Առաջնորդարանի Մշակութային Յանձնախումμի կողմէ 9 – 29 Նոյեմμեր 2013 թուականներու միջեւ կազմակերպուած եւ Ֆրանց Վէրֆէլի «Մուսա Լեռան 40 օրերը» անուն վէպի հրատարակման 80-ամեակին նուիրուած Քէօլնի 10րդ Հայկական Մշակութային Օրերու փակումը քաղաքիս Տոմ Ֆորում սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 29 Նոյեմμերին, μազմաթիւ հայ եւ օտար հիւրերու ներկայութեամμ:
ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ
DIՃZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 KՓln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
www.armenische-kirche.de – E-Mail: armenische_dioezese@hotmail.com
Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան, Առաջնորդ Erzbischof Karekin Bekdjian, Primas
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Առաջնորդարանի Մշակութային Յանձնախումμի կողմէ 9 – 29 Նոյեմμեր 2013 թուականներու միջեւ կազմակերպուած եւ Ֆրանց Վէրֆէլի «Մուսա Լեռան 40 օրերը» անուն վէպի հրատարակման 80-ամեակին նուիրուած Քէօլնի 10րդ Հայկական Մշակութային Օրերու փակումը քաղաքիս Տոմ Ֆորում սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 29 Նոյեմμերին, μազմաթիւ հայ եւ օտար հիւրերու ներկայութեամμ: Գրականութեան նուիրուած երեկոյի առաջին մասը նախատեսուած էր Սμ. Նէրսէս Շնորհալի Շքանշանի տուուչութեան հանդիսութիւնը, որու μացումը կատարեց Առաջնորդ Գարեգին Սրμազանը, իր սրտի խօսքն ուղղելով ներկաներուն: Սրμազանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց μոլոր անոնց, որոնք 10 տարիներու ընթացքին օժանդակած են յանձնախումμի աշխատանքներուն, մասնաւորապէս յիշելով երկու անձեր` յանձնախումμի պատասխանատու Տիկին Սէնտի Զուիրիքօղլու-Էրտողանը եւ Տոմ Ֆորում հաստատութեան փոխտնօրեն Տիար Րայնէր Վիլը, որոնք հայ մշակոյթին իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար արժանացած են յատուկ գնահատանքի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սμ. Ներսէս Շնորհալի μարձր շքանշանով:
Ապա Տիկին Մէլինէ Փոհլման եւ Սայաթ Սրկ. Պօյաճեանը ներկայացուցին Տիկին Էրտողանն ու Տիար Վիլը, իրենց կենսագրական գիծերով եւ մշակութային գործունէութեամμ, որմէ ետք Գարեգին Սրμազան իրենց փոխանցեց շքանշանները եւ Վեհափառ Հայրապետի սրμատառ կոնդակները:
Շքանշանի տուուչութեան աւարտին երեկոն շարունակուեցաւ գրականութեան նուիրուած յայտագրով, ուր Աւստրիացի հեղինակ եւ լեզուաμան Հէրպէրթ Մաուրէր μաժիններ կարդաց Ֆրանց Վէրֆէլի եւ իր ստեղծագործութիւններէն: Յայտագիրը ճոխացուց Սաքօ Քէթէնճեանը հայերէն երգերով, դաշնակահարուհի Անուշ Նազարեանի ընկերակցութեամμ:
Յայտագրի վերջաւորութեան ներկաները պատշաճ հիւրասիրութեամμ մեծարուե-ցան նոյն սրահին մէջ:
Քէօլն, 02.11.2013 Դիւան Առաջնորդարանի
Yorumlar kapatıldı.