İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տեսանք-Լսեցինք «ՄԵՆՔ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ԵՆՔ»

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան երէկ Անգարայի մէջ այցելեց Թուրքիոյ Կրօնից Տեսուչ Մէհմէտ Կէօրմէզին։ Այսօր հրատարակած ենք այս մասին Պատրիարքարանէն ստացուած հաղորդագրութիւնը, որ բացատրութիւններ կուտայ այս կարեւոր այցելութեան, ինչպէս նաեւ Անգարայի մէջ կայացած ուրիշ հանդիպումներու մասին։ Ինչպէս կը կարդացուի հաղորդագրութեան մէջ, Արամ Սրբազան իր գնահատանքի ու ուրախութեան արտայայտութեանց մէջ ըսած է որ «մենք փոքրամասնութիւն բառէն աւելի կարեւորութիւն կ՚ընծայենք այն իրականութեան, թէ բոլորս ալ այս հողերուն զաւակներն ենք եւ դարեր շարունակ ապրած ենք խաղաղ շրջանակներու գործունէութեամբ։ Ասիկա միջոց մը խանգարուեցաւ, ներկայ ժամանակներու հրամայականն է վերադառնալ հնամենի եւ դարաւոր քաղցր յիշատակներուն եւ վերստին կեանքի կոչել զանոնք»։

Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ Արամ Սրբազանին վերագրուած այս խօսքերը հաւասարակշռեալ եւ տրամաբանական են եւ լաւ է որ Սրբազան Հայրը ընդգծած է որ բոլորս ալ այս հողերուն զաւակներն ենք եւ այս իրականութիւնը մեզի համար աւելի կարեւոր է քան ինչ որ կը ներկայացնէ «փոքրամասնութիւն» բառը։
Բայց երէկ, երբ տակաւին չէինք ստացած Պատրիարքարանի հաղորդագրութիւնը, Արամ Սրբազանի կողմէ Անգարա Կրօնից Տեսչութեան տրուած այցելութեան մասին կարդացած էինք «Զաման» թերթի կայքէջին վրայ հրատարակուած թղթակցութիւն մը, ուր Արամ Սրբազանի վերագրուած է սա նախադասութիւնը.
«Ես ցաւ կը զգամ փոքրամասնութիւն բառէն, ես փոքրամասնութիւն չեմ, հազարաւոր տարիներէ ի վեր հոս ապրող մէկն եմ։ Դարեր շարունակ եղբայրաբար միասին ապրեցանք որպէս երկու կրօնք եւ երկու հաւաքականութեան պատկանողներ։ Միջոց մը այս բոլորը խանգարուեցան, բայց հիմա հին բարքերուն վերադառնալու ժամանակն է։ Եւ ա՜յդ է որ կը տեսնենք այժմու կառավարութեան օրով։ Հիմա կը տեսնենք որ այլեւս փոքրամասնութիւն ըսուած բան մը չկայ։ Հայ, յոյն, ասորի չկայ, կան այս հողերուն եւ Աստուծոյ զաւակները։  Մենք, որպէս կրօնական առաջնորդներ, այսպէս կը հասկնանք։ Կրօնքը մէկ կողմէ, ինքնութիւնը միւս կողմ։ Բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներն ենք»։
Արամ Սրբազանին վերագրուած այս խօսքերը, եթէ ճիշդ գրի առնուած են, դարձեալ շինիչ ու տրամաբանական են, բացի մէկ կէտէ։ Փոքրամասնութիւն բառի նկատմամբ յայտնուած վերապահութենէն։
Այս սիւնակներուն մէջ եւ այլուր մենք միշտ կրկնած ենք որ մենք բացարձակապէս իրաւունք չունինք անհանգստանալու «Փոքրամասնութիւն» բառէն, բառ՝ որ մեզի տրուած որակական է ո՜չ թէ որպէս մեզի նկատմամբ նախատինքի կամ խտրականութեան արտայայտութիւն, այլ որպէս հաստատում՝ որ մենք մասնաւոր իրաւունքներու տէր հաւաքականութիւն մըն ենք։ Արդարեւ մենք եկեղեցական, կրթական, ընկերայինու մամլոյ բոլոր մեր իրաւունքները եւ մայրենի լեզուի մեր գործածութեան արտօնութիւնը կը վայելենք շնորհիւ անոր որ երկիրը մեզ ընդունած է որպէս «փոքրամասնութիւն»։ Մենք ո՜չ միայն անհանգիստ պիտի չըլլանք ՚փոքրամասնութիւնՙ բառէն, այլ նաեւ պիտի գուրգուրանք այդ բառին վրայ եւ կատաղօրէն տէր պիտի կանգնինք անոր, եթէ ոմանք ուզեն զայն կորզել մեզմէ կամ անտեսել այդ բառին կողմէ մեզի տրուած ազատութիւններն ու իրաւունքները։ Մենք վստահ ենք որ Արամ Սրբազան այդ իմաստով չէ՜ որ ըսած է այն ինչ որ երէկ գրուած էր «Զաման»ի կայքէջին մէջ, որովհետեւ վստահ ենք նաեւ որ ան ալ գիտէ թէ եթէ այսօր մեր եկեղեցիներէն ներս ունինք կրօնական ազատութիւն, եթէ մեր դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդենք մեր մայրենի լեզուն ու կրօնքը, եթէ հայատառ թերթ կը հրատարակենք ու հայերէն լեզուով թատրոն կը սարքենք, մշակութային ձեռնարկներ եթէ կ՚իրականացնենք մեր մայրենի լեզուով ու բարքերով, եւ դեռ շատ բան, այս բոլորը կարելի եղած է անոր համար որ մենք ընդունուած ենք որպէս «փոքրամասնութիւն»։ Եթէ մեզի հարցուի, մենք պիտի ըսենք, եւ արդէն միշտ ըսած ենք, որ մենք ՚փոքրամասնութիւնՙ բառը կ՚ընդունինք որպէս պատիւ եւ առանձնաշնորհում։ Եւ դարձեալ եթէ մեզի հարցուի, պիտի ըսենք որ «փոքրամասնութիւն» բառը մերժելը այսօր համազօր կրնայ դառնալ մերժելու մեր մայրենի մշակոյթին ու կրօնքին վրայ մեր ունեցած իրաւունքները։ Ո՞ր ինքնագիտակից հայ մարդը պիտի ընդունէր մերժել այս իրաւունքները, մինչ ուրիշ հաւաքականութիւններ այնքան ուժեղ պայքար կը մղեն ընդունուելու համար որպէս փոքրամասնութիւն։
Կայ նաեւ շատ կարեւոր սա կէտը։ Եթէ մենք հոսհոն ըսենք որ անհանգիստ ենք ՚փոքրամասնութիւնՙ բառէն, տեղացի բանիմաց ու խղճամիտ մարդիկ ալ պիտի վարանին մեզի համար այդ բառը գործածելու, պիտի վախնան որ մեզ կը վիրաւորեն եթէ այդ բառը գործածեն եւ պիտի ուզեն անտես առնել այն լայն պարունակը որ ըստ մեզի կայ այդ «փոքրամասնութիւն» բառին մէջ։
Մենք այս հողին զաւակներն ենք, այո՜, հարկաւ, բայց մենք փոքրամասնութիւն ենք։
Ռ. Հ.
ՄԱՐՄԱՐԱ

Yorumlar kapatıldı.