İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ռաքէլ Տինք ՝ «Հրանդի ճամբան պիտի շարունակենք»

Սագօ Արեան

Հրանդ Տինքի ճանապարհը 

Ամբողջ պատմութեան մը, պայքարի , օրհասի մը  կրողն է խօսակիցս: Ռաքէլ Տինք:

Ամբողջ Թուրքիոյ համար վաւերական դարձած  Հրանդ Տինքի այրին   այս անգամ  Երեւան   եկած էր Հրանդ Տինքի անունով վերակոչուած դպրոցի բացման հանդիսութեան ներկայ ըլլալու համար:

Խաղաղ, ինքնավստահ, բայց մանաւանդ սիրով ու բարութեամբ լեցուն աչքեր ունեցող այս տիկինը,   ցաւի, մորմոքի,  վիշտի, բողոքի, տեսիլքի եւ ապագայի մասին խօսեցաւ:

Բայց ամէնէն  կարեւորն այն  էր,  որ անոր մօտ Հրանդի գծած ուղիէն շարունակել քալելու կամքն է,  որ հարցազրոյցի ամբողջ տեւողութեան  կարմիր թելի պէս կ’երեւի, սակայն առանց բարկութեան,  առանց ոխի եւ մանաւանդ՝  դիմացինը լսելու ցանկութեամբ:

Պոլսահայ  տիկինը քանիցս նաեւ շեշտեց, որ ինք ճառախօս մը չէ:  Տիկին Ռաքէլ հաստատեց,   որ Հրանդ Տինքի  մահը  նոր էջ մը բացաւ  յատկապէս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայերուն համար .

«Իրմէ աւելի մեծ գործ տեսաւ  իր մահը» ըսաւ Ռաքէլ Տինք եւ շարունակեց՝ «Թուրքերն ու քիւրտերը որոշ շարժումի մը մէջ  յայտնուեցան:  Ամէն օր իսլամացուած- թրքացուած   հայեր իրենց պատմութիւները կը ղրկեն մեզի»:

 Ան նաեւ  կը յայտնէ , որ դրական ինչ որ տեղաշարժ  կայ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ , բայց նաեւ իրավիճակը ներկայացնելով ըսաւ թէ տակաւին պարզ չէ  թէ ինչ տոկոսային համեմատութեան  վրայ  ազդեցութիւն ունեցած են այս դէպքերը: Ըստ անոր՝  «Մարդիկ սկսած են իրենց անցեալը փնտռել ու  քաջութիւն մը մէջտեղ եկած  է: Անոնք   սկսած են չվախնալ իրենց անցեալէն: Տակաւին  շատեր իրենց նախնիներուն կրօնքը փնտռելու եւ  գտնելու, ճանչնալու  ու  սորվելու ճիգին մէջ են: Նոյն այս իրականութեան շրջագիծին մէջ պէտք է   դնել օրինակ Տիարպէքիրի  (Տիգրանակերտ)  մէջ   հայերէնի յատուկ դասընթացքի մը գոյութիւնը, որ այսօր   հիմնուած է    տեղւոյն քաղաքապետարանին  հովանաւորութեամբ»: Տիկին Ռաքէլ չի մոռնար մատնանշելու,  թէ  Թուրքիոյ մէջ  այս ամբողջ ընթացքը  կը պահանջէ  անկոտրում կամք:

Հրանդէն վերջ եւ Հրանդէն առաջ 

«Հրանդէն յետոյ սկսան ազատ խօսիլ ու ատոր համար Թուրքիոյ մէջ շատ մը պատկերասփռուած յայտագրերու  ընթացքին (Talk Show) մարդիկ սկսած են  օտագործել   Հրանդէն  առաջ ու Հրանդէն վերջ դարձուածքները: Շատեր կը փորձեն դէպի անցեալ դառնալ»,-  կ’ըսէ  ան՝ նկատել տալով,  որ շատեր սկսան  իրենց  զաւակները հայերէն սորուելու  մղել:

Այս բոլորը,  ըստ իրեն,  կ’ենթադրէ   պայքար,  քաջութիւն եւ կամք,  որովհետեւ անոր ըսելով այն անձը,   որ  այսօրուան Թուրքիոյ մէջ  կ’ուզէ իր արմատներուն վերադառնալ,   որոշ ճիգ մը պէտք է ընէ:

Պատասխանելով Թուրքիա  ապրող հայաստանցիներու մասին հարցին՝   Տինք կ’ըսէ՝«Ես չեմ կարծեր, թէ այն հայերը, որ  հեռացած են Հայաստանէն,  ուրախութեամբ դիմած են այդ քայլին»: Ու նոյնիսկ  կը մերժէ իմ «լքել» օգտագործած բառս ըսելով, թէ անոնք ոչ թէ լքած են այլ ստիպողաբար հեռացած.  «Անոնք Հայաստանէն հեռացած են պայմաններու բերումով,  ու ես Պոլիս ապրող շատ  մը  հայաստանցիներու աչքերուն մէջ տեսած եմ կարօտ: Անոնք բոլորն ալ իրենց մայրենի հողին կարօտն ունին: Միշտ կուզեն,  որ  Հայաստանը աւելի լաւ վիճակներու մէջ յայտնուի,  որ իրենք ալ շուտով վերադառնան»:

Ոխը ճանապարհ չունի 

Խօսելով Հրանդ Տինքի  սպաննութիւնէն ետք տեղի ունեցող խմորումներուն ու յատկապէս հայաշխարհի մէջ  արձանագրուած  ընդհանուր իրավիճակին մասին՝ խօսակիցս ըսաւ՝ «Հրանդի մահէն ետք կը կարծեմ,  որ  շատեր ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ  սկսան Հրանդի աչքերով նայիլ  հայութեան խնդիրներուն: Ու նաեւ ճիշդ չէ ըսել,  որ  Հրանդի  սպաննութիւնէն ետք սփիւռքի կամ Հայաստանի մէջ ատելութեան  նոր ուղի մը բացուեցաւ թուրքերուն հանդէպ: Եթէ եղան բողոքի ելոյթներ,  ապա այդ  մէկը բնական էր,   ու ատիկա  միայն բարկութեան մը արդիւնքն էր: Իմ կարծիքովս ոխը նոր  սխալներու կ’առաջնորդէ,  ու նոյն ոխը որ  կրնայ Հրանդի սպաննութեան հետեւանք  ըլլալ,  պէտք չէ  որ յաղթէ մեր  կամքին»:

 Խօսելով Հրանդ Տինքի սպաննութեան գործը քննող դատական գործընթացին   մասին՝  Ռաքէլ Տինք յստակեցուց,  թէ ինչ պատճառներով իրենք (Տինք ընտանիքը- Ս. Ա.) որոշեցին ընդհանրապէս քաշուիլ   դատավարութեան  ամբողջ ընթացքէն:

Այս առումով ան ըսաւ՝

«Զարմանալի էր, որ դատարանը սպաննութեան գործին հետ կապ ունեցող անձերուն հետ ոչ մէկ քննութիւն բացաւ:  Հրանդի սպաննութեան գործը  մեծ  ցանցի մը աշխատանքն էր,  որուն  գործադրութեան համար շատեր աչք խփեցին ու թոյլ տուին,  որ այդ սպաննութիւնը կատարուի: Այդ ամբողջ գործընթացին հետ կապ ունեցող մարդոց  Թուրքիոյ կառավարութիւնը  աւելի բարձր պաշտօններ տուաւ ու   ձեւով մը «վարձատրեց: Արդէն վեց տարի  դատարանը ոչ մէկ լուրջ յետաքննութիւն ըրաւ եւ  նոյնիսկ կառավարութեան վարչապետին կամ նախագահին   կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրները  քննութեան չդրուեցան: Ըսեմ որ այդ տեղեղագիրներուն մէջ նշուած է,  թէ ոճիրը նախապատրաստուած աշխատանք էր  ու նաեւ հոն կը նշուի,  թէ քանի- քանի պաշտօնեաներ կամ ոստիկաններ սպաննութեան օրը  իրենց ըլլալիք  տեղը չեն եղած  ու այդպիսով ճանապարհ բացած,  որ ոճրագործը հասնի  դէպքին վայրը  եւ սպաննէ Հրանդը:Այս տարիներու ամբողջ երկայնքին  դատական մարմինը կը փորձէր ըսել,  որ  սպաննութեան գործը  նախապատրաստուած չէր: Ու նոյնիսկ տեղ մը մեզի   ճիգ կ’ընէր բացատրելու,   որ Հրանդ Տինք ողջ է տակաւին ու սպաննուած չէ:Մենք ալ բնաւ պիտի չուզէինք խաղալիք դառնալ դատարանին ձեռքը: Նոյնիսկ առաջին շրջանին դատարանին կողմէ դէպքին հետ կապ ունեցող  վկաները չներկայացուեցան դատարան:Ոճիրին օրը  եղած դէպքը այդքան ալ կարեւոր չէր,  ինչքան նախքան սպաննութեան ամբողջ գործընթացը:» 

 «Հրանդ՝  կամ  սիրէ … կամ գնա՛»

Տիկին Տինք  պատմեց նաեւ, թէ  ինչպէս անծանօթներ 2004 թուականին եկան  «Ակօս»ի շէնքի  դրան մօտ ու սեւ ծաղկեպսակ դրին  դռան առջեւ,-«Սա արդէն կը նշանակէր,  որ իրենք վճռած էին որ պիտի սպաննեն Հրանդը ու բնաւ չեմ մոռնար,   թէ ինչպէս կը վանկարկէին  «Հրանդ դուն մեր թիրախն ես», «Կամ սիրէ կամ գնայ», «Գիշեր  մը ձեր դուռը պիտի զարնենք», եւ այլ լոզունգներ: Ուրեմն  այս ամբողջ գործընթացին կարեւորագոյն մասը սպաննութիւնէն առաջ  երեւցած    արարքներն էին,  ու պարզ էր արդէն,  որ Հրանդ կը հետապնդուէր սակայն այս բոլորով  հանդերձ  պետական ապահովական մարմինները  բնաւ չհետաքրքրուեցան    անոր անվտանգութեամբ:»

Ռաքէլ Տինք նաեւ յայտնեց, թէ այդ հաւաքներուն մասնակցած անձերուն նկարները  ամբողջութեամբ ներկայացուած  էին   դատարանին,  բայց իշխանութիւնները  ոչ-ինչ ըրին որպէսզի այդ անունները բացայայտուին. «Իմ կարծիքով    այդ անուններուն բացայայտումը կապ ունի այն պետական մտածողութեան հետ որուն արմատները շատ խոր են եւ որոնց տակ թաքնուած է  նաեւ    ցեղասպանութիւնը իրականացուցած պետական  վարչամեքենային իրական ուղեղը»:

 Հարցումիս, թէ ինք Հրանդին հետ բնաւ  արծարծա՞ծ է Թուրքիայէն հեռանալու հարցը խօսակիցս ըսաւ՝ «Այո,   այդ հարցը քննարկած ենք,  բայց Հրանդը ուր ալ երթար,    պիտի պայքարէր   անարդարութեան  դէմ»: Ու կը յաւելէ, թէ  նոյնիսկ Հրանդին համար դժուար պիտի ըլլար Հայաստան հաստատուիլ,  որովհետեւ պիտի չհանդուրժէր տեղի ունեցող անարդարութիւններուն:  Ռաքէլ Տինք նոյնը  ըսաւ  Տինքի փաստաբան  Ֆէթհիյէ Չէթինին մասին,  որ նոյն կերպ  կը հաւատայ,  թէ դատարանը ամէն ինչ ըրաւ,  որպէսզի Հրանդի սպաննութեան իրական պատճառերն ու գործին պատուիրատուները չբացայայտուին:

«Հրանդ Տինք  հիմնարկ»

Տիկին Տինք «Հրանդ Տինք հիմնարկ»ի կատարած աշխատանքներուն մասին խօսելով  նկատել տուաւ, որ  իրենց  առաքելութեան ծիրին մէջ  կ’իյնայ  մասնագիտական  համաժողովներ կատարելը  եւ այս  առումով յատկանշականօրէն Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններուն նուիրուած հանդիպումները,(որոնց կը մասնակցին հայ, քիւրտ եւ թուրք մասնագէտներ) տեղի կ’ունենան այդ շրջաններուն մէջ (այս առումով ան օրինակ մը տալով ըսաւ,  թէ Մարտին շրջանին նուիրուած համաժողովը կայացաւ անցեալ տարի Մարտինի մէջ:

Ան նաեւ ըսաւ,  որ յաճախ պատահած է,  որ այս հաւաքներուն ընթացքին  թուրքեր կը մօտենան ու յանցաւորի զգացումներով կը խօսին  անցած  դէպքերուն մասին: Այս առումով յիշեց՝  «Երկու  երիտասարդ Թուրք մօտեցան ինծի Մարտինի մէջ    եւ խօսեցան յանցաւորի դիրքերէ,  ու ես պատասխանեցի, թէ մենք  միտումով չէ, որ այս ամէն ինչին մասին խօսեցանք,  բայց քաջութիւն է պէտք, որ միասին խօսինք այս տխուր դէպքերուն մասին ու օրինակ տալով ըսի,  թէ օրինակ,  եթէ իմ հայրը մեղադրեալ մը ըլլայ,  ես մինչեւ ե՞րբ կրնամ պահել այդ մեղքը»:

Այս առումով  Ռաքէլ Տինք  կարեւոր համարեց պատմութեան դիմաց կանգնելու խնդիրը  եւ  աւելցուց.  «Հրանդ կ’ըսէր, որ  պէտք է սորվիլ պատմութեան դիմաց կանգնիլ ու կերպով մը  առերեսուիլ պատմութեան հետ»: Ռաքէլ Տինք նաեւ նկատել տուաւ,  որ այս տարուան  համագումարը նուիրուած է իսլամացուած հայերու կարեւոր թեմային: Ու այս մասին խօսելով ան նկատել տուաւ, որ այդ  հայերը արժանի  են ուշադրութեան,  որովհետեւ կամքէ անկախ պատճառներով Իսլամութիւնը ընդունած են: Անոնց հայու ինքնութեան մասին ոչ ոք կրնայ ըսելիք ունենալ,  որովհետեւ   իրենք էութեամբ կը զգան, որ հայ են:

«Կոմիտասի չխելագարեցաւ այլ … լռեց» 

«Կոմիտաս վարդապետ  քսան-չորս Ապրիլի դէպքերէն յետոյ  ոչ  թէ խելագարեցաւ,  այլ լռեց:Այդ դէպքերէն ետք Կոմիտասին համար բոլոր սահմանները զանցուեցան, նոյնիսկ շրթունքները կղպուեցան, շուարումէն, զարմանքէն, եւ այդ աղէտալի դէպքերէն շշմած մնալէն»: Ու կ’աւելցնէ. «Թէ երբ դատարանը որոշում կայացուց,  որ  Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը ծրագրաւորեալ չէր,   մենք բոլորս լռեցինք: Ու միտքս այն ատեն էր,  որ սեւեռեցաւ Կոմիտաս վարդապետին վրայ»:

Ու աւելցուց.  «Մինչեւ մեծ Եղեռնի դէպքերը Կոմիտաս ամբողջ Թուրքիոյ մէջ յարգուած, կարեւոր, կրօնական  ու մշակութային  գործիչ մըն էր ու անոր շփումներն ու կապերը թուրքիոյ վերնախաւին հետ էին: Ան  նոյնիսկ կրնար  հանդիպիլ  թուրք այնպիսի պաշտօնեաներու հետ, որոնց հետ  հանդիպումը   այդքան ալ հեշտ չէ նոյնիսկ  թուրքերուն համար: Բայց տեղի ունեցած տառապանքին եւ ահաւորութեան   դիմաց Կոմիտաս լռեց: Մենք  ալ այդ վիճակին մէջ  ենք  շուարումէն, զարմանքէն ու շփոթէն: Վերադառնալով Կոմիտասին ըսեմ որ իր լռութիւնը մենք չկրցանք կամ չուզեցինք հասկնալ ու   նոյնիսկ զինք խելագարութեան  հասած մէկը ուզեցինք նկատել:Մենք բոլորս գիտէինք, որ դատարանը կրնար նման որոշումի մը յանգիլ բայց ուզեցինք հաւատալ,   ուզեցինք յոյսին խաբուիլ որ ինչ որ բան պիտի փոխուի բայց ափսոս …. (երկար լռութիւն) յոյս ունենալ ուզեցինք, ուզեցինք սպասել, ուզեցինք, որ  այս  դէպքերը  եւ Հրանդի սպաննութեամբ սկիզբ առած ընդհանուր գործընթացը առիթ մը պիտի ըլլայ,   որ հայ եւ թուրք ժողովուրդները այս դատին մէջէն նոր  ճամբայ մը գտնեն:Մենք մեր սրտին մէջ եղող   ոչ ոխին եւ  ոչ  ալ բարկութեան  տեղ տուինք…  բայց անօգուտ …»:

Ռաքէլ Տինք,  շարունակելով իր խօսքը,  նկատել տուաւ. «Հրանդը  այդպէս կուզէր,  այդ ամէն ինչը Հրանդի պայքարն էր:Կեանքի պայքարն էր այս ամէն ինչը ու այս բոլորին մասին ես  Հրանդի յուղարակաւորութեան օրը իմ կարդացած ՛Նամակ սիրեցեալիս՛ նամակին մէջ  անդրադարձած եմ  ու  մահուան ընդմէջմէն, Հրանդի սպաննութեան ընդմէջէն ես յոյսի պատուհան մը ուզեցի տեսնել:  Հրանդի մահը մեզի կեանք տալու կոչուած էր,  ու ես  անոր մահուան դէպքին մէջէն   կեանքի     վերանորոգման Քրիստոնէական իմաստ մը կը տեսնեմ:»

Ելեքդրականացած  Թուրքիա

Ռաքէլ Տինք մեր  զրոյցի  վերջին բաժնով  անդրադառնալով Հրանդի սպաննութեան օրուան,  ըսաւ՝ «Այդ օր  ամբողջ Թուրքիան   ցնցում մը    ապրեցաւ ու այդ ցնցումը մինչեւ օրս կը շարունակուի,  եւ ես վստահ եմ, որ ամէն տեղ,  ուր հայ կայ,  այդ ցնցումը տարածուեցաւ: Ճիշդ ինչպէս քար մը կը նետես ծովու ափին,   որմէ ետք ալիքները կը շարունակուին…

Մարդիկ մինչեւ  օրս կը կրեն այդ յուզումը,   եւ յաճախ փողոցին մէջ կը հանդիպիմ  մարդոց,  որոնք  կը մօտենան ու կ’ըսեն՝  Տիկին   Ռաքէլ,  ներեցէք մեզի…

Կը յիշեմ նաեւ,  թէ ինչպէս Փարիզի օդակայանին  մէջ,   երբ պայուսակներս կը սպասէի,    երկու  թրքուհի մօտեցան   եւ  ըսին՝ ի՞նչ կ’ըլլաք,  Տիկին Ռաքէլ, մի լքէք Թուրքիան:

Ճիշդ է՝  ամբողջ Թուրքիան այսպէս չի մտածեր,  բայց եւ այնպէս այս օրինակները շատ   կարեւոր են, ու  կը հաւատամ որ դեռ երկար ճանապարհ ունինք կտրելիք:»

https://hetq.am/hy/article/31008?fbclid=IwAR3dfysR5EyIscG_FEUZPBDuTWzq7SrhFSEO0uBCE3q-qULGPAjAWpBnpyM

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın