İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայկական Օրեր Միւնիխի Մէջ

Երեք տարի է արդէն Միւնիխի մէջ գեղեցիկ սովորութիւն եղած է հայկական օրերուն կազմակերպումը։ Այս տարի անոնք տեղի ունեցան Յունուար 31էն Փետրուար 3, Միւնիխի Լուտվիկ Մաքսիմիլիան համալսարանի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հիմնարկէն ներս։ Այս մասին յատուկ Tert.am-ին կը տեղեկացնէ պատմաբան Վահէ Թաշճեան, Պերլինէն։

Հայկական օրերուն նախաձեռնողն ու կազմակերպիչն է Թալին Սուճեան, որ կը դասաւանդէ նշեալ հիմնարկէն ներս։ Ինչպէս ան նշեց իր բացման խօսքին մէջ, այս հանդիպումները կը միտին ցոյց տալու, որ Միջին Արեւելքի մասնագիտութիւնները չեն կրնար սահմանափակուած մնալ թրքագիտութեան, արաբագիտութեան, եբրայագիտութեան ու իրանագիտութեան մարզերով։ Տարածքէն ներս կան նաեւ այլ ժողովուրդներ, ինչպէս հայերը, քիւրտերը, ասորիները, որոնք բաղկացուցիչ մասերն են շրջանի պատմութեան ու մշակոյթին։ Անոնց ձայնը լսելի դարձնելը, անոնց պատմագիտութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնները սերտելը պարզապէս կրնան հարստացնել գիտութիւնը, աւելի խորացնել Միջին Արեւելքի մասին ընդհանուր ծանօթութիւնները։ Թալին Սուճեան նաեւ այս իմաստով շեշտեց հայերէն լեզուին կարեւորութիւնը, եւրոպական համալսարաններէն ներս հայերէն դասանդելու անհրաժեշտութիւնը։ «Վերջին հաշուով հայերէնով գրուած աղբիւրները կրնան նոր հորիզոններ բանալ Միջին Արեւելքի կապուած տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ »,- դիտել տուաւ հայկական օրերուն գլխաւոր կազմակերպիչը։
Յունուար 31ին տեղի ունեցան պոլսահայ գրող Յակոբ Մնձուրիի գիրքէն ընթերցումներ, որոնք կատարուեցան հիմնարկի ուսանողուհիներ Հիւլիա Պոզքուրդի եւ Ելիզ Սոյթեմելի կողմէ։ Առիթը Մնձուրիի 125 ամեակն էր, որ այս տարի կը ոգեկոչուի Պոլսոյ մէջ։ Ներկաներուն համար ընթերցուեցաւ հեղինակին «Ես» փորձը, որ թարգմանուած էր գերմաներէնի։
Փետրուար 1ին դասախօսեց Վահէ Թաշճեան (Պերլին), նիւթ ունենալով Տիարպեքիր նահանգէն հայերու գաղթը դէպի Սուրիա 1920ական թուականներուն։ Դասախօսը անդրադարձաւ բազմազան այն ճնշումներուն, որոնք գործադրութեան դրուեցան այդ ժամանակներուն թրքական տեղական իշխանութիւններուն կողմէ՝ հայերու, ինչպէս նաեւ ասորիներու վերջին մնացորդներ Սուրիոյ հետ սահմանակից թրքական այս տարածքներէն հեռացնելու նպատակով։ Վահէ Թաշճեան օրինակներու ճամբով նշեց, որ այս տարագրութեան մէջ տեղական կարեւոր դերակատարներ փաստօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հայերու բռնագաղթին ու ջարդերուն։ Այս ձեւով դասախօսը գաղափարական շարունակութիւն մը կը տեսնէ նախկին իթթիհատական վարչակարգին ու նոր Թուրքիոյ քեմալական իշխանութիւններուն միջեւ։
Փետրուար 2ի դասախօսն էր Յարութիւն Գէորգեան (Փարիզ)։ Նիւթն էր Պիթլիս նահանգին հայերու գիւղական ու քաղաքային ժողովրդագրական կառոյցը՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն առաջ։ Դասախօսը վիճակագրութիւններու ճամբով ցոյց տուաւ գիւղական համայնքներու թուային գերակշռութիւնը, զանազան մանրամասնութիւններ ներկայացուց գիւղական կեանքին մասին։ Գէորգեան իր դասախօսութեան մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ նաեւ Պիթլիս նահանգէն ներս հայ եւ քիւրտ համակեցութեան, շեշտը դրաւ այն կէտին վրայ թէ ինչպէս քրտական ներկայութեան հզօրացումը սուր հակադրութիւններու առիթ տուած է հայերուն եւ քիւրտերուն միջեւ։
Փետրուար 3ի հիւր դասախօսն էր Արա Սարաֆեան (Լոնտոն)։ Նիւթն էր հայերը Խարբերդի մէջ՝ Թանզիմաթի (օսմանեան բարեփոխութիւններ) տարիներուն։ Դասախօսը իր նիւթը վերնագրած էր «Զուգահեռ համայնքներ, անջատ զարգացումներ»։ Ան փորձեց ցոյց տալ թէ ինչպէս այդ տարիներուն հաստատուած հայկական Ազգային Սահմանադրութիւնը կազմակերպական յեղաշրջում մը յառաջ կը բերէ հայկական միլլէթէն (համայնք) ներս եւ առիթ կու տայ աւելի ամուր եւ բեղուն համայնքային գործունէութեան մը։ Ան այս իմաստով լուսարձակի տակ առաւ Խարբերդի շրջանը, ուր կարճ ժամանակի մը մէջ հայերը կը յաջողին կրթական հաստատութիւններու ամբողջ ցանց մը հաստատել, գիրն ու գրականութիւնը տարածել։ Խարբերդի հայը նոյն այս ժամանկներուն կը յատկանշուի տնտեսական ու արհեստագիտական իր յաջողութիւններով։ Սարաֆեան դիտել տուաւ որ Խարբերդի ոչհայերը եւ ի մասնաւորի քիւրտ ու թուրք տարրը նոյնքանով չէ կրցած օգտուիլ այս բարեփոխումներէն ու նոյն կշռոյթով զարգացում չէ ապրած։ Այս երեւոյթը, դասախօսը նկատել տուաւ, կրնայ բացատրութիւններ տալ յետագային տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն։
Միւնիխի հայկական օրերը կարճատեւ առիթ մըն են հայկական պատմագրութիւնն ու հայկական մշակոյթը տեղական մակարդակի վրայ ծանօթացնելու ու անոնց նկատմամբ հետաքրքրութիւն ստեղծելու։ Կազմակերպիչները խոստացան նոյն ուղիով շարունակելու եւ ժամադրութիւն տուին գալ տարի՝ նոյնանման հայկական օրեր կազմակելու։
Tert.am
Share |

Yorumlar kapatıldı.