ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 263.րդ. ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ (7.2.1676-27.4.1749).
Հայ Կաթոլիկ Եկեղեցական Գործիչ,Հայագէտ,Մխիթարեան Միաբանութեան Հիմնադիր
Մխիթար Սեբաստացի ծնած է, 7 Փետրուար 1676 թուականին Սեբաստիոյ մէջ:Սեբաստիոյ, օրուայ հանրածանօթ վաճառականներէն Պետրոսի որդին է.Կը կնքուի, մեծ հօր անունով,որ կը կոչուէր Մանուկ, սակայն,մենք ,ան կ‘անուանուենք Մխիթար անունով :Մխիթար հինգ տարեկանին կ‘սկսի գրել ու կարդալ սորվիլ տեղական քահանայի մը մօտ.Ան, իր ուսումը կը շարունակէ նախ,Սեբաստիոյ Սբ. Նշան,ապա Էջմիածնի, Սեւանի, Կարենի վանքերու մէջ:1693 թուականին կը մեկնի Հալէպ, ուրտեղ կը ծանօթանայ կաթոլիկ միսիոներներու հետ.1996 թուականին կը ձեռնադրուի կուսակրոն քահանայ,1699 թուականին վարդապետ,1701 թուականին Կոստանդինպոլսոյ մէջ կը հիմնէ Մխիթարեան Միաբանութիւնը:
1705 թուականին Հռոմի իշխանութիւնէն ձեռք բերելով վանք հիմնելու համաձայնութիւնը,1706 թուականին Վենետիկի ենթակայ Յունաստանի Մեթօն բերդաքաղաքի մէջ ձեռնամուխ կ‘ըլլայ վանքի կարուցումին. 1712 թուականին Հռոմի պապի կողմէ կը շնորհուի <Աբբահայր> կոչումը:
1715 թուականին խուսաբելով Թուրքական յարձակումներէ, միաբանութիւնը կը տեղափոխէ Վենետիկ.

1717 թուականին Վենետիի Ծերակոյտի հրովարտակով Սբ.Ղազար Կղզին կը շնորհուի միաբանութեան : Սեբաստացին հոս կը կառուցէ Եկեղեցին, միաբան ու գործիչներ պատրաստելու համար կը բանայ դպրոց , կը զբաղի նաեւ մատենագրական աշխատանքներով, կը ղեկավարէ միաբանութեան սաներու բանասիրական հետազոտական աշխատանքները, կը հրատարակէ նաեւ բազմաթիւ գիրքեր:
Մխիթար Սեբաստացիի մահէն յետոյ ի պատիւ անոր միաբանութիւնը կը կոչուի <ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ>:

Մխիթար Սեբաստացին հեղինակն է 1727 թուականին հրատարակուող աշխարհաբարի քերականութեան առաջին դասագիրքի <Դուռն Քերականութեան Աշխարհաբար Լեզուին Հայոց> անուն գիրքին ,իսկ 1730 թուականին ալ կը հրատարակուի անոր <Քերականութիւն Գրաբար Լեզուի Հայկազեան Սեռի> երկը:Հայագիտական մեծ նուաճում մըն է Մխիթար Սեբաստացիի 1749-1769 թուականներու միջեւ հրատարակուող , 2 հատոր <Բառագիրք Հայկազեան Լեզուի> անուն աշխատանքը , որը ունի բացարիկ արժէք մը.
Ուշագրաւ է նաեւ Սեբաստացիի 1729 թուականին հրատարակուած <Տաղարան> անուն հաւաքածոն, որի մէջի բանաստեղծութիւններէն մի քանին այսօր որպէս շարական կ‘երգուին. 1733-1735 թուականներուն ան կը հրատարակէ <Աստուածաշոինչ> մըեւ 1746 թուականին <Աւետիս Երկրի Աշխարհացոյցը> անուն երկերը.Սեբաստացին կը վախճանի, 27 Ապրիլ 1749 թուականին Սբ.Ղազար կղզիի մէջ.
Մխիթար Սեբաստացին չի յաջողեցաւ Սբ.Ղազար Կղզիի մէջ տպարան մը հիմնել,1789 թուականին , Մխիթար Սեբաստացիի յաջորդող աբբահայր Ստեփանոս Մելգոնեանի օրոք վանքը ունեցաւ իր սեփական տպարանը,հոս տպագրութցաւ հարիւրաւոր գրական , պատմաբանասիրական գիրքեր , ինչպէս եւ Վենետիկի Մխիթարեաններու պաշտօնաթերթ <Բազմավեպ>(1843),ը եւ պատկերազարդ <Գեղունին>.
Մխիթարեանները , Հայ մշակոյթը Եւրոպական քաղաքներու մէջ տարածելու ու ծանօթացնելու գործընդացքին իրենց ազգօտուտ ծառայութիւներով մեծ դեր ունեցած են շի մասնաւորին անոնց այս ուղղութեամբ ծառայութիւնները ակնայատ ու զգալի դարձուած է իրենց անունը կրող Վենետիկի ու Վիէննայի Միաբանութիւններու կողմէ.
Մխիթարեանները մեծ դեր կատարած են նաեւ Հայ հին մատենագրութեան նմոյշները հաւաքելու եւ հրատարակելու գործին մէջ: Վենետիկի եւ Վիէննայի Վանքերու մէջ կը պահուին 4000 ի չափ ձեռագիր, տասնեակ հազարաւոր հնագոյն տպագրութիւններ .
Վենետիկի Մխիթարեանները հրատարակած են գրեթէ Հայ մշակոյթի բոլոր յայտնի դէմքերու ,Ագաթանգեղոսի,Փավստոս Բիւզանդի,Մովսէս Խորհենացի,Կորիւնի, Եզնիկ Կողբացի,Եղիշէ,Ղազար Փարպեցի,Գրիգոր Նարեկացի,Ներսէս Շնորհալի եւ այլոց գործերը.
Մխիթարեանները թարգմանած են նաեւ,Յունա–Հռոմէական դասական գրականութեան եւ Արեւմտաեւրոպական գրականութեան լաւագոյն նմոյշները,Վենետիկի ու Վիէննայի Մխիթարեանները տպագրած են ,Հոմերոսի <Իլիատականն> ու<Ոդիսական>ը ,Քսենեփոնի <Կիւրոսի Խրատ>ը ,Տանթէ ի<Աստուածային Կատակերգութիւն>ը, Պայրընի <Մանֆրետ>ը,Ռասինի <Ողբերգուիւն>ը, Սոգոկլեսի <Ողբերգութիւններ>ը եւ Կեկերոնի եւ այլ փիլիսոփաներու երկերը.
Մխիթարեաններու Գրական , բանասիրական աշխատանքները կ‘ընդգրկեն հայ մշակեյթի գրեթէ, բոլոր ոլորտները , Պատմագրութիւն, Հնագրութիւն,Աշխարհագրութիւն, Մատենագրութիւն , Լեզուբանութիւն եւայլն.
Տոքթ.Սարգիս Ատամ Օգտագործուած Ակ: Գառնիկ Ստեփանեան– Մխիթար Սեբաստացի , Հայ Մշակոյթի Նշանաւոր Դէմքեր (Երեւանի Համալսարանի Հրատարակութիւն)

Yorumlar kapatıldı.