14 տարի առաջ, Նաիրի Ունանեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը ահաբեկիչներ, Հ.Հ Ազգային Ժողովէն ներս խուժեցին եւ գնդակահարեցին Հ.Հ գործարդիր ու օրէնսդիր իշխանութեան առաջին դէմքերը, սպաննեցին Հ.Հ Ազգային Ժողովի Նախագահ Կարէն Տէմիրճեան, Վարչապետ Վազգէն Սարգիսեան, Ա.Ժ փոխնախագահ ,նախարարներ, ու պատգամաւորներ , ընդամէնը ութը հոգի .եւ վիրաւորեցին նաեւ այլ պատգամաւորներ ու նախարարներ:
Հ.Հ այդ օրուայ նախագահ Ռոպէր Քօչարեան դէմառդէմ հանդիպում մը ունեցած էր գլխաւոր ահաբեկիչ Նաիրի Ունանեանի հետ :Մինջեւ այսօր հստակաբար յայտնի չէ թէ, ինչ~ խօսել են: Այդ հանդիպումին մասին ,հասարակական ու քաղաքակլան շրջանակներու մէջ շատ մը հարցականներ եւ կասկածներ կային , սակայն այդ կասկածները չեն լուսաբանուած: Ոճրագործութեան դատական նախաքննութիւնը աւելի քան մէկ տարի տեւեց, դատաւարութիւնը սկսաւ Յունուար 2001 ին եւ տեւեց 3 տարի, պետութեան առաջին դէմքերը դաժանաբար գնդակահարող ու սպաննող ահաբեկիչները դատապարտուեցան ցմահ ազատազրկման.
Այսօր ոչ ոք չի հաւատայ որ, ահաբեկիչները, այս ողբերգական ոճրագործութիւնը ինքնուրույն եւ առանձին գործած են:27 Հոկտեմբեր 1991 ի դէպքը միաշնաշակ ոճրագործութիւնը մըն է, Հ.Հ պետականութեան եւ ժողովրդավարութեան դէմ:
Դեռ ,անգութաբար գործուած այս ոճրագորխութեան ներքին ծալքերը ու առկայ կասկածները լիովին չեն լուսաբանուած, այսօր , հարցը հասարակութեան յայտնի է, այնքան , որքան էր 1999 ին. Ըստ իս, Հոկտեմբեր 27 ի դէպքը ճակատագրական նշանակութիւն ունի մեր ազգի համար, իմ համողումովս ,եթէ‘,Հոկտեմբեր 27 ի դէպքը չապրէինք,այսօր լրիւ ուրիշ Հայաստան մը կ‘ունենայինք:
Ամէն տարի վերյիշելով Հոկտեմբեր 27 ի զոհերու յիշատակը , կը մատուցանենք մեր յարգանքի տուրքը անոնց անմոռանալի յիշատկին առջեւ.
Աստուած անոնց հոգին լուսաւորէ.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Yorumlar kapatıldı.