İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԲ. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՋՐՕՐՀՆԵԱՑ ԽԱՉԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Պատիւն ունինք յայտարարելու թէ տարւոյս Սբ. Ծննդեան տօնին, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի մէջ Հայրապետական Պատարագի ընթացքին, Ջրօրհնեաց արարողութեան տարուայ խաչկնքահայր դարձաւ,Դամասկոսի գաղութէն ազգային բարերար՝ Տիար Գաբրիէլ Ջէմպէրճեանը:

 Դամասկոսի Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը հոգեյոյզ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Ջրօրհնեաց օրհնաբաշխ խաչը, Տիար Գաբրիէլ Ջէմպէրճեանի ջանքերով կը բերուի Դամասկոս:
Այս հոգեպարար առթիւ, Սբ. Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի օրհնութեան յատուկ կարգ Սբ. Էջմիածնի Խաչով, ձեռամբ՝
Գերշ. Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանի,
Առաջնորդ Հայոց Դամասկոսի Թեմի
Կիրակի, 15 Յունուար 2012-ին
Սբ. Պատարագ      ժամը 10:00-ին
Օրհնութեան Կարգ         ժամը 11:30-ին
Կը հրաււիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու պատմական այս առիթին, ուխտանորոգ միասնաբար դիմաւորելու Սբ. Էջմիածնի Խաչը:
²½•© ²é³çÝáñ¹³ñ³Ý« ¸³Ù³ëÏáë

Yorumlar kapatıldı.