İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

«Ուրախ լեր սուր  եկեղեցի, քանզիՔրիստոսարքայներկնից այսօր պսակեաց զքեզ խաչիւն իւրով եւ զարդարեաց զամուրս քո սքանչելի փառօքն իւրովք։ Ուրախ եղիր սուրμ եկեղեցի, որովհետեւ երկինքի թագաւորը՝ Քրիստոս, այսօր իր խաչով քեզ պսակեց եւ իր սքանչելի փառքերով քեզ զարդարեց։ Խնդա յոյժ դուստր Սիովնի քանզի երկիրս երկինք եղեն այսօր վերստին քո նորոգմամ , եւ թագաւորն երկնաւոր հաճեցաւ նակիլ ի քեզ։»

Սիոնի աղջիկ հրճուէ, որովհետեւ քու նորոգմամμդ այսօր երկիրը երկինք եղաւ, եւ երկինքի թագաւորը հաճեցաւ քու մէջդ μնակիլ ¤քեզմով յայտնուիլ¥։
Սահակ Ձորոփորեցի կաթողիկոսի (677-703) կողմէյօրինուած
վերոյիշեալ շարականը ուրախութեան կոչ մըն է եկեղեցիին, քանզի
Քրիստոս զայն իր կրած խաչին ճամμով պսակեց, որպէսզի ան Իր փառքով
զարդարուի։
Այսօր, դժμախտաμար, մեր սիրելի Հայաստանեայց Եկեկեցին այդ
ուրախութիւնը չի վայելեր։ Զրկուած է այդ ուրախութենէն։ Համացանցի
միջոցաւ թէ՛ ստորագրեալ, թէ ալ անստորագիր նամակներ կը շրջին, որոնք
պատճառ կþըլլան սրտի մեծ ցաւի։
Ի՞նչ եւ ո՞վ է եկեղեցին։
Եթէ կը խորհինք, թէ եկեղեցին միլիոններ ծախսելով շինուած
շէնքերն են, կը սխալինք։ Եթէ կը խորհինք թէ կղերականութիւնն է,
դարձեալ կը սխալինք։ Եկեղեցի μառը ծնունդ առած է յունարէն
¥WPP80F\”¬էգգլիսիա¤ μառին հայերէնի թարգմանութեամμ։ Եկեղեցին
հաւատացեալներու հաւաքականութիւնն է։ Մեր պարագային,
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած եւ դրոշմուած եւ այս ձեւով ալ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդամակցած μոլոր հայ
անհատներու հաւաքականութիւնն է։ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյնմկրտութեամμ
եւ դրոշմումով անդամակցիլը երμեք պէտք չէ շփոթել ծուխի մը տրատու
անդամակցութեան հետ։ Տրատու անդամակցութիւնը տուեալ ծուխիմըմէջ
վարչական կարենալ ընտրուելու միջոցն է։
Շարականին երկրորդ տունը կը մատնանշէ, թէ այդ ուրախութիւնը
յառաջ կուգայ իւրաքանչիւր անհատի՝ հաւատացեալի ինքնանորոգու¬
թեամμը, ինչոր երկիրը կը վերածէ երկնքի՝ դրախտի։ Հաւատացեալ ըլլալը
երեւոյթային՝ մակերեսային վիճակ մը չէ։ Փարիսեցիի մը նման թեւերը
լայնօրէն μացած աղօթել չէ, այլ սրտանց ու ճշմարտապէս ընդունուած
հասկացողութիւն մըն է, հոգեվիճակ մըն է։
Քրիստոնէութիւնը մարդոց ճակտին վրայ, կամ անոնց անձագիրնե
րուն մէջ դրուած կնիք մը չէ։ Քրիստոնէութիւնը ապրելակերպ մըն է։ Խաչի
ճամμան է։ Աստուծոյ վստահիլ է՝ թէ ամէն ինչ ճիշդ եւ ուղիղ է. ինչ որ
կ՛ըլլայ պէտք է ըլլայ։ Բայց հակառակ այն իրողութեան, թէ Աստուած մեզի
միայն լաւագոյնը կը կամենայ, պէտք չէ մոռնանք Առակաց գրքի հետեւեալ
համարը.
«զմեղաւորս՝ հալածեն չարիք. եւ արդարոց՝ հասցեն արութիւնք։»
¥Առակաց ԺԳ։21¤
Մեղաւորներուն ետեւէն ձախորդութիւն կþերթայ. Բայցարդարներունμարիք կըհատուցուի։
Այս ցոյց կուտայ, թէ անցած դարձած ամէն ինչ μարի չէ։ Ծուռ ծառին
շուքն ալ ծուռ կ՛ըլլայ։ Անհրաժեշտ է որ «եկեղեցի»−ին իւրաքանչիւր
անդամը, այսինքն հայ հասարակութիւնը ինքզինք քննութեան ենթարկէ։
Ներկայ վիճակին պատճառը մենք ենք։ Ստեղծուած կացութիւնը կը
համապատասխանէ եկեղեցիի, կրօնքի, Քրիստոսի եւ քրիստոնեայ կեանքի՝
ապրելակերպի եւ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած գիտակցական
մակարդակին։
Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ. «Ուր որ մուխ կայ, կրակ ալ պէտք է ըլլայ»։
Երμ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ զանազան թեմերէն ներս այսքան իրարանցում
կայ, շատ հաւանաμար կան նաեւ որոշ անօրէնութիւններ։ Բայց ո՞վ կարող է
դատելու։ Ուշադիր պէտք է ըլլանք եւ չի մոռնանք Յիսուսի խօսքերը.
«Մի դատիք՝ եւ ոչ դատիցիք. մի պատժէք՝ եւ ոչ պատժիցիք,
արձակիցէք եւ արձակիցիք։» ¥Ղուկաս Զ։37¤
Մի՛ դատէք՝ ու պիտի չդատուիք. մի՛ դատապարտէք՝ եւ պիտի
չդատապարտուիք. ներեցէ՛ք ՝ ու պիտի ներուի ձեզի։
« … անմեղն ի ձէնչ, նախ նա՛ ընկեսցէ քար ի վերայ դորա ……… Եւ
ոչ ես դատապարտեմ զքեզ ե՛րթ յայսմհետէ մի մեղանչեր։»
¥Յովհաննու Ը։7-11¤
ձեզմէ անմեղ եղողը՝ առաջ ի՛նք թող քար նետէ ատոր վրայ …… Ես ալ չեմ
դատապարտեր քեզ. գնա՛, եւ ասկէ ետք ա՛լ մի՛ մեղանչեր։
Ես անձնապէս դատելու ի վիճակի չեմ։ Նախ յարուցուած աղմուկին
ներքին ծալքերէն լաւատեղեակ չեմ, ապա, աւելի կարեւորը, ես անմեղ անձ
մը չեմ որ կարենամ դատել։ Միայն անմեղները թող դատեն։ Ուրեմն, եթէ
դատել կ՛ուզենք, պարտ ենք նախ մենք զմեզ քննել եւ փոփոխութեան
ենթարկել, այսինքն ծառը շտկել, որպէսզի ծուռ չըլլայ եւ շուքն ալ
ինքնաμերաμար շտկուի։ Զարմանալիօրէն պիտի տեսնենք, թէ ամէն ինչ կը
հանդարտի՝ կրակը կը մարի եւ մուխն ալ կ՛անհետանայ։
Համացանցային նամակներու մէջ գրուած էր, թէ որոշ անհատներ
եկեղեցւոյ մէջ «μիզնիս» կ՛ընեն։ Քանի որ «μիզնիս» μառը յաճախ կը
գործածուի, կը թուի թէ μոլոր պատահածներուն ետին, հոգ չէ թէ ինչ է
երեւոյթը, նիւթականի հարց մը պէտք է եղած ըլլայ։ Մեծ զարմանք կը
պատճառէ, թէ ի՞նչու այդ անգլերէն μառը գործածուած է, երμ անոր
հայերէնը գոյութիւն ունի. «առեւտուր», ինչոր շատ աւելի իմաստալից է։
«Բիզնիս» μառը կը սերի «buisy»՝ «զμաղ» μառէն, իսկ «առեւտուր»−ը կը
ներկայացնէ «առնել»−ու եւ «տալ»−ու գործողութիւնը։ Ուրեմն եկեղեցւոյ
մէջ եղած առեւտուրը պէտք է ունենայ թէ՛ առնող մը, թէ՛ ալ տուող մը։
Նամակներէն կարելի է եզրակացնել, թէ μոլոր աղմուկը առնողին համար է։
Ի՞նչու մեղադրենք միայն առնողը։ Եթէ մէջտեղը յանցանք մը կայ, արդեօք
տուողն ալ յանցաւոր չէ՞։
Պանիրի գործատեղիի մը մթերանոցը մուկեր կը խուժեն։ Կը ջանան
զանոնք թակարդներով μռնել եւ կացութեան առաջքը առնել, μայց
դժμախտաμար չեն յաջողիր։ Կը փորձեն զանոնք թունաւորելով մեռցնել,
սակայն՝ անօգուտ։ Ստիպուած կþորոշեն մթերանոցը պանիրներէ պարպել։
Զարմանալիօրէն μոլոր մուկերն ալ կþանհետանան։
Եթէ կ՛ուզենք, որ եկեղեցին իր անդորրութիւնը վերագտնէ, կրակը
պէտք է մարել։ Եթէ տուող չըլլայ, առնողն ալ կ՛անհետանայ։
Ամէն մէկ հայ պարտ է կերտել վեհ անձնաւորութիւն մը՝
իմաստութեամμ եւ գիտակցութեան մակարդակի μարձրացմամμ։ Այն ատեն
ինքնաμերաμար կը փոխուին նաեւ մեր վարչականներն ու կղերականները։
Աս Աստուածային օրէնք է։ Անկարելի է որ չի փոխուին, անշուշտ եթէ դեռ
Աստուծոյ կը հաւատանք եւ կը վստահինք։ Իսկ եթէ ոչ, տակաւին ի՞նչու
համար եկեղեցիին նկատմամμ նախանձախնդիր ենք։
Եթէ տակաւին այդ հասունութեան եւ հաւատքին չենք հասած, պարտ
ենք գոնէ խուսափիլ որեւէ վիրաւորանքէ, վնաս հասցնելէ եւ
դատապարտութիւններ կատարելէ։ Մթերանոցը հարկ է պանիրէ պարպել։
Թակարդելը եւ թունաւորելը վնասակար են եւ անընդունելի։ Պէտք է
հետեւինք Յիսուսի այն ցուցմունքին, որ չենք կրնար ծառայել թէ՛
Աստուծոյ, թէ՛ ալ մամոնային։ Ուրեմն մոռնանք մամոնան։ Եթէ μոլոր
հարցերը նիւթականի պատճառով ծնունդ կþառնեն, երμ եկեղեցիին տրուած
դրամական օժանդակութիւնները դադրեցուին, հարցերն ալ վերջ կը գտնեն։
Եթէ ամէն մէկ հայ իր նիւթական օժանդակութիւնը կտրէ, ներառեալ
անդամատուրքերը, եկեղեցիէն ներս կը մնան միայն անոնք, որոնք կը սիրեն
մեր եկեղեցին եւ կը շարունակեն ծառայել առանց նիւթական
ակնկալութեան, նոյնիսկ, պարագայի համաձայն, դրամական զոհողութեան։
Այսպէսով յայտնի կ՛ըլլան իսկական կոչումի տէր անձերը՝ ճշմարիտ
ծառաները։
Տէրունական աղօթքին մէջ «եւ մի տանիր զմեզ ՛ի փորձութիւն» գրուած
է։ Փորձութեան չենթարկուելու ձեւերէն մին ալ փորձութեան
դրդապատճառը մէջտեղէն վերցնելն է։ Այսպէսով Եկեղեցին իր
անդորրութիւնը կը վերագտնէ եւ կարելի կ՛ըլլայ իմաստալիցօրէն երգել
«Ուրախ լեր, Սուրμ եկեղեցի» շարականը։
Թորոնթօ Վահէ Սրկ. Սվաճեան
Gönderen: Murat Nışan- Toronto / murat.nisan@sympatico.ca

Yorumlar kapatıldı.