Առանձնակի ուշադրութեան արժանի է Հայաստանինմանլեռնայիներկիրներունժայռի,լեռի եւ նոյնիսկուղղակիքարիպաշտամունքը:Քառ եւ ժայռիկըվերագրուիառասպելականուժուխորհուրդ:Կը պատմուիթէ,Հայկ Նահապետիրմահէնառաջ,իր հետեւորդներունպատգամածէոր, գեղազարդենՀայաստանիմէջտարածուած կոշտ ու կոպիտ քարերը:
Դարեր առաջ Հայերը սկսեր են, քարերը յղկել եւ այդ քարերով կառուցել հրաշալի կառոյցներ, պալատներ,տաճարներ եւ ամրոցներ:Հին ժամանակներուն Հայաստան աշխարհըամէնտեսակարշաւանքներուննշաւակկըդառնար,կը
կողոպտուէր,կը կործանուէր հրաշակերտ կառոյցները:Հայ ժողովուրդը այս կողոպուտի,թալանումի եւ կործանումի ելքը գտաւ սալաքարերը յղկելով ու գեղազարդարելով:Քարերէն յուշակոթողներ,արձաններկերտեցին,գեղազարդերցինսալաքարերըեւանոնքձգեցինբացերկինքինտակ:Թշնամիթալանիչները, այսգեղազարդարուածսալաքարերուդիմաց զարմանքի մէջ մնալով կը շուարէին :
Այսպէս Հայ ժողովուրդը մեծ կառոյցներու առընթեր,ստեղծագործելու իր տաղանդըմարմնաւորեցնաեւճարտարապետականուգեղարուեստականձեւերումէջ:
Կ‘ըսուիոր,խաչքարերըստեղծուածեն301 թուականին,երբ որ,Քրիստոնէութիւնըորպէսպետականկրօնընդունեցաւ:
Խաչքարերը,արշաւանքներութալանէնուկողոպուտէնհեռուբռնելուհամար, նախծառայելեն, որպէստապանաքար,աւելիվերջտեղադրուերենսրբավայրերու,գերեզմաններումէջեւնաեւբլուրներուուժայռերուվրայ:
Խաչքարը կոթող ու յուշարձան է,կը համարուին սուրբ քարեր եւ այն վայրերը ուրտեղ խաչքար տեղադրուած է կը նկատուին սրբատեղիներ:
Խաչքարը Հայ Միջնադարեան արուեստի ինքնատիպ դրսեւերումներէն մին է:Հայաստան առանձնայատուկ մի երկիրէ,ուրտեղկան աւելի քան 50 000 ձեռատաշխաչքարեր, որոնցմէոչմէկըմիւսիննմանչէ:ԳեղազարդարեալայսքարերըԽԱՉՔԱՐկըկոչուին,որովհետեւանոնցքանդակազարդերեսին,կեդրոնինվրայնկարուածէ<<Խաչ>> մըորպէսՔրիստոնէականհաւատքիխորհուրդանիշ:Իւրաքանչիւրխաչքարունիիրզարդարանքը:Աշխարհիվրայոչմիազգչիկայոր,Աստուծոյհանդէպիրհաւատքըայսպիսիձեւովարտայայտէ:
Խաչքարի ներքեւի մասը փորագրուած է Արեւի նկարով որը,կը խորհուրդանշէ <<Յաւերժութիւն>>ը,իսկ կեդրոնիխաչինկարըկըխորհուրդանշէՅիսուսՔրիստոսիխաչելութիւնը,խաչքարերուշրջեզերքըզարդարուածէզարդերով,խաղողի, ոյկոյզի, նուռի,հասկի, հացի,
թռչունի,մարդուեւկամտերեւի զարդաքանդակներով որոնք կը խորհուրդանշեն Յիսուսի յարութիւնը:Խաչքարիհակառակերեսըտափակէ, կամիրվրայկըկրէարձանագրութիւնմը ներկայացնելով կարծես հայ ժողովուրդիպատմութեանբացուածէջմը:Սալաքարիմըվրայնկարուածէնոյնիսկթատերախաղմը,որունդէմկըպայքարէրՔրիստոնէութիւնը:
Ըստ էութեան խաչքարը Հայ ժողովուրդական կեանքի համայնապատկերն է, որ հիացումկըպատճառէնուրբզարդարանքներուիրներդաշնակութեամբ:Խաչքարիքանդակազարդնկարըիրնուրբութեամբկընմանի նրբահիւս ասեղնագործեալ ժանեակի մը:
Միջնադարեան շրջանի հայկական խաչքարերը ունցած են , բազմատեսակ բովանդակութիւն: Կանգնած են տարբերառիթներով, ինչպէսին,ռազմական,պատմականնշանակալիցդէպքերըյաւերժացնելու, եկեղեցիներու, կամուրջներու, աղբիւրներույիշատակներըյիշատակելուեւազգայինհերոսներըուզոհերըոգեկոչելուհամար, կաննաեւիրենցնպատակինչհասածսիրահարերույիշատակինկանգնուածխաչքաչեր:
Կան նաեւ <<Ամէնափրկիչ>>կոչուած խաչքարեր, ինչպէսօրինակՀաղբատիվանքիմէջգտնուող1273 թուակիրնշանաւորխաչքարը, որունհեղինակութիւնըկըվերագրուիՎահրամվարպետի: Այսխաչքարերուվրայնկարուածենխաչելութեանտեսարաններ:Ժողովուրդըկըհաւատարոր,այս խարքարերըօժտուածենեւհիւանդութիւններըբուժելույատկութիւնըունին, հետեւաբար յաճախ հեռու վայրերէ իսկ հիւանդներ , յատկապէս մանուկներուխտիկըբերուէին այդ խաչքարերու մօտ բուժելու համար:Ժողովուրդը խաչքարերը կը նկատէր նաեւ, որպէս բնութեան ուժ եւ չարիքներու դէմ ուժի խորհուրդանիշ:
Կ‘ըսուի թէ,Հայաստանի ամենէն հին խաչքարը Աշօտ. Բ. Բագրատունիի կնօջ նուիրուած խաչքարն է, որ կը թուագրուի 879 թուականով ու կը գտնուիԳառնիիհեթանոսականտաճարիտարածքիմէջ:
Ամէնեն շատ խաչքարեր կը գտնուին Ջուղայի գերեզմանատան մէջ,ատենօք կային 10 000 խաչքարեր իսկ ներկայիս խաչքարերու թիւը կը հասնի շուրջ 2500 ի: Իսկ Հայաստանի Նորադուզ գիւղին մէջ խաչքարերու թիւը կը հասնի շուրջ 1000 ի,Նորադուզի խաչքարերու <<Անտառ>>ը իւրայատուկ թանգարան մը կը սեպուի :
Խաչքար կերտող վարպետներու անուններէն քիչեր միայն պահպանուած են,12 րդ.դարու ամենէն նշանաւոր քաչքարի վարպետն էՄխիթարվարպետը,13-14րդ. դարերուննշանաւորնէՄոմիկվարպետը,1291 թուականին Գոշավանքի մէջ շինուած բազմաթիւ խաչքարերուն հեղինակը Պօղոս վարպետնէ:Ամենէն շատ խաչքար շինող վարպետը Քիրամ վարպետն է որ, 1591-1610 թուականներու միջեւշինածէշուրջ300 խաչքարեր:
Խաչքարերը հայրենասիրութեան , հայ ինքնտիպմշակոյթի,հայ գեղարուեստիբարձրճաշակիարտայայտութեանմիջոցներէնմինէեւունիհամաշխարահայինարուեստիգանձարանիմէջիրարժանիտեղը:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ.
Օգտագործուած Ակեր:
Հ.Լ. Պետրոսեան –Խաչքար-2008
Լ.Ազարեան–Հայկական Խարքարեր-1973
Վարդուհի Վարդազարյան-27 Մայիս 2011.Երեւան
Հայկական Հանրագիտարան–
www.khackar.am.
Yorumlar kapatıldı.