İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՈԼԻ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՏԿԱԿԱՆ ԲԱՌ ԵՒ ՃԱՇ

Դոքտ.   ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կարդացի տեղեկատուական յօդուած մր՝ վերջերս հրատարակուած «Հայկական խոհանոց» գրքին մասին։ Յօդուածէն կը տեղեկանանք, թէ հեղինակը, Տիկ. Տանիէլ Յակորեան, իր մօր, 82-ամեայ Սրբուհի մայրիկի ճաշատեսակներու պատրաստութեան կերպր ուզած է փոխանցել հայկական խոհանոցային արուեստին քիչ ծանօթ կամ անծանօթ եղողներուն: Գնահատելի գործ:

5.2.2010  Նոր Յառաջ
Յօդուածին մէջ, տարակուսանք կը յայտնուի իրաւամբ, որոշ ճաշերու կամ անոնց անուններու հայկականոլթեան մասին, օրինակ՝ «թապուլէ»ն, «ղուրապիէ»ն, եւլն.:
Պարագան նոյնր չէ սակայն, «տոլմա»յի համար, որ հայկական արմատով բառ է, ինչպէս նաեւ իսկական հայկական ճաշ:
Տոլմա բառի հայկականութիւնը դիւրին է փաստել, եթէ բառարաններու դիմենք: Այսպէս, Աճառեան կու տայ բառին արմատը «Տոլի», ու կր բացատրէ; «խաղողի որթ», «որթատունկ», «տոլոյ տերեւ» (Երեւանի Համալսարանի հրատ., 1979, հատոր՝, Դ, Էջ 416): Սիմոն Գափամաճեանի, Ստեփան Մալխասեանի, Եդուարդ Աղայեանի բառարաններն ալ նոյն բացատրութիւնները կու տան: «Բառգիրք Հայկազեան լեզուի»ն կու տայ «տյուլի» ձեւր (Վենետիկ, 1837):
Ստուգաբանական այս իմաստը կարելի չէ գտնել ո՛չ Թուրքերու մօտ, ո՛չ ալ ուրիշ ազգերու, որոնք որդեգրած են տոլման ու իրենց ազգային ճաշացանկին անբաժանելի մասը կը դաւանին զայն:
Ամեն ազգ, իր երկրին, իր հողին եւ իր կլիմային տուած բարիքներուն համապատասխան ազգային խոհանոց կրնայ ունենալ: Իսկ Թուրքերը, պարզ է որ Միջին Ասիոյ տափաստաններուն վրայ խաղողի որթ, տունկ, տոլի չէին կրնար աճեցնել: Հողը նպաստաւոր չէր: Ինչպէս որթատունկը, նոյնպէս եւ շատ բանջարեղէններ, բոյսեր, տունկեր, համեմունքներ չէին ճանչնար: Թուրքերր տոլին ճանչցան, երբ սովի պատճառով դէպի արեւմուտք ասպատակելով եկան հաստատուիլ արեւմտեան Հայաստան, տիրեցին երկրին, հպատակեցուցին ժոզովուրդը եւ իւրացուցին ամեն ինչ որ տեղաբնակ Հայերու մշակոյթին մաս կր կազմէր: Իւրացուցին ուրեմն, հայկական խոհանոցն ալ, զոր շատ համով կը գտնէին: Մինչեւ այսօր ալ կ’ըսեն՝ « Կեանքիդ մէջ առնուազն մէկ անգամ Հայու տուն մը ճաշէ’»: Արդէն սուլթաններու խոհարարները հայ եղած են, անոնց միջոցաւ է որ սորված են պատրաստութեան ձեւերը: Անունները սակայն փոխած են, չկարենալով մեզի նման արտասանել: Ուստի, ճաշի տեսքին եւ պատրաստութեան ձեւին համաձայն վերանուանած են զանոնք: Եւ այդ նոր անունով է որ տարածած են մեր ճաշերը իրենց գրաւած բոլոր երկիրներուն մէջ: Այդպէս է որ ապուխտը, օրինակ, Թուրքերու կոզմէ վերանուանուած է «պասթրմա», պատրաստութեան ձեւին պատճառով, քանի որ միսը ծանր քարի տակ կը դրուի, կր ճնշուի, որպէսզի արիւնը պարպուի:
Իսկ զուտ հայկական եւ Նոյ Նահապետի օրերէն մեզի հասած «տոլիմա»ն, Թուրքերու մօտ «ի»-ի կորուստով դարձած է «տոլմա»։ Յետագայ դարերուն սակայն, այս բառը իրենց մօտ ստացած է «լեցնել»ու իմաստ, բառին արմատը չճանչնալու եւ միայն տեսքէն դատելով համապատասխան որակում մը գտնել ջանալու պատճառով։ Զեն անդրադարձած որ Հայերը կ’օգտագործեն «փաթթել» բայը, ինչպէս որ ծխախոտր կը փաթթեն թուղթով: Յոյները տոլմա բառը կր հնչեն «տոլմատաքիա» ձեւով, ըստ «իս, աս, օս, աքի, աքիա, տէս» վերջածանցներով բառ֊երը յունացնելու իրենց սովորութեան:
Հայկական անմահական տոլման, Յունաստանէն, Եուկոսլաւիայէն անցնելով հասած է մինչեւ Շուէտ, ուր այսօր, խանութներու ցուցափեղկին մէջ, պատրաստի ճաշերու կարգին կարելի է տեսնել զայն «քօլ տոլմար» անունով, որ կր նշանակէ կաղամբի տոլմար: Այնտեղ ալ «ր» գիրր աւելցած է բառին վրայ, իսկ քօլ կր նշանակէ կաղամբ (պարսկերէն քալամ, յունարէն քաուլօս, գերմաներէն քօլ), որովհետեւ հիւսիսային երկիրներր որթատունկ չունենալու պատճառով, կաղամբով կր փոխարինեն խաղողի տերեւը, կաղամբի փորին կոշտ մասը շուրջանակի հանելով եւ այնտեղ տեղաւորելով միսը:
Տոլմայի ճաշին գլխաւոր բաղադրիչր եղող որթատունկր, ըստ Աստուածաշունչին, Նոյ Նահապետն է որ տնկած է Հայաստանի հողին մէջ, որով գինեգործութեան ալ հիմքը դրուած է ու տարածուած՝ աշխարհի մէջ: Աստուածաշունչը կը վկայէ Նոյ Նահապետի գինեսիրութեան մասին…: Իսկ տոլմայի ճաշին երկրորդ կարեւոր բաղադրիչը բրինձն է, որ ծանծաղ ջուրի աւազան կր պահանջէ, ինչ որ Հայաստանի պարագան էր Ջրհեղեղի որպէս արդիւնք: Այսօր, անշուշտ, արհեստական միջոցներով ամեն տեղ կը հասցնեն բրինձ, սակայն հին դարերուն, Զինաստանէն սկսող եւ Պարսկաստանի վրայով դէպի արեւմուտք տարածուող բրինձի բնական դաշտին վերջակէտն էր Հայաստան: Միջին Ասիայի տափաստանները չէին նպաստաւորուեր այդ դաշտէն: Իսկ համեմունքները Զինաստանէն, Հնդկաստանէն, գետերու հոսքը օգտագործելով արեւմուտք բերող եւ ծախողները Հայ վաճառականներն էին։ Ուրեմն, տոլմայի բոլոր բաղադրիչներր տեղական էին՝ Թուրքերու Միջին Արեւելք տեղաւորուելէն դարեր առաջ:
Գիտենք որ տոլմայի ճաշր պատրաստութեան երկու ձեւ ունխ միսով կամ ձէթով։
Այս վերջինը «պասուց տոլմա» կը կոչուի եւ պահք ժամանակներուն կ՚օգտագործուի, երբ Եկեղեցին կ’արգիլէ միսի գործածութիւնը: Մասնաւորաբար հարաւային Հայաստանի մէջ, ձիթենիներով եւ ձէթով հարուստ եղող Կիլիկիոյ ժողովուրդր, թուփի տերեւր շատ քիչ խճողակով ինքն իր վրայ կ՛ոլորէր եւ թրքական բառով զայն «սարմա» կանուանէր, որովհետեւ թրքական տիրապետութեան դարերուն, ժողովուրդը թրքախօս դարձած էր: Մինչդեռ Թուրքերր, որոնք մահմետական են եւ պահքի սովորութիւն չունին, ձէթով պատրաստուած տոլման կր կոչեն «եալանճը տոլմա, այսինքն «սուտ, կեղծ» տոլմա, իսկական ըլլալու պատիւը վերապահելով միսով պատրաստուածին: Իսկ Յոյները, որոնց լեզուն մեծ ճկունութիւն չի ցուցաբերեր օտար բառերու արտասանութեան մէջ եւ հնչիւններու թիւով ալ աղքատ է։ նոյն այս ձէթով տոլման կ՝անուանեն «եաւլածի» տոլմա (քանի որ չունին «ճ» հնչիւնը), եւ պահածոյի տուփերով արտածեն աշխարհի ամեն կողմր:
Կր տեսնենք որ, հակառակ շատ Հայերու կարծիքին, ոչ «տոլմա» բառը թրքական է, ո՛չ ալ տոլմայի ճաշը: Այսօր, մենք իսկ կը կասկածինք թէ շատ ճաշերու հեղինակը մենք եղած ըլլանք եւ չենք համարձակիր հայկական խոհանոցի մասին խօսիլ, Թուրքերուն վերագրելով խոհանոցային մեր արուեստը: Պարզապէս մենք մեր սեփականութեանց տէր կանգնիլ չենք գիտեր: Կը թողունք որ օտարը յափշտակէ, իրը դարձնէ: Այդ պարագային մենք նոյնիսկ նոր բառ կ’օգտգործենք, ինչպէս որ հայկական արմատով «տոլմա» բառր ուրիշներուն թողած ենք եւ շինծու «լիցք» բառը կ՛օգտագործենք, որ թրքերէն լեցնել բառի հետեւողութեամբ ստեղծուած է եւ շաաերու կողմ է «մաքուր» հայերէն խօսելու նպատակով կ’օգտագորեուի: Իսկ երբ կր տեսնենք թէ մեր անհոգութեամբ ուրիշին անցած հայերէն բառը կամ հայկական մշակոյթի մէկ այլ մասնիկը աշխարհի մէջ կ’արժեւորուի ուրիշներու անունով, նոր կ’արթննանք, կր բողոքենք, կր ջանանք փաստել թէ ան հայկական է: Թայց այնքան շատ են իրենց հայկականութիւնը կորսնցուցած, մոռցուած, մեզմէ ուրիշներուն անցած եւ համաշխարհային մշակոյթին մէջ այլեւս ուրիշներու անունով յիշատակուող արժէքները, որ երբ բանասէրներս կր յիշեցնենք, կր փաստենք անոնց հայկականութիւնր, նոյնիսկ Հայերր չեն հաւատար։ Շարքր երկար է։ Թայց այսօր միայն տոլմային հայկականութիւնր ուզեցի փաստել:
Gönderen: Unanyan, Antoinette [antoinette.unanyan@siemens.com]

Yorumlar kapatıldı.