը եւ դիմաւորեն Սբ.Ծննդեան աւետիսը, վառուած մոմերով աստուածային լոյսը իրենց տուներէն ներս տանելու,  որպէս, խորհդանիշ,Քրիստոսի անմար լոյսով  վերստին լուսաւորուելու համար :
Ճրագալոյցի երեկոյեան պատարագէն վերջ,դպիրներու երգեցողութեամբ Քրիստոսի Սբ .Ծնունդի աւետիսը կը տրուի  եւ հաւատացեալները իրարու “ՔԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,ՁԵԶ ,ՄԵԶ  ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ ” ըսելով զիրար կ’ողջունեն:Ըստ հնագոյն սովուրութիւններու  փողոցներու ու տուներու մէջ կ’երգուի նաեւ “Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի”, “Այսօր Տօն էՍբ. Ծննդեան” շարականները:
Ճրագալոյցը, ժողովուրդի անուանումով կը կոչուի նաեւ “ԽԹՈՒՄ”: Խթումին աւանդութիւն է նաեւ հայ տան մէջ ճրագ կամ լոյս մը վառուած մնայ, որպէսզի Սբ.Ծննդեան աւետիսը  տարածող մոգերը կարենան այցելել եւ նուէրներ տանել աղքատներուն:

Սովորաբար ,խթումի ընթրիքին հայ տան սեղանին վրայ պատրաստ կ’ըլլան ձուկ,բանջարեղէն,շոմին,հաւկիթ, գինի , որպէս հիմնական աւանդական ուտելիքներ, ինչպէս ,նաեւ զանազան այլ ուտելիքներ:
Յունուար 6 ի Սբ.Ծննդեան Պատարգէն յետոհ կը կատարուի “Ջրօրհնեք” ի արարողութիւն որը,կւ խորհրդանշէ Հորդանան գետի մէջ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը:Սուրբ Խաչով ու Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած  հրաշագործ ջուրը կը բաժնուի ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդի , հոգեւոր ու մարմնական ախտերը բժշկելու նպատակով: Իսկ,Սբ .Ծննդեան յառաջիկայ օրերուն կը կատարուի նաեւ ”Տուն Օրհնեք”ի արարողութիւններ,Սբ.Ծննդեան ու Սբ.Յարութեան տօներէն յետոյ մարդիկ հոգեւորականներւ կը հրաւիրեն իրենց տուն,Աստուածային Օրհնութիւն ստանալու համար:

Սբ.Ծննդեան հանդիսութիւններւ կ’աւարտի Յունուար 13 ին Տիրոջ անունակոչութեան տօնով,որը կը նուիրուի մանուկ Յիսուսի տաճարին ընծայուելու 8 րդ.օրը  թլպատելու եւ անուանակոչուելու յիշատակին:
Ակ: Տրամագիծ
       www.ter-hambarzum.com
Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]

Yorumlar kapatıldı.