İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Թեմական Նիսի նախկին հոգեւոր հովիվի հրաժարականի դրդապատճառը

06-07-2013 23:37:02   | Ֆրանսիա  |  Հասարակություն. Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւը, որ Ամենայն ՀայոցԿաթողիկոսի պաշտպանեալը հանդիսացած էր Նիսինախկին ծխական խորհուրդի հետհնգամեայ բախումներու ընթացքին, այսօր պատճառկը դառնայ թեմակալառաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանիհրաժարականին հետեւեալ պաշտօններէն՝ Ֆրանսայիթեմի առաջնորդութենէն, ԱրեւմտեանԵւրոպայի կաթողիկոսական պատուիրակութենէն եւ ՀայԱռաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Խորհուրդիանդամութենէն։ Հրաժարականը ի զօրուկը դառնայ 2013 Նոյեմբեր1 թուականէն սկսեալ։

Կիրակի՝Յունիս 30ին, Ժընեւայցելութենէն վերադարձին, Փարիզի օդակայանի VIP սրահինմէկ անկիւնը ուրկը գտնուէին նաեւՀայաստանի ղեկավար դասու կարգմը ներկայացուցիչներ, ԱմենայնՀայոց Կաթողիկոսը յանդիմանած էՆորվան Արք. Զաքարեանը՝ Սթրազպուրկիհոգեւոր հովիւ Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեանին աշխատանքային պայմանագիր մը կնքելումէջ թերանալու մեղադրանքով։Եւ նոյնիսկ սպառնացածէ զինք փիլոնազուրկընել։
Տէր Վաչէն, ինչպէս գիտենք, դատական հետապնդումի տակ է։Ողջմտութիւնը կը թելադրէրոր ան պաշտօնիգլուխ չգտնուի մինչեւ որանպարտ արձակուի կամ դատականգործերը վերջ գտնեն։
Աւելին՝ըստ թեմական կանոնագրութեան, աշխատանքային պայմանագրի կնքումը թեմականկամ ծխական խորհուրդներունգործն է եւոչ՝ եկեղեցական իշխանութեան։Եթէ որեւէ յանդիմանութիւնկամ խօսք կայըսելիք, պէտք է բնականաբարյղուի Թեմի աշխարհական վարչութեան։Այս վերջինիս կ՚իյնայնաեւ իր իրաւասութեանսահմանները ճշդել այս խնդրինկապակցութամբ։
Անպատճառ, Նիսի հոգեւոր հովիւինվերաբերեալ այս վերջինդրուագը՝ յորդեցուցած է ՆորվանՍրբազանին հանդուրժողութեան բաժակը։ Ան սիրուածու յարգուած անձնաւորութիւնմըն է։ Ճանչցուածէ իբր հեզահամբոյրեւ եկեղեցական բարձրգիտակցութեան տէր սպասաւորմը, զօրաւոր պաշտպանմը Էջմիածնի Աթոռին, ինչպէս նաեւ՝ Ամենայն Հայոցկաթողիկոսի որոշումներուն։ Ներկայ հանգրուանին ո՞րեկեղեցականը կրնայ զինք փոխարինել։Ճիշդ անձն էր, ճիշդ պահուն, ճիշդդիրքին վրայ։
Սրբազանինհրաժարականին լուրը զարմանալիօրէն շատերըարթնցուց իրենց թմբիրէն։ Տագնապներկան, որոնք նորժամանակաշրջան, նոր յարաբերութիւններկ՚աւետեն։ Այս մէկըյղի կ՚երեւի էականփոխակերպումներու կարողականութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ Ֆրանսայիթեմի միջեւ առողջյարաբերութիւններ հաստատելու առումով։ Առիթըպէտք չէ փախցնել։
***
ԴԱՏԱՎՃԻՌԸԱՐՁԱԿՈՒԱԾ
Տէր Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեան, երկու տարիէ ի վերոստիկանութեան կողմէ իր դէմեղած ծանր ամբաստանութիւններուհամար դատական հետապնդումի ենթարկուածէր։ Առաջին դատավճիռըզինք անպարտ հռչակածէր, սակայն անցեալտարի դատախազութիւնը Վերաքննիչդատարանին դիմեց, որուն դատավճիռըերկու օր առաջ՝Երեքշաբթի Յուլիս 2ին արձակուեցաւ: Թէեւ տակաւին գրաւորկերպով չէ հրապարակուած, սակայն ըստ լաւատեղեակաղբիւրի մը՝ ՏէրՎաչէն դատապարտուած է երկուտարուան պայմանական ազատազրկման՝ անձմը ծեծած ըլլալույանցանքով։ Պէտք է կրէելեկտրոնային ապարանջան մը։ Եւայս ժամանակաշրջանին արգիլուածէ իրեն Նիսիեւ Փրովանս Գոթտ՚Ազիւրի շրջանը մուտք գործել։
ՆՅ
Նոյյանտապան   –   Հասարակություն
ԼուրերՀայաստանից եւ Սփյուռքից
– See more at: http://www.nt.am/am/news/183601/#sthash.C8oypSa5.dpuf

Yorumlar kapatıldı.