İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայոց Ցեղասպանութեան 97-րդ ամեակին Նուիրուած յուշատօն Դամասկոսի մէջ / Commemoration of the Armenian Genocide in Damascus

Հայոց Ցեղասպանութեան 97-րդ ամեակի յիշատակը հանդիսաւոր կերպով ոգեկոչուեցաւ Դամասկոսի Հայ գաղութէններս: ԴամասկոսիՀայերեքՀամայնքապետերուհովանաւորութեամբկեանքիկոչուած«Միացեալյանձնախումբը», մասնակցութեամբԴամասկահայմիութեանց, կազմակերպածէրյուշատօնգեղարուեստականբաժինով:

Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2012-ին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, որ տեղի ունեցաւ Առաջնորդանիստ Սուրբ ՍարգիսԵկեղեցւոյմէջ, կատարուեցաւմասնաւորհոգեհանգիստ, եկեղեցւոյբակինմէջգտնուողԱպրիլեանյուշակոթողինառջեւ: ՍուրբՊատարագիններկայէրնաեւՍուրիոյմէջՀՀԱրտակարգեւԼիազօրԴեսպան՝ՏիարՓրոֆ. ԱրշակՓօլատեանը:
Կէսօրին, Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող յուշարձանին առջեւ, Դամասկահայեր հոգեհանգստեան պաշտօնիաղօթքովիրենցյարգանքիտուրքըմատուցեցին: ՕրուայպատգամըփոխանցեցՀալէպիՀայԱւետարանականՆահատակացԵկեղեցւոյՀովիւ՝ՊատուելիՍիմոնՏէրՍահակեանը:
Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս Նալպանտեանը, Հայ ԿաթողիկէԱռաջնորդԱրհ. Տ. ՅիվսէփԵպսԱռնաութեանըեւԴամասկոսիՄիութեանցվարչականներուներկայացուցիչներայցելեցինՀՀԴեսպանատունեւյուշամատեանինմէջարձանագրեցինիրենցյարգանքնուզօրակցութիւնըհայնահատակներուն:
 Նոյն օրը, երեկոյեան, Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Դամասկոսի Հայ կաթողիկէԵկեղեցւոյմէջ, որմէետքհոգեհանգստեանպաշտօնկատարուեցաւ:
 Յետ Սուրբ Պատարագի Հայ կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ Ապրիլեան Նահատակաց յուշահանդէս: Օրուայ հանդիսավարԱռնօՔէշիշեանողջունելովբոլորներկաները, մէկվայրկեանլռութեանհրաւիրեցիյարգանքԱպրիլեանՆահատակներուն: ԲացումըկատարեցԴամասկոսիՀայԿաթողիկէԱռաջնորդԱրհ. Տ. ՅովսէփԵպս. Առնաութեանը: ԳերապայծառՏէրըյարութեանլոյսինտակոգեկոչեցնահատակները, որոնքմարտիրոսացանիրենցհաւատքինհամար: Յետայնուկենդանիպատկերովներկայացուեցաւ«ՀայԴատը» բեմադրութիւնը, կազմակերպութեամբՀ.Ե.Ը.-ի պատանեկանիանդամներուն: ԱպատիկինՍեւանՔէշիշեանասմունքեցՍիամանթօյի«ԱրիւնինՔերթուածը» բանաստեղծութիւնը:
       
Յայտագիրի երաժշտական մասը ճոխացուց Նուէր Աֆարեանը, դաշնակի վրայ ներկաներուն ներկայացնելով Անոյշ Սպենդիարեանի«Andantino«-ն: Երկրորդ կենդանի պատկերով հանդէս եկաւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եւ ներկայացուց «Ընդհարում 45-ին» բեմադրութիւնը, գեղարուեստականղեկավարութեամբՏոքթ. ՃօրճԲարսեղեանի:
Ապա Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Մեղրի» պարախումբը, Սոնա Խաչատուրեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբեւհեղինկաութեամբյուզական շարժումներով ներկայացուց «ԵղեռնիՅուշեր» պարը:
Օրուայ հիւրը՝ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբակիր, տիկին Պայծիկ Գալայճեան, «Պահանջատիրութեան ոգին փոխանցենքգիտակցօրէն» խորագրովբանախօսեց, շեշտելովպահանջատիրութեանոգինյետագայսերունդներունփոխանցելուանհրաժեշտութիւննուհրամայականը:













Աւարտին Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար»
երգչախումբը, խմբավարութեամբ Շանթ ՔէշիշեանիեւդաշնակինոագակցութեամբԱռնօՔէշիշեանի՝յաջորդաբարներկայացուցազգայիներգեր, դիւթելովներկաները:

Յուշահանդէսը փակուեցաւ Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի փակման խօսքով: Ապա Սրբազան Հօր պահպանիչ աղօթքով եւ Հայաստանի ազգային քայլերգով աւարտեցաւ յուշահանդէսը:
Միացեալ Յանձնախումբ
24 Ապրիլ 2012
Դամասկոս

Yorumlar kapatıldı.