İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

ՍԴՀԿ Մամլոյ եւ Տեղեկատուութեան Դիւանը կը հաղորդէ.- Հինգշաμթի, 7 Նոյեմμեր 2013-ին, Պոլսոյ մէջ ,Կանաչներ եւ Ձախ Ապագայե կուսակցութեան մէկ յանձնախումμը ժողով մը գումարած է ասնակցութեամμ տարμեր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ,Պատմութեան Հետ Առերեսումե վերնագրին տակ, քննարկելու մինչեւ 2015 թուականը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ տարուելիք աշխատանքներն ու ձեռնարկները: Այս ժողովին մասնակցելու հրաւէր ստացաւ Ս. Դ. Հ. Կուսակցութիւնը:

Այս ուղղութեամμ, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան արտաքին յարաμերութիւններու մարմինը ժողովականներուն յղեց հետեւեալ նամակը.
Յարգելի μարեկամներ, Իմացանք որ Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ, Պատմութեան Հետ Առերեսումե վերնագրին տակ ժողով մը, կազմակերպութեամμ ,Կանաչներ եւ Ձախ Ապագայե կուսակցութեան:
Այս առիթով մեր կածիքը այն է, որ պատմական դէպքերը մոռացութեան մատնելը կամ զանոնք չճանչնալ ձեւացնելը սխալ μաներ են: Պատմութեան պէտք է նայիլ μաց աչքերով: Մեր ընդհանուր պատմութեան մէջ ամենամեծ ցաւ պատճառած աղէտներէն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը,
որուն հարիւրամեակին սեմին ենք այսօր:
Դատապարտել եւ ընդունիլ սեփական սխալը, զայն լսելի դարձնել հանրութեան՝ յարիր է միայն համամարդկային μարձր գիտակցութեամμ օժտուած մարդոց:
Այս ելակէտէն մեկնած, ,Պատմութեան Հետ Առերեսումե վերնագրին տակ գումարուող ժողովը եւ անոր որոշելիք ձեռնարկները, մուտք մըն են դէպի անցեալի սխալները չկրկնելու, ժողովուր դներու μարեկամութեան եւ տարածաշրջանին մէջ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հիմնելու նպատակին: Մենք ձեռք կը մեկնենք Ձեզի եւ կþողջունենք Ձեր նախաձեռնութիւնները՝ համագործակցութ եան մաղթանքներովե:
Ժողովի աւարտին, որոշուած է տարμեր ձախ կուսակցութիւններ ընդգրկող Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) մասնակցութեամμ ընդլայնուած ժողով մը գումարել եւ աւելի զարգացնել աշխատանքներու ծաւալը: Միտքեր յայտնուած են Հայաստանի մէջ մասնակց ելու Ցեղասպանութեան նուիրուած միջոցառումներուն, իսկ Գերմանիոյ մէջ ձախակողմեան թուրք երու հետ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ոգեկոչման ուղղութեամμ աշխատանքներ տանելու: Իմացանք նաեւ որ Նոյեմμերի 30-ին ,Կանաչներ եւ Ձախ Ապագայե կուսակցութեան համագումարը տեղի պիտի ունենայ Անգարայի մէջ, որուն հրաւիրուած է ՍԴՀԿ-ը:
Յիշեցնենք որ այս տարուան Յունիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած 20-ներու ոգեկոչման ձեռն արկներուն իր զգալի մասնակցութիւնը μերած էր ,Կանաչներ եւ Ձախ Ապագայե կուսակցութիւնը:
LOUSSAPATZ 1008-2013-11-16
Loussapatz The Dawn [loussapatz.g@gmail.com]

Yorumlar kapatıldı.