İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայկական Վերածնունդ Փարիզ – Հաղորդագրութիւն

Վերջերս հիմնուած Հայկական Վերածնունդ Շարժումը, ներշնչուած Հայաստանի քաղաքացիական շարժումներէն, կ’ընդլայնէ իր համահայկական բնույթը, աշխուժօրէն գործելով Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն, Հիւսիսային Ամէրիկա եւ Եվրոպայէն Ռուսաստան տարածուած իր մասնաճիւղերով, նեցուկ կանգնելով հայկական այս զարթոնքին:

Ապրիլ 24-ին ալ Հայկական Վերածնունդը կը մասնակցի հայ ժողովուրդի պայքարին ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտումին եւ թուրք պետութեան կողմէ մեր ժողովրդին վնասից հատուցման ի նպաստ մղուող պայքարին: Միաժամանակ ան չանտեսէր Սփիւռքը յուզող հրատապ այլ հարցերը, ինչպէս Սուրիոյ Հայութեան դաժան կացութիւնը:
Հայաստանէ ներս Հայկական Վերածնունդ Շարժումը կ’աջակցի քաղաքացիական շարժումներուն, ու կը մերժէ խարդախուած ընտրութիւններու միջոցավ ինքզինք վերարտադրող օլիկարխային նեխած համակարգը, որ չի վարանիր անարդար, ապօրինի ու բիրտ միջոցներով խեղդել եւ յուսալքել մեր ժողովուրդը:
1915-ին Թուրքիոյ կողմէ 1.5 միլիոն հայերու ջարդերէն ետք անընդունելի է որ մեր ժողովուրդը ենդարկուի իր իսկ իշխանութիւններու կողմէ ճնշումներու, անարդարութիւններու, աղքատացման եւ յուսալքման, որու որպէս արդիւնք տեղի կ’ունենայ զանգուածային եւ աննախընդաց արտագաղթը, որ կը սպառնայ հայ ժողովուրդի գոյատեւման իսկ:
Սակայն մենք պատճառ ունինք հպարտանալու, որ հակառակ օլիկարխամաֆիական իշխանութիւններու բռնութիւններուն, մեր ժողովուրդը կը համարձակի ոտքի կանգնիլ եւ օրէնքի ու սահմանադրութեան ծիրէն ներս խաղաղօրէն ու քաչաբար պայքարիլ ի խնդիր արդար, ծաղկուն, մարդու իրաւունքներն ու արժանապատութիւնն ապահովող պէտութեան մը կերտման:
Հայկական Վերածնունդ Շարժումը խստօրէն կը դատապարտէ նեխած իշխանութիւններու կողմէ մեր ժողովուրդի ազնիւ զավակներու դէմ գործադրուած հալածանքներն ու ծեծերը եւ կը զգուշացնէ անոնց հեղինակները նոր գրգրութիւններու դէմ:
Կեցցէ հայ ժողովրդի արդար պայքարը
Կեցցէ հայ ժողովրդի դիմադրականութիւնը և իր Վերածնունդը
Փարիզ 22 ապրիլ 2013

Yorumlar kapatıldı.