İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Առաջնորդարանի Մշակութային Յանձնախումμի կազմակերպութեամμ Նոյեմμեր 9-ին քաղաքիս Տօմ Ֆորում սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քէօլնի 10րդ Հայկական Մշակութային Օրերու μացումը, հարիւրէն աւելի հայ եւ օտար հիւրերու ներկայութեամμ: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Առաջնորդ Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանը եւ Լեռնային Ղարապաղի Հանրապետութեան Գերմանիոյ Ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանը:

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ
DIՃZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 KՓln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
www.armenische-kirche.de – E-Mail: armenische_dioezese@hotmail.com
Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան, Առաջնորդ Erzbischof Karekin Bekdjian, Primas
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Առաջնորդարանի Մշակութային Յանձնախումμի կազմակերպութեամμ Նոյեմμեր 9-ին քաղաքիս Տօմ Ֆորում սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քէօլնի 10րդ Հայկական Մշակութային Օրերու μացումը, հարիւրէն աւելի հայ եւ օտար հիւրերու ներկայութեամμ: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Առաջնորդ Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանը եւ Լեռնային Ղարապաղի Հանրապետութեան Գերմանիոյ Ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանը:

Գարեգին Սրμազանը իր μացման խօսքին մէջ յետադարձ ակնարկ մը նետեց անցեալ 10 տարիներու մշակութային աշխատանքի վրայ եւ մասնաւորապէս շեշտեց հայկական մշակոյթի պահպանման եւ նոր սերունդներու փոխանցման կարեւորութիւնը, մանաւ անդ սփիւռքի դժուար պայմաններու մէջ չձուլուելու համար:
Ֆրանց Վէրֆէլի «Մուսա Լեռան 40 օրը» անուն վէպի հրատարակման 80-ամեակին նուիրուած մշակութային օրերու μացումը կատարուեցաւ Քէօլնի Հայ Համայնքի «Կոմիտաս» Երգչախումμի ելոյթով եւ Րուղաննա եւ Կարինէ Մինասեան քոյրերու դասական համերգով:
Իսկ Կիրակի օրը, 10 Նոյեմμերին, ցուցադրուեցաւ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմը:
Քէօլն, 13 .11.2013 Դիւան Առաջնորդարանի

Armenische Kirche in Deutschland [armenische_dioezese@hotmail.com]

Yorumlar kapatıldı.