İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոյս Տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի Գրական Պտոյտներու Շարքին Տասներորդ Հատորն Ալ


ՊՏՈՅՏ՝ ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ, ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ԹԷՈԴԻԿԻ ԵՒ ԿԻՒՐՃԵԱՆՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԻ ՔՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ



Մեր գրասէր ընթերցողներուն կը հաղորդենք թէ գիրքի ձեւով լոյս ընծայուեցաւ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի « Պտոյտ Հայ Գրականութեան Քուլիսներուն Մէջ » շարքի տասներորդ հատորն ալ, որուն մէջ տեղ գտած են Արամ Անտոնեանի, Արշակուհի Թէոդիկի, Մելքոն Կիւրճեանի, Միքայէլ Կիւրճեանի եւ Տիգրան Կամսարականի յատկացուած բաժինները։  Շարքին այս յօդուածները « Մարմարա » ի մէջ որոշ ընդհատումներով հրատարակուած էին 2011 թուականի Մայիսէն մինչեւ Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշերտի ընթացքին։ Մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էին մասնաւորաբար Արամ Անտոնեանի ու Արշակուհի Թէոդիկի բաժինները։

Այս հատորով մեր Խմբագրապետը ամբողջացուցած կ՛ըլլայ մեր գրականութեան ինչ ինչ տիտան դէմքերու անձնական կեանքին նուիրուած շատ հետաքրքրական շարքի մը տասը հատորները։ Այս տասը հատորները, քով քովի գալով, ամբողջական գրադարան մը կը կազմեն մեր գրականութեան որոշ մէկ հատուածին մասին։ Այս շարքը գրի առնելու ընթացքին հեղինակին նպատակը եղած է միշտ զբաղիլ ո՜չ թէ գրագէտներուն գրականութեամբ, այլ անոնց ապրած հերոսական կեանքով, ցոյց տալ թէ մեր գրականութիւնը յաճախ ստեղծուած է ծանր զոհողութիւններու ու տառապանքներու գծով, յիշեցնել թէ մեր գրականութեան հերոսները պէտք է ոգեկոչուին ո՜չ միայն իրենց տուած գործին հասակով, այլ նաեւ այն զոհաբերութեամբ կամ նուիրումով, զորս անոնք կրցած են ցոյց տալ մեր մշակոյթին ու մեր ազգային լինելութեան նկատմամբ։
Մեր Խմբագրապետը, որ այժմ սկսած է հրատարակել պտոյտի նոր շարք մը, « Պտոյտ Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ », երբ մէկ կողմէ հատորներու կը վերածէ նոր լոյս տեսած իր յօդուածաշարքերը, մէկ կողմէ ալ կը ջանայ հատորներու վերածել այն հին « Յուշատետր »երը որոնք ցարդ արժանացած չեն գիրքի վերածուելու բախտին։ Այս կարգէն տակաւին տասը օր առաջ հրատարակուած էր « Յուշատետր » շարքի 26րդ հատորը, « Դիմանկարներ » վերնագրի ներքեւ։ Այս հատորը ի մի կը բերէր 1993 թուականին հրատարակուած յօդուածներու շարք մը, զանազան նիւթերով, ոմանք մեր համայնքային կեանքին գոյն տուող անձերու դիմանկարներ, ուրիշներ, ինչպէս Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած շարքը, մեր մշակութային կեանքէն ցոլացող շքեղ պատկերներ։
Վերջին այս երկու հատորներէն « Դիմանկարներ » ը հրատարակուած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի քաջալերութեամբ, իսկ « Պտոյտ Գրականութեան Քուլիսներուն Մէջ» շարքի տասներորդը, ինչպէս բոլոր նախորդները, հրատարակուած են Պէյրութէն  Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան ամոլի մեկենասութեամբ։

Yorumlar kapatıldı.