ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՑ ՉԿԱՅ, ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ, ԿԵԱՆՔ ՉԿԱՅ.
ՄԱՐՄԱՐԱ .Մեր ստացած վստահելի տեղեկութիւններու համաձայն՝Աւելի քան տասը օրէ Հալէպ ու հալէպցիք կþապրին իսկապէս աննախընթաց տագնապ մը՝ զրկուած ըլլալով բնականոն կեանքի մը ամէնէն տարրական ու անհրաժեշտ պահանջքներէն։
Կենցաղային զրկանքները կը յաջորդեն մէկը միւսին։ Երբեմն՝ բոլո՜ր զրկանքները միասնաբար կու գան ու իրենց ծանր թաթին տակ կը ճնշեն ու կը մաշեցնեն Հալէպի չորս միլիոն բնակիչները։
Մինչ հացի սուր տագնապը դեռ կը յամենար, վերջին տասը օրերուն Հալէպ եւ շրջակայքը տառապեցան (ու կը թուի թէ տակաւին երկա՛ր պիտի տառապին) ելեքտրական հոսանքի չգոյութենէ։ Ձմրան արդէն իսկ ցրտաշունչ այս օրերուն՝ օրուան 24 ժամերուն վրայ հազիւ 2-4 ժամ ելեքտրականութիւն կը տրուի քաղաքացիներուն։ Այլ խօսքով, մարդիկ իրենց բոլոր ժամերը կþանցընեն մութի ու խաւարի տիրապետութեան տակ, առանց ստեղծագործական որեւէ աշխատանքի։Պարզապէս կծկուած նստելով ջեռուցումէ զուրկ իրենց տուներուն մէկ անկիւնը, ձեռնածալ ու ձեռնաթափ։
Քաղաքին շուկաները, որոնք պատերազմական վիճակին բերումով ամիսներէ ի վեր արդէն իսկ կորսնցուցեր էին իրենց երբեմնի նախանձելի կենսունակութիւնը, հիմա ալ զոհն են ելեքտրական հոսանքին սպաննիչ քմայքին։ Հալէպ մեռեալ քաղաք մըն է այլեւս՝ զինուորական անցարգելներով ու աւազապարկերով փակուած փողոցներով, ամէն դի շրջող բանակային կամ օժանդակ վարձկան զինեալներով, փակ դպրոցներով (ուր խռնուած են բազմահազար գաղթական ընտանիքներ եւ անտուն դարձած խլեակներ), ցուրտ բնակարաններով, մութ խանութներով, հոն նստող մտահոգ ու յուսալքուած վաճառորդներով ու Աստուծմէ փրկութեան յոյս աղերսող շուարուն քաղաքացիներով։
Հացի անդարմանելի մնացած տագնապին ու վառելանիւթի (մազութ, պէնզին եւ կազ) բացարձակ չգոյութեան ներկայ իրավիճակին մէջ՝ ելեքտրական հոսանքը վերածուեր էր այն միակ փրկութեան լաստին, որուն կþապաւինէր քաղաքացին իր առօրեան կարգաւորելու համար։ Ելեքտրականութեամբ բանող կրակարաններով կը ջանար տաքցնել իր տունը, ելեքտրական փուռերով կþեփեր իր ճաշերը, ելեքտրական հոսանքով կը տաքցնէր իր բաղնիքին ջուրը։ Հիմա այդ կարելիութիւնն ալ առնուած է իր ձեռքէն։
Իրաց այս կացութեան մէջ՝ Հալէպի փողոցներուն մէջ յաճախակիօրէն կարելի է տեսնել պատանի տղաք, որոնք մայթերու ծառերը կը կտրեն սղոցով, տաքնալու համար փայտ ապահովելու դիտումով։ Ամէնէն առատ ծախուող ապրանքներու շարքին են ածուխը, կանթեղը, մոմը, ձեռնոցները, հաստ գուլպաները, բուրդէ ծածկոցները։ Ժողովուրդը կþըսէ թէ ՙմեզ վերադարձուցին նախնադարեան շրջանին՚։
Հացի տագնապը կը շարունակուի նոյն սաստկութեամբ՝ երրորդ շաբաթն ըլլալով։ Փուռերուն ջախջախիջ տոկոսը չի բանիր՝ վառելանիւթի եւ ալիւրի չգոյութեան պատճառով։ Կապոց մը հացը սեւ շուկայի մէջ կը ծախուի 200 սուրիական թղթոսկիի՝ երբ անոր պաշտօնական գինն էր լոկ 15 թղթոսկի։
Հայկական ճակատի վրայ՝ Նոր գիւղ հայահոծ թաղամասը, մեծ մասամբ, կը շարունակէ մնալ անբնակելի շրջան։ Այնտեղի հայերը առհասարակ լքած են իրենց տունն ու տեղը ու փոխադրուած են աւելի ապահով վայրեր։ Թաղամասին պողոտաներուն վրայ անդադար կþերթեւեկեն վիթխարի հրասայլեր ու կը ռմբակոծեն սահմանակից այն միւս թաղամասերը՝ ուր կþըսուի թէ (ըստ պաշտօնական անփոփոխ բացատրութեան) ՙահաբեկիչներ՚ ապաստանած են։ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի պողոտային վրայ ո՜չ մէկ խանութ բաց է չորսուկէս ամիսէ իվեր։ Անոր մերձակայ հայաբնակ թաղեր կան՝ ուր ճիշդ մէկ ամիսէ ելեքտրական հոսանք հասած չէ, երբեմն ալ՝ ջուրի հոսքը կը դադրի։
Ահաւոր ու աննկարագրելի է վիճակը դրացի Պոսթան Փաշա եւ Արղուպ թաղամասերուն մէջ, որոնք ամիսներ շարունակ ենթակայ մնացին օդային ու ցամաքային գնդակոծութեանց ու հրթիռարձակումներու։
Ականատեսներ կը վկայեն, թէ այդտեղի թաղերը աւերիչ երկրաշարժի ենթարկուած քաղաքամասերու կը նմանին։ Այս թաղամասերուն մէջ հարիւրաւոր արհեստաւոր հայեր ունէին փոքր կամ մեծ արհեստանոցներ, վաճառատեղիներ կամ արհեստագիտական ճոխ մթերանոցներ։ Այս գործատեղիներուն մէկ մասը քանդուած է՝ կոյր ռմբակոծումներուն հետեւանքով, միլիոնաւոր վնասներ պատճառելով անոնց տէրերուն։ Հարիւրաւոր խանութներ ալ կողոպտուած-թալանուած են, յաճախ՝ բանակային միաւորներու ալ օրհնութեամբ կամ մասնակցութեամբ։
Հայկական ճակատի վրայ, ուշադրութիւն գրաւեց Պէյրութի ՙԶարթօնք՚ օրաթերթին լոյս ընծայած այն հարցազրոյցը (Դեկտեմբեր 12), որ կատարուած էր Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հետ, Նիւ Ճըրզիի մէջ։
Պատասխանելով լրագրող Յ. Վարդիվառեանի հարցումներուն, Արմաշ Սրբազան շատ ճիշդ մերձեցումով կը նշէր որ ՙայս հակամարտութիւնը կրօնական չէ, թէեւ ոմանք կը փորձեն անոր կրօնական զգեստ հագցնել։ Այս հակամարտութիւնը ուղղուած չէ քրիստոնեաներու դէմ, եւ հետեւաբար ուղղուած չէ հայերու՚։ (Մարմարա- Այս հարցազրոյցի ամբողջական պատճէնը պիտի հրատարակենք մեր վաղուան թիւով)։
Բնականաբար, այս տարի ՙերազային՚ Հալէպը Կաղանդ չունի։ Երեխաներն ու մանուկներն անգամ կը խուսափին Կաղանդի խօսքն ընելէ՝ գիտակցելով որ ՙանբնական՚ մթնոլորտ կայ չորս դին ու Կաղանդ Պապան չի կրնար ժամանել։ Տուներէ ներս ո՜չ ոք կաղանդի ծառ շտկած է։
Արդէն, եթէ այդ ծառը շտկուի իսկ՝ զրկուած պիտի մնայ իր գունազարդ լուսաւորումէն։ Որովհետեւ ելեքտրականութիւն չկայ։
Yorumlar kapatıldı.