İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայաստանի Հանրապետութեան 20ամեակի Առիթով Պարգեւատրում Երեւանի Մէջ ՄԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՁԵՌԱՄԲ ՍՏԱՑԱՒ « ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ » ՇՔԱՆՇԱՆ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- 17 Սեպտեմբեր Շաբաթ օրը գագաթային օր էր մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի ու « Մարմարա » թերթի համար։ Առաւօտուն ժամը 11.00ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Պալատին մէջ սարքուած շատ փառաւոր հանդիսութեան մը ընթացքին, մեր Խմբագրապետը Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռքով ստացաւ Հայաստանի պետութեան բարձրագոյն շքանշանը « Ս. Մեսրոպ Մաշտոց »շքանշան։

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնարկութեան 20րդ տարեդարձի առիթով կազմակերուած այս հաւաքոյթի ընթացքին մօտաւորապէս 200 անձեր, որոնք Հայաստանի ու Արցախի, հայ մշակոյթի ու հանրային կեանքի ծառայողներ եղած էին, պարգեւատրուեցան զանազան շքանշաններով կամ կոչումներով՝ ինչպէս Մեսրոպ Մաշտոց շքանշան, Մովսէս Խորենացի շքանշան, Անանիա Շիրակացի շքանշան, զինուորական խաչի շքանշաններ ու մետայլներ, մարտական մասնակցութեան մետայլ կամ պատուոյ կոչումներ։


Պարգեւատրեալներու այս բազմութեան մէջ միայն 40 սփիւռքահայեր կային, միւսները Հայաստանի մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, զինուորականներ, ոստիկանական հրամանատարներ էին, որոնք կը ստանային իրենց կատարած գործին համապատասխան մրցանակներ։ Միայն չորս հոգի ստացաւ բարձրագոյն « Մեսրոպ Մաշտոց »շքանշան եւ անոնցմէ մէկն էր մեր Խմբագրապետը Ռ. Հատտէճեան։
Իսկ օրուան երկրորդ իրադարձութիւնն էր Մարմարա թերթի 70ամեակին նուիրուած միջոցառումը, որ օփէրային թատրոնի « Առնօ Պապաճանեան » սրահին մէջ անցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ Սրահը բերնէ բերան լեցնող ունկնդիրները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Մարմարաի մասին զեկուցումներու, ունկնդրեցին նաեւ երգչուհի Լուսի Գահվէճիօղլուի ու երգիչ Պարթեւ Կարեանի երգերը։ Այս մասին այսօր կը հրատարակենք անջատ թղթակցութիւն։
ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Մեր Խմբագրապետը, որ հազիւ 24 ժամ առաջ լսած էր որ ինք պիտի պարգեւատրուէր « Մեսրոպ Մաշտոց » շքանշանով, Շաբաթ առաւօտ ընդունուեցաւ Նախագահական Պալատէն ներս, ուր կþընդունուէին միայն պարգեւատրութեան արժանացած անձերը։ Սրահը ուրեմն բերնէ բերան լեցուն էր ու հոն էին Հայաստանի Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Սփիւռքի Նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան, բազմաթիւ Նախարարներ ու բարձրաստիճան ղեկավարներ։
Ժամը 11.00ին սրահէն ներս մուտք գործեց Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ ողջունեց ներկաները ու ըսաւ որ շատ ուրախ է որ Հանրապետութեան 20ամեակի առթիւ պարգեւատրում կը կատարուի։ Ապա հանդիսավար Տիկին մը սկսաւ մի առ մի կարդալ անուններ, նշելով թէ ինչո՜ւ կը պարգեւատրուէին անոնք եւ թէ ի՜նչ պաշտօններու վրայ էին։ Նախագահ Սարգսեան մի առ մի կը յանձնէր մրցանակը, կը շնորհաւորէր մրցանակաւորը։ Ակզբնական անուններէն մէկն էր մեր Խմբագրապետին անունը, որ ստացաւ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը։ Նախագահը մրցանակը յանձնելու ընթացքին մասնաւոր կերպով շեշտեց, ըսելով.
Շատ կը գնահատեմ ձեր վաստակը։
Մեր Խմբագրապետն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ու ըսաւ որ մեր թերթը եւ ունկնդիրները խոր գնահատանքով կը հետեւին Նախագահին իմաստուն պատգամներուն։
Մօտաւորապէս 200 հոգի այսպէս ստացաւ զանազան պարգեւներ։ Իսթանպուլէն Մովսէս Խորենացի մետայլի արժանացաւ նաեւ Տիգրան Ալթուն։ Շատ մեծ թիւ կը կազմէին զինուորական բարձրաստիճան ծառայողներ, զինուորներ, ոստիկանական պաշտօններու հրամանատարներ, որոնք զինուորական քալուածքով կը մօտենային Նախագահին ու իրենց պարգեւը ստանալէ վերջ կը գոչէին.
Ծառայ եմ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Բարձրաստիճան զինուորականներէն երէցներուն կուրծքերը արդէն զարդարուած էին տասնեակներով մետայլներով, յայտնի է որ անոնք ուշագրաւ յաջողութիւններ արձանագրած էին։ Հանդիսութիւնը տեւեց աւելի քան մէկ ժամ, եւ երբ վերջին պարգեւն ալ տիրոջը յանձնուեցաւ, Նախագահ Սարգսեան ըրաւ ճառախօսութիւն մը, նախ շնորհաւորելով Հանրապետութեան քսանամեակը։ Ըսաւ որ պարգեւատրեալները արժանաւոր ներկայացուցիչներն են հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին, այսպիսի հերոս մարդոց շնորհիւ է որ հանրապետութիւնը բոլորեց իր քսան տարիները։
՚Քսան տարի առաջուան Հայաստանը տարբեր երկիր մըն էր, այսօրուան Հայաստանը բոլորովին տարբեր երկիր է։ Այնուհանդերձ երկուքն ալ նոյն երկիրն են, որ հայրենիքն է հազարաւոր տարիներու անցեալ ունեցող ժողովուրդի մը մշակոյթին ու ապրումներուն։ Սփիւռք, Արցախ ու Հայաստան, այժմ բոլորը ամբողջականութիւն մը կը կազմենՙ։
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին վաստակին համար եւ ըսաւ. « Դուք պիտի շարունակէք ստեղծել նորանոր յաջողութիւններ » Նախագահ Սարգսեանի ուղերձը ամբողջութեամբ կարդալ միւս էջերուն վրայ_։
Երբ հանդէսը վերջացաւ, բոլոր պարգեւատրեալները քովնտի սրահին մէջ ստացան մէկմէկ բաժակ շամբայն։ Բաժակներով անոնք շնորհաւորեցին Նախագահ Սարգսեանը, Վարչապետ Սարգսեանը ու Պաշտպանութեան Նախարար Օհանեանը, որոնք քով քովի կանգնած՝ կ՛ընդունէին շնորհաւորութիւնները։
Մեր Խմբագրապետը ելքի ընթացքին ենթարկուեցաւ զինքը լաւ ճանչցող թղթակիցներու յարձակման։ Հեռատեսիլի կայաններու աշխատակիցները կարգով կը հարցնէին մեր Խմբագրապետին տպաւորութիւնները, եւ մեր Խմբագրապետը անձանձրոյթ կերպով ու մեծ հաճոյքով կը պատասխանէր անոնց հարցումներուն։

Yorumlar kapatıldı.