Հ.Հ մայրաքաղաքԵրեւանը աշխարհիհնագոյն քաղաներէնմինէ, պատմականՀայաստանի 12.րդ.մայրաքաղաք Երեւանը, ըստ հնագիտականպղումներու տուեալններուն,հիմնադրուածէ, Ն.Ք 782 թուականին Ուրարտական–Արարատեան թագաւորութեան արքայիկողմէ որպէսբերդաքաղաք: Երեւանըկը գտնուիՀրազդան գետիափին , ծովումակարդակէն 860-1400 մ.բարձրաութեանու 227 ք.մքառակուսի տարածութեանվրայ: Երեւանը, Հայաստանի քաղաքական, վարչական, տնտեսականու մշակոյթիկենդրոնն է, շուրջ 1.200.000 բնակչութիւնով:
Ներկայ Երեւանի գլխաւար հատակագիծը գծուած է,1924 թուականին, մեծանուն ճարտարապետ Ալիքսանտր Թամանեանի կողմէ: Երեւանը յայտնի է,իր ճարտարագիտութեան հարուստ կոթողներով,յատկապէս Օփերայի եւ Պալէթի պետական թատրոնով, Մատենադարանով, Մարզահամերգային Համալիրով,Յաղթանակի Կամուրջով, Ծիծեռնակաբերդի Ցողասպանութեան Յուշհամալիրով,<Մայր Հայաստան> յուշարձանով, Թանգարաններով,Եկեղեցիներով, Համալսարաններով, Երաժշտարաններով:
Խորհրդային միութեան փլուզումէն յետոյ ,21 Սեպտեմբեր 1991թուականին Հայաստանը հռչակեց իր անկախ հանրապետութիւնը եւ պահպանեց Երեւանի մայրաքաղաքի կարգավիճակը:
Քաղաքը իր պատմութեան մէջ ապրած է դաժան փորձութիւններ, ինչպէս 1988 թուականի ահարկու եկրաշարժի աւերները ու ճգնաժամը.Այժմ քաղաքը, դաժան փորձութիւններէ վերջ վերակառուծման ու վերանորոգման ճանապարհի վրայ է:
Երեւան քաղաքը ունի իր դրոշը,զինանշանը ու օրհներգը:
Դրոշը որը, որպէս մայրաքաղաքի խորհդանիշ հաստատուած է27 Սեպտեմբեր2004 թուականին, Երեւանի Խորհուրդի կողմէ:Սպիտակ դրոշի կենդրոնը կը գտնուի Երեւանի զինանշանը որ, շրջապատուած է12 եռանկիւններով որոնք,կը խորհրդանշեն Հայաստանի 12 մայրաքաղաքները:
Երեւանի զինանշանը ունի հետեւեալ նկարագիրը: Զինանշանի պատկերը երիզուած է ուղղանկիւնաձեւ վահանակով մը. Զինանշանի խարիսխի մասը կապոյտ ֆօնի մը վրայ մեծատառ մակագրուած է<ԵՐԵՎԱՆ> բառը, անոր վերի մասը կանգնած է առիւծ մը որ, գլուխը ետ շեղած է եւ ձեռքը բռնած է,իշխանութեան խորհրդանշան գաւազանը:
Առիւծի գլխուն վրայի թագի մէջտեղէն կը բարձրանայ <Կեանքի Ծառի>խորհդանշանը,իսկ, առիւծի կուրծքի յաւերժութեան նշանի վրայ նկարագրուած է Արարատի պատկերը:
Երեւանի օրհներգը : <Երեւան Երէբունի>ի բառերու հեղինակը Պարույր Սեւակն է, իսկ երաժշտութիւն Էտկար Հովաննէսեանի:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՍԻՐՏԸ.
ՕՓԵՐԱ Ի ՇԷՆՔԸ:
Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոց, Թումանեան,Տէրեան,Սայաթ–Նավայ փողոցներու վրայ քալլել ու Ֆրանսական հրապարակին մէջ շրջանցնիլ եւ քաղաքի սիրտը <Օփերաի ու Պալետի > պետական ակադեմական թատրոնի շէնքին չի հիանալ անհնար է,որը նշանաւար երգահան Ալեքսանտր Սբենտիարեանի անունը կը կրէ:Այս կառոյցը իր յստակ ու նուրբ ձեւերով ,հետաքրքիր ու տպաւորիչ ոճով, բարձրաքնդակներու նուրբ ու ներդաշնակ մշակումով իւրաքնչիւրին ուշադրութիւնը կը գրաւէ.
Կառոյցի հեղինակը ազգային ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանն է , որը նախագծաց է Երեւանի հատակագիծը:Թատրոնի շէնքը կառոյցուած է1926-1963 թուականներու միջեւ .Շէնքին նախնական նախագիծը ենթադրուած էր, ամառնային ու ձմեռնային սրահներու միասնութեամբ նոյն կառոյցին մէջ երկու շարժական դահլիճներ , որոնք պիտի բաժանուէին երկու ամֆիթատրոնի, շուրջ 3000 հանդիսատեսը տեղաւորող ծաւալով,սակայն,այլ պատճառներով նախագիծը, ենթարկուէր է փոփոխութիւններու:
1936 թուականին ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանի մահէն յետոյ որդին Գեւորգ Թամանեան իր աւարտին կը հասցնէ հանչարեղ կառոյցը: Շէնքի թատերական հատուածին ձմեռնային դահլիճի կառուցումը իր աւարտին հասած է1936 թուականին,իսկ ամառնային բացօդեայ դահլիճը 1963 ին.
Ֆիլամօնիկ դահլիճը,որը կնքուած է Արամ Խաչատուրեանի անունով,որուն արձանը տեղադրուած է կառոյցի մուտքին առջեւ.
Թամանեաններու այս կառոյցը դասական ու հայկական ազգային ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, նկարչութեան համադրութեան ծաղկումը կրնանք համարել.Օփերայի հրապարակի վրայ տեղադրուած են,Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովաննէս Թումանեանի եւ երգահան Ալեքսանտր Սպեդիարեանի արձանները, որոնք կերտուած են քանդակագործ Արա Սարգիսեանի կողմէ:Այս սիրուն հրապարակի վրայ կը գտնուի հանրային պարտէզ մը եւ Գարաբի լիճը որուն կողքին տեղադրուած է երգահան Առնօ Պապաճանեանի յայտնի արձանը.
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Օգտագործուած Ակեր:
Տուրինֆօ–Հայաստանի թուրիստական ամսագիր.
Հայաստանի Տեղեկատուութեան ու Ծառայութեան հրատարակութիւն.
Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]
Yorumlar kapatıldı.