İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊՏՈՅՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԲԱՌԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Լոյս Տեսաւ Շարքին Չորրորդ Հատորն Ալ. Մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան հրատարակեց ու ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրաւ «Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ» շարքի չորրորդ հատորը։ Այս շարքն ալ, ինչպէս նախորդ պտոյտը որ տասը լման հատորներով կատարուած էր «Հայոց գրականութեան քուլիսներուն մէջ», արժանացած է ընթերցողներու ջերմ ընդունելութեան։
« ՄԱՐՄԱՐԱ »

Մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան հրատարակեց ու ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրաւ «Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ» շարքի չորրորդ հատորը։ Այս շարքն ալ, ինչպէս նախորդ պտոյտը որ տասը լման հատորներով կատարուած էր «Հայոց գրականութեան քուլիսներուն մէջ», արժանացած է ընթերցողներու ջերմ ընդունելութեան։
Հրատարակուած չորրորդ հատորը, մօտաւորապէս 310 էջ, կ’ընդգրկէ շարքին 246րդ յօդուածէն մինչեւ 325րդ յօդուածը, որոնք Մարմարայի մէջ հրատարակուած էին 2013 թուականի Մարտէն սկսեալ մինչեւ 30 Յուլիս 2013։
Այս հատորին նախաբանին մէջ հեղինակը կ’անդրադառնայ այն նոր հորիզոններուն որոնք կը բացուին այս պտոյտի ընթացքին։ «Երբ կը ձեռնարկէինք մեր բառարաններուն մէջ այսպիսի պտոյտի մը, չէինք մտածեր որ  այս պտոյտը կրնայ այսքան երկար տեւել  եւ կրնայ այսքան հետաքրքրական հորիզոններ բանալ մեր առջեւ» կը գրէ Ռ. Հատտէճեան, որ կ’աւելցնէ.
«Կը բաւէ որ մենք չխրտչինք այս նոր հորիզոններուն անսահմանութենէն եւ իր մայրենիին հանդէպ պաշտամունք ունեցող մարդու  սիրով  շարունակենք  նայիլ դէպի այդ հորիզոնները։ Ա՛յդ է որ կ’ընենք մեր տկար ուժերով, բայց անսասան կամքով»։
Այս չորրորդ հատորն ալ, ինչպէս նախորդները, տպուած է Արի Հատտէճեանի կողմէ պատրաստուած գեղեցիկ կողքի մը տակ Մարմարա-ի Մուրատ Օֆսէթ Տպարանէն։

Yorumlar kapatıldı.