Համայնքային Հաստատութիւններու Վարիչներու Միջեւ Տարակարծութիւնները Կը Շարունակուին. ՎԱՏԻՓ, մօտաւորապէս հնգամսեայ ընդմիջումէ ետք երէկ 2013ի իր առաջին ժողովը գումարեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Պիլէք հանգստարանին մէջ, Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ։
Ինչպէս քանիցս գրած ենք, ՎԱՏԻՓի ժողովներուն չեն մասնակցիր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց, Գարակէօզեան Տան, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց, Էյուպի Ս Եղիա, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդները, Բանկալթըի Մխիթարեան վանատան Խնամակալութիւնը եւ Յովհաննէս Կիւմիւշեան հիմնադրամի վարիչները։
Ատենապետ Պր. Շիրինօղլու բացման խօսքը արտասանելէ ետք շատ խիստ յայտարարութիւններ ըրաւ մասնակիցներուն։ Ան նշեց որ Թաղային Խորհուրդներու ընտրութեան հարցի առընչութեամբ մեծ պառակտում կայ համայնքէն ներս եւ ամէն տեղէ ու ամէն անկիւնէ ձայն կը լսուի։ Շիրինօղլուի խօսքերով, ամէն մարդ գլուխ ըլլալ կþուզէ եւ զանազաններ առանց ՎԱՏԻՓի գիտութեան, Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւն կþերթան եւ ընտրութիւններու մասին նոր առաջարկներու նախագիծ կը ներկայացնեն կամայական մօտեցումներով։ Այսպիսի ինքնագլուխ անձեր իրենց քայլերով միայն վնաս է որ կը պատճառեն մեր համայնքին։ «Ատոր վերջին օրինակն է փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլ, որ նախագիծ մը պատրաստելով, կառավարութեան մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկասի հետ միասին Անգարա գացած է եւ իր այդ նախագիծը ներկայացուած է Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։ Բացի ատկէ, քանի մը եկեղեցիներու պատասխանատուներ ալ դարձեա՛լ իրենց եկեղեցիներու անունով եւ անջատաբար նախագիծեր ներկայացուցած են՝ իրենց ուզած տարբերակով,» ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու ու ցաւ յայտնեց, հարց տալով թէ ինչո՞ւ այդ վարիչները համբերատար կեցուածք ցոյց չտուին ու չսպասեցին որ մեծամասնութեան կողմէ ընդունելի ՎԱՏԻՓԻ նախագիծը ղրկուէր պատկան մարմիններուն։ «Ինծի այնպէս կը թուի թէ այդ վարիչները բարոյական կամ նիւթական ակնկալութիւններ ունին, բայց ես այս խաղերու մէջ պիտի չըլլամ։ Այլեւս չեմ գիտեր թէ որո՞ւ դառնամ։ Այս բազմագլխանի խառնիճաղանճին պատճառով մեր համայնքը մեծ վնասներ պիտի կրէ,» նշեց Ատենապետը ու դարձեալ ցաւով ըսաւ որ ինք կը դադրեցնէ ՎԱՏԻՓի գործունէութիւնը, մինչեւ որ Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը հրապարակէ ընտրութիւններու արտօնութեան եւ կազմակերպչական հարցերու մասին նոր որոշումը։ «Ասկէ վերջ ինձմէ բան մը մի՛ ակնկալէք։ Չեմ գիտեր նոյնիսկ թէ Սեպուհ Ասլանկիլի պատրաստած նախագիծէն տեղեա՞կ էին արդեօք Մտածողութեան Հարթակ կոչուած մարմնի անդամները։ Դժբախտաբար ՎԱՏԻՓ վերածուած է վհուկներու կաթսայի մը», եզրակացուց Պր. Շիրինօղլու։
Իր ելոյթէն ետք դարձեա՛լ խօսք առին վարիչներ, որոնք ամէն ժողովի հանդէս կուգային ու իրենց տեսակէտներու վրայ կը պնդէին։
* * * *
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Ինչպէս յայտնի կը դառնայ ՎԱՏԻՓի երէկուայ ժողովի մասին մեր դիտարկումներէն, դժբախտաբար մեր համայնքային մարմիններու ղեկավարները կը դժուարանան իրարու նկատմամբ հասկացողութիւն ցոյց տալու եւ համայնքին համար լաւագոյն լուծումին վրայ համակարծիք դառնալու։ Ասիկա ամէնէն մեծ ցաւն է, զոր համայնքը սկսած է ապրիլ վերջերս։ Իրականութեան մէջ որքա՜ն ցանկալի է որ մեր համայնքային մարմիններու պատասխանատուները Պատրիարքարանի ուժեղ առաջնորդութեան ներքեւ համերաշխ կերպով գտնեն լուծման լաւագոյն տարբերակը։ Կþերեւի թէ դեռ պէտք պիտի ըլլայ սպասել այդպիսի երջանիկ հանգրուանի մը հասնելու համար։ Այնուհանդերձ, մենք ալ համեստօրէն մեր ղեկավարներուն կը յանձնարարենք ինքնագլուխ որոշում չառնել եւ վնաս չպատճառել մեր համայնքային սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն։ Չենք կրնար մոռնալ որ քանի մը անձերու անտեղի միջամտութեան հետեւանքով կորսնցուցինք Պատրիարք մը ընտրելու առիթը։ Չըլլայ որ նոյն սխալը կրկնուի։
Yorumlar kapatıldı.