İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՄԿԱՅԹԵԱՆ ՋԱՐԴԵՐՈՒ 25 ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ Ի ՅԱՐԳԱՆՍ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

27 Փետրուար 1988  թուականին  Սովետական Ատրպէյճանի Պաքու քաղաքէն 20 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող ծոցափեայ Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութեան դէմ կիրարկուեցանբռնութիւն,թալանսպաննութիւն՝ոստիկանութեան  ու կառավարութեան  աջակցութեամբ: Դէպքերը աննախադէպ էին՝ իրենց վայրագութեամբ ու անմարդկայնութեամբ

Ըստ Խորհրդային Միութեան պաշտօնական տուեալներուն՝ 32, իսկ ոչպաշտօնական տուեալներու համաձայն աւելի քան 100 հոգի Սովետական Միութեան ղեկավարներու անտարբեր կեցուածքին տակ սպաննուեցաւ:

1988-1990 թուականներուն, Ատրպէյճանական  իշխանութիւններուն կողմէ հայերու դէմ կիրարկուած զանգուածային կոտորածներուն իբրեւ արդիւնք, Ատրպէյճանի գրեթէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, առնուազն կէս միլիոն մարդ պանդուխտ դարձաւ: Կոտորածը պատասխանն էր Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան խաղաղ ու արդար ցոյցերուն, որոնք պահանջած էին իրականցնել ինքնորոշման իրենց սահմանդրական իրաւունքը:
7 Յուլիս 1988 թուականին Եւրոպական Խորհրդարանը Սումկայթի մէջ հայերու նկատմամբ տեղի ունեցած զանգուածային սպաննութիւնները եւ Պաքուի բռնութիւններն ու ճնշումները  <<Կոտորած>> անուանելով  դատապարտեց ու Ատրպէյճանը որակեց հայերու բնակութեան համար վտանգաւոր երկիր: Այսօր այս վայրագութենէն ու ողբերգութենէն անցած են 25 տարիներ, սակայն անոնք հայ ժողովուրդի յիշողութեան ու պատմութեան մէջ պիտի մնան յարատեւ որպէս հայ ժողովուրդի ազատագրութեան արդար պայքար, քանի որ անոնք ծնունդ տուին Լեռնային Ղարաբաղեան շարժումին

Բիւր յարգանք նահատակներու յիշատակին:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Yorumlar kapatıldı.