İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Դուն Հայերէն Կը Խօսիս»

1990: Խորհրդային Միութեան փլուզում եւ տարանջատում, համայնավար կարգ ու սարքի վերջաւորութիւն: Ստեղծում՝ անկախ հանրապետութիւններու, որոնց մէջ է նաեւ մայր հայրենիքը՝ Հայաստանը: Անկախ պետականութիւնը հպարտութիւն էր ու տակաւին է բոլորիս համար:

Մեր կազմակերպութեան՝ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան համար, այս թուականին նաեւ բացուեցան աշխատանքային մեծ կարելիութիւններ եւ նոր հորիզոններ: Մէկ կողմէ նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող պետութիւնները, որոնք անկախացած էին եւ ստեղծած՝ ինքնուրոյն կարգ ու սարք, իսկ միւս կողմէ՝ նախկին Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները, որոնք դուրս եկած էին համայնավար վարչութենէն՝ ստեղծելով ազատ պետականութիւն: Այս բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ գործող եկեղեցիները դարձան աւելի ազատ ու ինքնիշխան, անոնք հրաւիրեցին մեր կազմակերպութիւնը՝ ստեղծելու համար Աստուածաշունչի ընկերութիւններ իւրաքանչիւր երկրի համար:
Բայց կային լեզուական, նաեւ կենցաղային, յարաբերական ու մշակութային տարբերութիւնները, զորս պէտք էր նկատի առնէինք: Շատ քիչ պատահած էր, գրեթէ եզակի, որ անգլերէն խօսէին նախկին խորհրդային ու Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու մէջ: Իսկ մեր կեդրոնական գրասենեակին համար իւրաքանչիւր շրջանի տեղական լեզուին տիրապետող, ներառեալ՝ ռուսերէն, գտնելը անկարելի էր
Հայաստանի պարագային լուծումը եւ կարգադրութիւնները եղան յարաբերաբար դիւրին եւ արագ: Արդարեւ, չուշացաւ մեր պատասխանատուներուն հաղորդակցութիւնը ինծի հետ՝ խնդրելով, որ ստանձնեմ Հայաստանի մէջ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան գրասենեակն ու գործի կազմակերպումը՝ գործակցաբար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ: «Դուն հայերէն կը խօսիս եւ քեզի համար դժուար չէ հաղորդակցիլը եւ յարաբերիլը Հայաստանի մէջ», եղաւ իրենց հաստատ համոզումը:
Այսպիսով սկսան իմ աշխատանքներս, թերեւս նաեւ առաքելութիւնս Հայաստանի մէջ՝ յաճախակի այցելութիւններով, եւ երկարեցան հինգ տարիներու վրայ, մինչեւ 1996:
Հայրենիքն էրՀողը, լեզուն եւ մշակոյթը: Ու տակաւին՝ ջուրը, ուտելիքը եւ յարաբերութիւնները: Հայկական էր ամէն ինչ, կ՛ապրէիր «քուկդ» ըլլալու գիտակցութիւնը եւ զգացումը, եւ որ բոլորը միասին կը կազմէին մէկ ամբողջութիւն: Նոյնիսկ երբ խօսուածը արեւելահայերէն է, եւ որոշ բառեր եւ արտայայտութիւններ այդքան ալ արագ կարելի չէր ընկալելը, բայց տակաւին «իմս» էր՝ ինքնութիւնսԲայց այս բոլորը, այդ օրերուն՝ 1991-ին ու անկէ ետք դիւրին պարունակի մէջ չէին
Թէեւ տակաւին անկախութիւնը նոր ձեռք ձգուած էր, բայց վրայ հասած էր արցախեան պատերազմը, ու տակաւին կային շրջափակումը եւ անոր պատճառած տնտեսական ահաւոր նեղութիւնը: Չհաշուած՝ 1988-ի երկրաշարժի ահաւոր աղէտը ու անոր հետեւանքները:
Երեւանի փողոցներէն քալելով՝ կը զգայիր «լքուած» վիճակը քաղաքին: Ելեկտրականութիւնը՝ օրական հազիւ մէկ ժամ: Հացը՝ դժուար ճարելիԱռաւօտ կանուխ ժամերէն սկսեալ արդէն փուռերու առջեւ մարդիկ «հերթի» կը սպասեն, որպէսզի հացի իրենց բաժինը ձեռք ձգեն: «Բենզինը» կը վաճառուէր երկար կարգերու մէջ կանգնած՝ փողոցներու անկիւնը: Չէին գործեր կայանները: Գիները երեւակայական էին, գէթ՝ տեղական պայմաններու համար, բայց նաեւ կը տարուբերէր մէկ տեղէն միւսը: Որքան բարձրանար գինը, պէտք էր հասկնալ, թէ ալ աւելի զուտ ու մաքուր է, թէ՝ ջուր կամ այլ նիւթ չէ խառնուած մէջըՃամբաներուն վիճակը բաւական դժուար անցանելի էր՝ փոսերով լեցուն, եւ նորոգուելու հեռանկարները քիչ մը պղտոր եւ հորիզոնէն անդին երեւցողչերեւցող կարելիութիւն էին, վառելանիւթ գրեթէ չկար: Իսկ տաքնալու եւ տուները ջերմացնելու համար մարդիկ կը  կտրէին ծառերը, եւ փողոցները կը տեսնէիր մարդիկ, որոնք ծառերու կոճղեր կտրած՝ կը տանէին տուն
Կը մնայի Մայր Աթոռի վանատունը, որ նաեւ կը կոչուէր «Հոթել Իսկենտէր»: Իսկ Իսկենտէրը՝ մուսալեռցի, Այնճարէն Հայաստան եկած էր ներգաղթի ժամանակ՝1946-47 տարիներուն: Ինք եւ կինը՝ Ծաղիկը, ստանձնած էին վանատան մատակարարութիւնը: Իսկենտէրին համար ես «հայրենակից» էի, անկախ անկէ, որ այնճարցի չէիԿը բաւէր, որ լիբանանցի եմ եւ Պէյրութէն կու գամ: Կար մայրիներու կարօտը, եւ այդ կարօտին ջերմութիւնը Իսկենտէրը կ՛ապրէր ու կը կիսէր «հայրենակիցին» հետ: Ծաղիկը Հայաստան ծնած ու մեծցած էր: Դէմքին վրայ մեղմ ժպիտ մը գծուած էր միշտ, բայց աչքերուն մէջ կար անձկութիւն, որուն խորքը զերծ չէր վախի ու մտահոգութեան զգացումներէն: Պիտի իմանայի, թէ իրենց տղան Ղարաբաղի ճակատին վրայ էր՝ որպէս քաջամարտիկ: Ծաղիկը հպարտ էր, բայց նաեւ մայր էրունէր մտահոգութիւնը եւ իւրաքանչիւր եկողգացողէ պիտի ուզէր իմանալ իր տղուն որպիսութեան մասին
Վանատան մէջ ելեկտրականութիւնը քիչ մը աւելի լաւ էր, բայց տաք ջուրը, ի՜նչ խօսք, դժուար իրականալի: Ծաղիկը պզտիկ ամանին մէջ քիչ մը ջուր պիտի տաքցնէր, որպէսզի առաւօտները լուացուինք: Հիւր էի, եւ իրենք ամէն ինչ պիտի ընէին, որպէսզի ես «հանգիստ» զգայի…:
Ներսէս արք.Պոզապալեանը Հայաստանի մէջ մեր ընկերակցութեան նախագահն էր: Հայրենիքի ու եկեղեցիի սէրը իր սրտին ու հոգիին մէջ՝ իր կեանքը տրամադրած էր Քրիստոսի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան: Կը սիրէր Աստուածաշունչը եւ ջատագովն էր քրիստոնէական դաստիարակութեան: Հայաստան ներգաղթած էր Պէյրութէն, յիսունական տարիներու վերջաւորութեան: Եթէ մեր յարաբերութեան եւ գործակցութեան վրայ կար Պէյրութի «ուժականութիւնը», բայց երկուքս ալ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն շրջանաւարտ եղած էինք, ուստի մեր խօսակցութիւններուն նիւթն էր նաեւ անցեալէն պատառիկներ՝ յուշերը բերերով որպէս քաղցր օրերու իրականութիւն:
Վաչագան Յովհաննէսեանը բանաստեղծ էր եւ ստանձնած՝ գրասենեակին տնօրէնութեան պարտականութիւնը: Սասունցի էր, եւ հայրենասիրութիւնը իրեն համար սրբութիւն էր: Զգացական մարդ էր, ու հայրենիքը իր ամբողջ էութիւնն էր, եւ այդ զգացումները յաճախ կ՛արտայայտէր բանաստեղծութիւններուն մէջէն: Կ՛ապրէր հայրենիքի տագնապը եւ դժուարութիւնները… «Ո՞ր օրերը աւելի լաւ են Վաչագա՛ն, խորհրդային ժամանակաշրջա՞նը, թէ՞ հիմա՝ անկախութիւնը…»: Գիտէր, թէ կը փորձէի զինք: Չունէր արագ պատասխան: Դէմքին վրայ կը գծէր պզտիկ եւ մանուկի անմեղ ժպիտ մըԱչքերը կը լեցուէին, չեմ գիտեր՝ ուրախութեան, թէ՞ տխրութեան արցունքներ էին, եւ կ՛ըսէր համոզուած՝ «Կարեւորը հայրենիքը պահելն ու կերտելն է…»:
Եսային ալ Այնճարէն էր եւ Հայաստան հասատատուած էր ներգաղթի օրերուն: Կ՛ապրէր Էջմիածնի մէջ եւ ունէր հանգստաւէտ տուն: Մայր Աթոռի պահակախումբին ընդհանուր պատասխանատուն էր: Եսային ալ ունէր իր պատմութիւնը: «Երբ նոր եկանք Հայաստան՝ ներգաղթի օրերուն, կեանքը շատ դժուար էր: Այն չէր, ինչ որ մեզի ըսած էին: Բայց շինեցինք մեր տուները եւ կեանքերը…», կը բաժնեկցէր Եսային որպէս ապրած կեանքի անուժ եւ դժուար օրեր: Եսային նաեւ կը բաժնեկցէր իր տունը եւ հիւրասիրութիւնը: «Միասին հաց պէտք է ուտենք» իւրաքանչիւր այցելութեանս: Կը հաւաքուէինք բոլորս՝ սրբազանը, Վաչագանը եւ պաշտօնեաները: Կարելի չէ մոռնալ Վաչագանին զգայացունց եւ երկարաշունչ բաժակաճառերը: Այդ բաժակաճառերուն եւ խորովածին շուրջ աւելիով կը զարգանար բարեկամութիւնը, բայց կը կորսուէր խմուած բաժակներուն քանակը: Եւ չէին ուշանար սրբազանին զգուշացումները…: «Վաչագա՛ն, կամացկամաց, հա՞…»:
Բայց ապրեցայ հայրենիքը՝ մէկմէկ, նաեւ ամբողջութեամբ: Ամէն առաւօտ հասանելիանհասանելի գեղեցիկ Արարատը , պուլպուլակներու մէջէն հոսող «սառը» ջուրը, Էջմիածնի հոգեպարար պատարագները եւ Լուսինէ Զաքարեանի ձայնով հնչած շարականները: Ապրեցայ նաեւ իւրաքանչիւր հայորդիին հետ հայկական կեանքը հայրենի հողին վրայ: Զգացի, թէ ի՞նչ կրնայ նշանակել քու հողիդ վրայ ըլլալու իրականութիւնը, եւ այդ հողէն ուժ առնելով ապրիլ հայկական կեանքը՝ հայերէն խօսելով: Ապրեցայ այս բոլորին մէջ «իմս» ըլլալու գերակայութիւնը: Ներսէս սրբազան, Վաչագան, Եսայի եւ Իսկենտէրբոլորն ալ մեկնեցան՝ այս աշխարհէն, բայց մեկնեցան ունենալով գոհունակութիւնը, թէ ապրեցան հայրենի հողին վրայ ու անոր գիտակցութեամբ: Ուրախ թէ տխուր, դժուար թէ դիւրին, անոնք ապրեցան «իրենց»-ը ունենալու եւ զգալու ինքնագիտակցութիւնը: Անոնք ապրեցան գոհունակութիւնը եւ ուժը՝ հայերէն խօսելով, Հայաստանը ապրելով եւ հայ մշակոյթն ու կեանքը իւրացնելով: Բայց ըրին աւելինԱյս «գոհունակութիւնը» եւ «ուժը» բաժնեկցեցան ինծի հետ:
«Դուն հայերէն կը խօսիս»… Այո՛, բայց խօսեցայ իմ հողիս վրայ, ինչ որ տարբեր էՈրովհետեւ հողէն առի «գոհունակութիւնը» եւ «ուժը», նաեւ՝ ինքնութիւնը, եւ՝ նոյնինքն այդ ինքնութեան տուած մշակութային ջերմութիւնը:
Արդէն անցան քսաներեք տարիներ Հայաստանի անկախացումէն ու իմ հայրենի պարտականութենէս: Բայց կան տակաւին Վաչագանին արցունքոտ աչքերը, որոնք տակաւին ուժգնութեամբ ու նաեւ ջերմութեամբ կը նային ինծի: Կը զգամ, թէ Վաչագանը «չի քաջալերեր» զիս, ինչպէս որ ես իրեն ըրի: Ան հաստատ կը պատուիրէ. «Կարեւորը հայրենիքը պահելն է»:
«Դուն հայերէն կը խօսիս»…
Բայց հայուն համար այսօր կայ խօսելէն աւելի մեծ մարտահրաւէրը՝ «պահելը…»:
  Պահել հայուն հայրենիքը, հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթըԵւ ասիկա միայն «խօսքով» եւ «խօսելով» չէ, այլ նաեւ՝ «ապրելով» եւ «ապրեցնելով»…
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Gönderen: Nurhan Becidyan [nurhanbecidyan@gmail.com]

Yorumlar kapatıldı.