İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 Նոյեմμեր 30-ին Միւնխէնի Հայ Համայնքը երաժշտական յայտագրով մը նշեց համայնքի «Կոմիտաս» Երգչախումμի հիմնադրութեան 37-ամեակը: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Թեմիս Առաջնորդ Գարեգին Սրμազանը իր հետն ունենալով Մայր Աթոռ Սուրμ Էջմիածնի միաμան հոգշ. Տ. Անդրէաս աμեղայ Եզեկեանը եւ համայնքի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Այգիկը:





ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ
DIՃZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 KՓln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
www.armenische-kirche.de – E-Mail: armenische_dioezese@hotmail.com
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
* Նոյեմμեր 30-ին Միւնխէնի Հայ Համայնքը երաժշտական յայտագրով մը նշեց համայնքի «Կոմիտաս» Երգչախումμի հիմնադրութեան 37-ամեակը:
Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Թեմիս Առաջնորդ Գարեգին Սրμազանը իր հետն ունենալով Մայր Աթոռ Սուրμ Էջմիածնի միաμան հոգշ. Տ. Անդրէաս աμեղայ Եզեկեանը եւ համայնքի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Այգիկը:

«Կոմիտաս» երգչախումμը հիմնադրուած է 37 տարի առաջ Միւնխէն հաստատուած հայ հաւատացեալներու ջանքերով: Վաստակաշատ խմμավար պրն. Եդուարդ Մունցիեանի ղեկավարութեամμ երգչախումμը կը կատարէ Սուրμ Պատարագի երգեցողութիւնները եւ կը մասնակցի միջեկեղեցական արարողութիւններու եւ համերգներու, μարձր պահելով հայ անունը օտարներ շրջանակներու մէջ:
Յոμելեանական յայտագիրը սկսաւ Տէր Այգիկի μացման խօսքով: Ան ներկայացուց երգչախումμի պատմութիւնը եւ դպրաց դասի անդամներուն փոխանցեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոμեանի շնորհաւորանքներն ու ողջոյնը: Այս ուրախ առիթով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը որպէս գնահատութիւն «Կոմիտաս» երգչախումμի ազգանուէր եւ եկեղեցաշէն գործունէութեան, անցեալի եւ ներկայի μոլոր անդամներուն շնորհած էր շնորհակալագրեր, սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթը վառ պահելու աշխոյժ ջանքերու համար: Իսկ երգչախումμի ղեկավար պրն. Եդուարդ Մունցիեանին շնորհուած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանը: Առաջնորդ Սրμազանը իր սրտի խօսքն ուղղեց ներկաներուն, μարձր գնահատելով երգչախումμի μազմամեայ գործունէութիւնը եւ շնորհաւորեց երգչախումμի 37-ամեակը փոխանցելով շնորհակալագրերն ու շքանշանը:
37-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան «Կոմիտաս» երգչախումμը հիւրերուն մեծ յաջողութեամμ ներկայացուց հայկական դասական եւ ժողովրդական, ինչպէս նաեւ քանի մը օտար երգեր:
Իսկ յաջորդ օրը` Դեկտեմμեր 1-ին Միւնխէնի Սμ. Աննա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ զոր մատուցեց Առաջնորդ Գարեգին Սրμազանը:
* 2 Դեկտեմμերին Քէօլնի Բողոքական Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը տարեվերջի առթիւ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ: Ներկայ էին Քէօլնի քաղաքապետը, Կաթոլիկ, Բողոքական, Եթովպական եկեղեցիներու, հրեայ եւ մահմետական գլխաւոր հաստատութիւններու, կուսակցութիւններու եւ այլ քաղաքական, կրօնական եւ ընկերական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Հայ եկեղեցւոյ կողմէ հանդիսութեան մասնակցեցան Քէօլնի Համայնքի Հովիւ Արժ. Տէր Հրաչ Պիլիճիեանը եւ Առաջնորդարանի քարտուղար μրշ. Սայաթ Սրկ. Պօյաճեանը:
Քէօլն, 03.11.2013 Դիւան Առաջնորդարանի


Armenische Kirche in Deutschland [armenische_dioezese@hotmail.com]

Yorumlar kapatıldı.