İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ 127ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ԲԱԺԱԿԻ ՊԱՀ»ՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս
Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնական Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի անդամներն ու համակիրները այս տարի ալ իրենց սիրելի վարժարանին պատմութիւնը վերապրեցան եւ անոնց հոգիներուն մէջ ծալք առ ծալք բացուեցան իրենց դպրոցական հին օրերու աշխարհը, Կիրակի Դեկտեմբեր 15, 2013ի գիշերը, Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, տօնակատարելով վարժարանին 127րդ ամեակի «Բաժակի Պահ»ը:

OIA OFFICE
Mariette /Secretary
Tel: (818) 342 – 0110
Fax: (818) 342 – 0118

Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս
Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնական Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի անդամներն ու համակիրները այս տարի ալ իրենց սիրելի վարժարանին պատմութիւնը վերապրեցան եւ անոնց հոգիներուն մէջ ծալք առ ծալք բացուեցան իրենց դպրոցական հին օրերու աշխարհը, Կիրակի Դեկտեմբեր 15, 2013ի գիշերը, Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, տօնակատարելով վարժարանին 127րդ ամեակի «Բաժակի Պահ»ը:

Ձեռնարկը հանդիսավարեց Տիար Յակոբ Ծերունեան, բոլորին ողջունելով եւ բարի երեկոյ մաղթելով, նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնելով որ ձեռնարկը հանդիսավարելու պատիւը ընծայուեցաւ իրեն:
Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերներն ու ճաշերը DJ Մհերի մեղմիկ մեղեդիներու ունկնդրութեամբ: Ապա ամպիոն հրաւիրուեցաւ Կեդրոնական Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Աւետիս Թէքօլեանը որ ներկաներուն ծանօթացուց իր Յանձնախումբի անդամները, բարի գալուստ մաղթեց այդ գիշեր ներկայ եղող Միութեան Հոգաբարձութեան Պատուոյ ատենապետ՝ Տիար Կարապետ Ագբուլաթին, Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Մարուքեանին, Հիմնադիր անդամ՝ Տիար Կիւլպէնկ Մովսէսեանին, The Armenian Observer շաբաթաթերթի Տէր եւ Տնօրէն՝ Փրօֆ. Օշին Քէշիշեանին եւ Քոյր յանձնախումբերու ատենապետներուն եւ ատենապետուհիներուն:

Շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգաբարձութեան եւ Գործադիր Յանձնախումբին որոնք սրահը տրամադրեցին այդ գիշեր, հանդիսավար Տիար Ծերունեանին եւ վերջին բաժնով բարի գալուստ մաղթեց նախկին ատենապետներուն՝ Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեանին, Տիար Գրիգոր Սուրիին, Տիար Յակոբ Գալֆային եւ Տիար Սիմոն Աճիլաչօղլուին իրենց ներկայութեան համար:

Ապա հրաւիրեց Միութեան Գործադիր յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Մարուքեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ խօսեցաւ Միութեան մէջ կատարուելիք եւ իրագործուելիք իր ջանքերուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին, որպէսզի այս միութիւնը ըլլայ հայկական ամենափայլուն կեդրոններէն մին:
Հանդիսավարը հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ վարժարանին պիւտճէին, մատակարարներուն եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ ուսանողութեան թիւին մասին:
Ապա ատենապետ Աւետիս Թէքօլեան բացատրութիւն տուաւ թէ յիսուն տարի եւ աւելի շրջանաւարտ եղող անձերուն յիշատակի գիրեր պիտի բաժնուին, հետեւաբար հրաւիրեց երկու հոգի՝ Տեարք Կարպիս Երելէկ եւ Սուրէն Կիւզէլմօրայ,
որոնք ատենապետին ձեռամբ ստացան յիսուն տարի եւ աւելի շրջանաւարտութեան իրենց յիշատակի գիրերը:
Տիար Ծերունեան յայտնեց թէ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանը Պոլսահայ համայնքին մաս կը կազմէ եւ բոլորիս աւանդ ձգուած է նուիրեալ եւ ծառայասէր հայորդիներու կողմէ: Ան հրաւիրեց բոլորը յարգանքի տուրք մատուցանելու Վարժարանին ծառայող հարիւրաւոր անձերուն խնկելի յիշատակին, սկսելով Երջանկայիշատակ Ներսէս Արք. Վարժապետեան Պատրիարքէն, բոլոր հիմնադիրներուն, բարերարներուն, նուիրատուներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, աշակերտ-աշակերտուհիներուն եւ այն բոլոր ծառայող յանձնախումբերուն անդամներուն, որոնք տարիներու ընթացքին մեզմէ անդարձ բաժնուած են:
Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Լիլիա Պարախումբի անդամները խմբային եւ մենապարով:
Հրաւիրուեցան երիցագոյն անդամք՝ Տիար Արամ Տուհանճըօղլուն եւ Կարպիս Երելէկը եւ կրտսերագոյն անդամ՝ Տիար Գառնիկ Օհանեանը եւ բոլորը միասին բաժակները բարձրացնելով գոչեցին «Ապրի՛ Կեդրոնականը, Ապրի՛ Կեդրոնականցին»:
Յանձնախումբի անդամները իրար մօտ գալով հատեցին 127րդ ամեակի կարկանդակը վարժարանին շէնքը խորհրդանշող, պատրաստուած եւ նուիրուած՝ Տիար Ժիրայր Արսլանի դստեր՝ Տիկին Նիրվա Տէմիրի կողմէ: Տեղի ունեցաւ խմբային յիշատակի լուսանկարահանում:
Կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Գիշերը հասաւ իր աւարտին, ակնյայտ էր թէ Կեդրոնական վարժարանը բոլորին անձերուն հարազատ ցոլացումն է, անոնց հոգիներուն մէջ փորագրուած եւ ոչ թէ անուն մը լոկ դուրսէն գրուած:

Yorumlar kapatıldı.