İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԻՍՆԱԿ –(Advent)

Ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ  2013 տարուոյ օրացոյցի <<Յիսնակի>> պահոց շրջանը կը սկսի 17 նոյեմբեր կիրակի օր: Այս շրջանը Արեւմտեան եկեղեցիներու լեզուով  կ’անուանուի Advent-ի շրջան: Եօթը շաբթուայ, յիսուն օրուայ այս պահքի շրջանի վերջին շաբաթը կը կոչուի Սուրբ Ծննդեան Պահք: Յիսնակի Պահքի  շրջանն ալ Մեծ պահոց շրջանի նման ինքնամաքրման, աղօթքի ու խոկման ընթացք է: 

Երբ , ինչպէս~  Մեծ Պահքի շրջանին մենք, մեզի ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս կը պատրաստենք Քրիստոսի հրաշափառ  Յարութեան, նոյնպէս ալ  յիսնակի պահոց շրջանին նոյն ոգեւորութեամբ հարկ է պատրաստուիլ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեանը: Այս շրջանն իր լրումին կը հասնի Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագով եւ ջրօրհնենքի  պատարագով, որը կը նուիրուի Քրիստոսի Մկրտութեան ու Աստուածայայտնութեան:
Եօթը շաբթուայ յիսնակի շրջանի ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուայ շաբաթ օրը  կիրակամուտին շարականներու երգեցեղութեամբ եւ աղօթքով  մանիշակագոյն  նոր մոմ մը կը վառուի: Ըստ աւանդութեան, մանիշակագոյնը կը համարուի որպէս պաշտամունքի, վեհ զգացումներու եւ յուզումներու գոյն, որը անհատին խորհուրդաւոր զօրութիւն եւ վեհութիւն կը ներշնչէ: Մոմավառութիւնը կը խորհդանշէ յաւիտենականութիւն, կեանքի շարուակութիւնը:
Մոմավառութիւնը  նախաքրիստոնէական շրջանին կը խորհդանշէր պաշտամունք եւ աղօրք, իսկ Քրիստոնէութեան շրջանին կը  խորհդանշէ Յիսուս Քրիստոսի անմահութիւնը եւ մեր հաւատքի լոյսը: Քրիստոնէական ըմբռնումով, այրող մոմի լոյսը կը նոյնանայ Քրիստոսի լոյսով: Ինչպէս որ մոմը վառելով կը լուսաւորէ իր շրջապատը, այնպէս ալ Քրիստոս Աւետարանի փրկարար լոյսով կը լուսաւորէ  մարդկանց  խաւար սրտերը ու մեզ կը դարձնէ երկնային լոյսի ժառանգորդները:
Յիսնակի չորրորդ շաբաթին երբ որ եօթը մոմերէն չորրորդը կը վառենք, այս շրջանը կը կոչենք <<Յիսնակի Միջինք>>, այսինքն միջինքի յաջորդող երեք շաբաթներու վերջաւորութեան կը հասնինք  Սուրբ Ծննդեան տօնի: Յիսնակի միջինքի շաբաթով մուտք կը գործենք <<Սուրբ Յակոբ>>ի պահքի  շաբթուայ շրջանին, որուն կիրակի օրը Սուրբ Յակոբի տօնն է:
Յիսնակի շրջանը կը լրանայ,Սուրբ Ծննդեան նախօրեակ շաբաթ  օր  կիրակամուտին աղօթքներով եւ  մանիշակագոյն վերջին մոմը, այսինքն եօթներրորդ մանիշակագոյն մոմը  եւ անոնց մէջտեղի ճերմակ մոմը վառելով:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]

Yorumlar kapatıldı.