<Լեզու>, ըսելով կը հասկնանք , անհատներու ,հոգեկան , զգացական , մտային ու ներաշխարհի արտադրութիւնները բերանացի եւ կամ գրաւոր նշաններու ու ձայններու դրութեան այն ամբողջականութիւնը որ, մարդիկ իրենց միջեւ հաղորդակցութեան եւ նաեւ , իրենց միջեւ կապ հաստատելու համար կը գործածեն; Լեզուն , Մարդկային հաւաքականութիւններուն գոյատեւման համար , անզիջելի ու հիմնական անհրաժեշտութիւն մըն է կրնանք ըսել:
<Մայր Լեզու>, ըսելով , պատմական որոշ ժողովուրդի, եւ կամ որոշ հաւաքականութեան մը , եւ կամ որոշ ազգի մը պատկանող անհատներուն իրենց միջեւ գործածաց, ինքնայատուկ լեզուն կը հասկնանք, մայր լեզուն, ձեւով մը ազգային նկարագիր մը ունի կրնանք ըսել , մայր լեզուի այս նկարագիրը կրնայ անհատներուն պատկանելիութիւնը ու ինքնութիւնը մատնանշել, հոս կարեւոր է, անհատներուն , մայր լեզու գաղաբարի իմաստին ըմբռնումը, ինքնութեան ու պատկանելութեան գիտակցութիւնը ու հասկացողութիւնը.:
20 Փետրուար ին, UNESCO ի, < Միջազգային Մայր Լեզուի Օր> առթիւ
<Աշխարհի Վրայ Վտանգի Տակ Եղող Լեզուներ> անունի տակ հրապարակաց քարտէսին մէջ Արեւմտահայերէնը դասաւորուելով,< Լուրջ Վտանգի Տակ Եղող Լեզուներ>ու կարգին, ի մասնաւորին ,կը շեշտուի թէ, արեւմտահայերէնը Թուրքիոյ ու Լիբանան ի մէջ, անհեռքելի օրէն ,<Կորսուելու Լուրջ Վտանգի Տակ>է:
Նորութիւն մը չէ որ , Ամերիկա, Եւրոպա, Թուրքիա,Լիբանան, Եգիպտոս, Ուրուկուայ,Արկինթինիա, Գանատա ի մէջ շուրջ երեքուկէս միլիօն հոգի կողմէ գործածուաց արեւմտահայերէնը , երկար տարիներէ ի վեր իր նահանջը կ’ապրի, սակայն, հոս նպաստաւոր կը նկատենք , նահանջի ծնունդ տուող գլխաւոր ազդակներուն դարձեալ հակիրճ աչք մը նետել.
Սփիւռոահայութեան մէջ , կայ սերուդ մը , որոնք, ոչ միայն ազգային կատարեալ զգացումներով հայերէն կը խօսին, նաեւ իրենց միջավայրի մէջ ալ կը կարդան ու կը գրեն կատարեալ հայերէն, սակայն , կարճ ժամանակ ետք , կամայ ու ակամայ կ’ազդուին տեղական լեզուէն , եւ կ’սկսին տեղական օտար բառեր գործածել իրենց խօսակցութեան մէջ, ու հետզհետէ կը դադրին հայերէն թերթ կարդալ ու հայերէն նամակ գրել:
Նոր սերունդի հայերը արդէն իսկ, շատ հեռու է, հայերէն կարդալէ , ու գրելէ,
Սփիւռքի հայախօս ընտանիքներու նորածին մանուկները աչքերնին կը բանան , տեղական հեռուստատեսիլի , ոչհայերէն/ տեղական լեզուով , պատրաստուած մանկական ժապաւէններու ցուցադրութեան,իսկ, ականչնին կը լսէ տեղական ոչհայերէն բառեր : Եթէ այն ընտանիքին մէջ , հայերէն խօսիլը պարտադիր չէ եղած , այդ ընտանիքի մէջ ապրող մանուկը նախ պիտի սորվի ոչ թէ իր մայրենի լեզուն, այլ տեղական ոչհայերէն լեզուն.
Անյարմար պայմաները ու դժուարութիւնը կը խիստանայ , երբ որ , մանուկը նախ մանկապարտէզի ապա վերջ դպրոցի տարիքին կը հասնի, սփիւռոահայութեան ամէն հայ բնավայրի մէջ հայկական մանկապարտէզի ու դպրոցի չգոյութեան պատճառաւ մանուկը պիտի սորվի նախ ոչ թէ իր մայերին այլ տեղական լեզուն,
Հոս անհեռքելի է, Հայ ծնողքին մայերենի լեզուի հանդէպ գիտակցութիւնը,
Մայերենի լեզուի իմաստին ըմբռնումը, հայ կրթարանի մը գոյութեան կարեւորութիւնը.
Սփիւռքահայութեան մէջ ուրիշ մէկ սերունդ մը կը ներկայացնեն մռայլ դէմք մը, որոնք, առանց հայերէն կարենալ կարդալ ու գրելու, օտարախառն հայերէն լեզուով խօսողներ են , իրենց կարգին չգիտցած հայերէնով , ինչ`, պիտի կարենան տալ իրենց զաւակներուն,հետեւաբար, հոս ալ դարձեալ յայտի կ’ըլլայ Հայ Կրթարանի եւ կամ<Հայ Եկեղեցի>ի կարեւորութիւնը:
Մայրենի լեզուին հիմնական սնունդն է , <Հայ Հոգի> ու<Մայրենի լեզուի Գիտակցութիւն>ը, առանց հայ հոգիի ու գիտակցութեան մայրենի լեզուն նախ կը տկարանայ ու ապա կ’անհետանայ , կան անշուշտ, ՎԻլյամ Սարոեանի , Փիթէր Պալաքեանի , Գիրք Գիրգորեանի եւ ուրիշներու նման, ընդունելի բացարութիւններ , որոնք թէեւ հայերէն չէն գիտեր , սակայն հոգիով ու սիրտով գիտակից հայեր են եւ ստանձնելով որոշ առաքելութիւններ կը ծառայեն հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար.
Անշուշտ ,կան արեւմտահայերինի նահանջի կանխարգելիչ ու կասեցուցիչ միջոցառումներ, ինչպէսին, կարելի է , Ֆինանսական,Վարչական, Կրթական, Անձնական հիմնական գլուխներու մէջ դասաւորել;
Ա- Ֆինանսական Միջոցառում:
Ազգային եւ կամ Համայքային Հաստատութիւններու եւ ընտանիքներու մասնակցութեամբ հաստատել < Մայերնի Լեզուի Կենդանցման ու Զարգացման Ֆօն>:
Բ-Վարչական Միջոցառումներ:
Համայնքային բոլոր կրթական հաստատութիւններու մասնագէտ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կազմել <Մայրենի լեզուի Հետազօտիչ ու Խորհուրդատու Հասարակաց Մարմին> մը , որը պիտի ստանձնէ , մայրենի լեզուի դասաւանդութեան ու սերտողութտեան համար , գաղութի , նպաստաբեր ամէնահարմար հասարակաց դրութիւնը ճշդելու պարտականութիւնը.
Զարկ Տալ Դպրոցներու Զարգացման, Յատկապէս Զարկ Տալ Արեւմտահայերէն Ուսուցանող Ուսուցիչներու Նախա ու Վերա Պատրաստական Աշխատանքներու– ֆինասաւորումը Ֆօնի կողմէ-
Գ-Կրթական Միջոցառումներ:
ա-Դասանիւթերը, դասագիրքերը,դասաւանտութեան միջոցները մասնագէտներու կողմէ վերաքննութեան ենթարկել,ու ի տեղին արդիականացնել ու Ժամանակակից հնարաւորութիւնները օգտագործել.
Բ- Հայերէն Օրաթերթերը , վարժարաններու մէջ, որպէս, օժանդակ դասանիւթ գործածել.
գ- Մանուկներու , ու երախաներու համար մասնայատուկ Հայերէնով պակերազարդ գիրքեր , ձայնաերիզներ , մանկական ժապաւէններ DVD, Video,
պատրաստել:, մանուկներու միջեւ, մանկական հայերէն երգերու մրցանակներ, ու այլ խաղեր կազմակերպել.
դ-Արեւմտահայերինի Հրատարակութիւններու զարկ տալ:
ե- Բանախօսութիւններ կազմակերպելով , հրատարակուրիւններով , Հայ մամուլի եւ եթէ կան Հայերէն Ձայնասփիւռի եւ կամ Հայերէն Հեռուստատեսիլի միջոցով , ժողովուրդին մայրենիի հանդէպ հետաքրքրութիւնը քրքրող քարոզչական աշխատանքներու զարկ տալ:
զ- Սանոց Միութիւններն , կրթական եւ մշակոյթային այլ կազմակերպութիւններն ալ , արեւմտահայերինի նահանջի կասեցման եւ կամ կանխարգելման աշխատանքներուն ,իրենց հնարաւորութեան սահմաններու մէջ պաշտօն ու պատասխանատութիւններ ստանձնելով համագործակծելու են,
–Մայերինիի Սերտեղութիւն, Դասախօսութիւններ, Հայերենի Մրցախաղեր, կարելի է կազմակերպել.
Դ-Անձնական Միջոցառումներ:
Յաճախակի Հայերէն թերթ ու կամ այժմեական հայերէն գիրքեր կարդալ , չհասկցուած բառերու իմաստը , բառարանէն սորվիլ.
Համարձակեցէք, առանց սխալ խօսելու վախ ու ներքին ճնշում ունենալու, ազատ ձեւով հայերէն խօսելու.
Փորձեցէք , ձեր , ընկերային,ազգականային, ու այլ մտերմային մօտ շրջանակներու մէջ , միշտ Հայերէն խօսելու միջավայր մը ստեղծել.
Փորձեցէք, յաճախ հայերէն Ձայնասփիւռ, Հայկական եթերներ, հայկական երգեր, իմանալ, Հայկական Հեռուստատեսիլ դիտել.
Փորձեցէք ձեռ Հայերէնի բառամթերքը հարուստացնել.
Փորձեցէք ամէն օր , մի քանի շատ պարզ, հայերէն նախադասութիւններ գրել , յաջորդ օր նախորդ օրուանը կարդալ ու սխալները սրբագրել.
Անշուշտ կարելի է, այս ուղղութեամբ օրինակները բազմացնել, սակայն ամէնակարեւորը, <Արեւմտահայերէնի Կորսուելու Լուրջ Վտանգի> դէմ, առանց յույսահատութեամբ, շուտ օրէն աշխատելու սկսիլն է, որը բոլորիս պարտականութիւնն է. Յաջողութեան համար պայման է , Կամք, Համագործակցութիւն, Միասնական ու Հասարակաց Ծրագիր, Համախմբուած Աշխատանք.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ.
Yorumlar kapatıldı.