İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՀԱՐՑՈՎ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՍԱՐՔԵՑԻՆ ՈՒ ՊԱՏՄԵՑԻՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉ

ՄԱՐՄԱՐԱ
Արա Ըշըթման, Վաղարշակ Չիլճեան Խօսեցան ԻրենցԳլխուն Եկածին  Մասին ¬ Յայտնի Դարձաւ Որ Պօղոս Եըլանն Ալ 25  Օր  Առաջ  Ենթարկուեր  Է  Նմանօրինակ Յարձակման Մը Ինչպէս  մեր  նախընթաց   օրուան  թիւով  հաղորդած  էինք «Կիրակի կէսօրուան  ժամերուն  տգեղ  միջադէպ  մը  պատահած  էր   Գնալըիմէջ,  Պէյօղլուի  ընտրութիւններու  մէջ  ընդդիմադիր  ցանկով  մասնակցողներու  տասը  հոգիէ բաղկացեալ  խումբ մը  ծանրնախատինքներ  ու  սպառնալիքներ  տեղացուցած  էր  Ընտրական Յանձնախումբի   Ատենապետ  Արա  Ըշըթմանի  վրայ։  Այս   միջադէպին յաջորդ  օրն  ալառաւօտ  կանուխ  երկու անծանօթներու  ֆիզիքական  յարձակման  ենթարկուած  էր  Պէյօղլուի  Ս. Երրորդութիւն  եկեղեցւոյ  Գլխաւոր Քարտուղար  Վաղարշակ  Չիլճեան։  Ապահովութեան   պաշտօնեաները  ապաձերբակալած  էին   նախայարձակները   որոնք  երեք հոգի էին, մէկը միւս երկուքին  շարժավարը։  Այս երկու դէպքերը  մեծ  ցնցում   ուընդվզում պատճառեցին  հանրութեաննաեւ մեր  ընթերցողներունեւ   չէինք  գիտեր  որ ասկէ  առաջ  նմանօրինակ յարձակում  մըն  ալգործուեր է  Պէյօղլուի  Թաղային  Խորհուրդի  ժրաջան ու  գործունեայ   անդամներէն  Պօղոս Եըլանի վրայ։  Եըլան  նախըտրերէր   բնաւ չխօսիլ   այս մասին,  որպէսզի  յուզում   Չյառաջացնէր հանրութեան մօտ։  Բայց տեսնելէ   վերջ  Կիրակիի ու  Երկուշաբթիի պատահարները, որոշեց  որ ան ալ  հրապարակէ  իր գլխուն եկածը։

Այսպէս, երէկ կէսօրէ վերջ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն  եկեղեցւոյ վարչական 
սենեակին մէջ, Ատենապետութեամբ Աբիկ Հայրապետեանի  եւ ներկայութեամբ 
Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, մեր հայ մամուլին համար  սարքուեցաւ 
Մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մամլոյ ներկայացուցիչներուն խօսեցան 
յարձակումի ենթարկուած երեք անձերը, Արա Ըշըթման, Վաղարշակ Չիլճեան 
եւ Պօղոս Եըլան։ Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան Մարմարա¬ի, Ժամանակ¬ի  ու 
Ակօս¬ի ներկայացուցիչները։
Նախ խօսեցաւ Արա Ըշըթման, որ պատմեց հետեւեալը.Կիրակի կէսօրուան ժամերուն երբ կը ճաշէի Գնալըի մէջ,սպառնական  խօսքերով ինծի մօտեցան Էֆրիմ Պաղ եւ իր
Ընկերները, ընդամէնը տասը հոգի։  Ասոնք սկսան խօսք նետել ինծի, զիս նախատել,
 Կ՛ըսէին որ  եթէ ետ չառնէի  600 հոգիի դէմ բացուած դատը, իմ ականջներս պիտի 
կտրէին։
Ես պաղարիւնութեամբ  պատասխանեցի իրենց ըսելով որ ասիկայ իմ անձիս 
հետ կապ չունէր, դատը բացուած  էր Վագըֆներու Տնօրէնութեան պահանջքով, 
քանի որ մեզի ըսուած էր որ Ընտրական  Խորհուրդը պարտաւոր է բանալ այս դատը։ 
Մինչ այս բանավէճը կ՛ընթանար կարգ մը անձեր ոստիկանութեան լուր տուեր են, 
ուստի ոստիկանը եկաւ ու  միջամտեց, բայց այդ վայրկեանին խմբակի անդամները 
արդէն ցրուեցան նոր սպառնալիքներ ու հայհոյութիւններ ընելէ ետք։ 
Ես պաշտօնական որեւէ  դիմում չկատարեցի՚։
Երկրորդ խօսողը եղաւ Վաղարշակ Չիլճեան, որ ծեծիենթարկուած  էր իր ճամբան 
կտրող երեք հոգիի կողմէ։ Աննախապէս գանգատող չէր եղած  իր վրայ յարձակողներէն,  բայց աւելի վերջ փոխեց իր կարծիքը ու գանգատող  դարձաւ։
Վաղարշակ Չիլճեան իր կարգին պատմեց հետեւեալը` “Առաւօտուն ժամը 06.15ին Փէրիհան Փողոցի իմ բնակարանէս փողոց  ելած էի 
գործիս երթալու համար եւ երբ կը քալէի դէպի թաքսիի կայանը ուրկէ  ամէն օր
 թաքսի  կը վարձեմ, սպիտակ կառք մը կանգ առաւ իմ ետին ու հոնկէ  իջան երկու 
անձեր որոնք ինծի մօտցան։ Ես կասկածեցայ ու ուժգին կուրծքիս  սեղմելով
պայուսակս՝ փութացի դէպի թաքսիի կայանը, բայց կռնակէս հարուած  մը 
ստանալով գետին ինկայ։ Ակնոցս ինկաւ ու փշրուեցաւ, մարմնիս զանազան  
կողմերէն աքացիի հարուածներստացայ։ Թաքսիի շարժավարն ու աղբահաւաք 
պաշտօնեայ  մը վազեցին ու զիս փրկեցին,  երկու նախայարձակները քիչ անդին սպասող կառքին  մէջ նստան ու հեռացան արագօրէն։
Բարեբախտաբար ականատեսներ անոնց կառքին  թիւը արձանագրեր են։ 
Ոստիկանութիւնը կարճ ժամանակ վերջ կառքը դարձուց  Մէճիտիյէգիւղի մէջ եւ 
ձերբակալեց նախայարձակները եւ բերաւ ոստիկանատուն։ Զիս երես առ երես 
բերին անոնց հետ, բայց ես, ակնոցս կոտրուած ըլլալուն  համար, չէի կրցած
 տեսնել նախայարձակները ու չկրցայ բան մը ըսել։ Իսկ  անոնք աւելի վերջ խոստովաներ են իրենց յանցանքը։ Ժամ մը վերջ անոնց փաստաբանը  
ոստիկանատուն եկաւ։ Երբ իմացայ որ փաստաբանին անունը Մուրատ Եաքըշըր  
էր, մտածեցի որ այս նախայարձակները Պէյօղլուի ընտրութեան մէջ ապօրինութիւն  գործադրողներու կողմէ ղրկուած կրնային ըլլալ։ Ենթադրութիւնս այն  էր որ այս 
անձերը այս յարձակումին ղրկուած էին դեղին ցանկը գլխաւորող  Էֆրիմ Պաղի ու 
ընկերներուն կողմէ, միայն թէ անոր դէմ գանգատող չեղայ։  Գանգատող եղայ միայն 
ինծի զարնող Հասան Չէլիքպիլէքէ եւ Ֆէրհատ Պաշքուրթէն ինչպէս նաեւ 
անոնց շարժավար  Ֆուատ Պօզքուրթէն։ Այնուհետեւ ոստիկանատան 
պաշտօնեաները ըսին որ ասիկա այլեւս իրենց գործը չէր, ես պէտք էի  Դատական 
Բժշկական բաժին երթայի ու տեղեկագիր առնէի։Այդպէս ըրի ու անկէ վերջ  ալ դիմեցի Կայրէթթէփէի դատախազութիւն՚։
Երբ այսպէս խօսակցութիւնները կ՛ընթանային, խօսք ուզեց Թաղային Խորհուրդի անդամներէն  Պօղոս Եըլան։ Ան ըրաւ շատ անակնկալ  հրապարակում մը« պատմեց 
ինչ որ մօտաւորապէս 25օր առաջ անցած էր իր գլխէն։
Կղզին Մարլա սրճարանը նստած էի ու թէյ կը խմէի։ Քովի սեղանին վրայ 
նստած էին Էֆրիմ Պաղ եւ եղբայրը։ 
Անոնք սկսան խօսք նետել  ինծի ու հայհոյել։ Ես բնաւ չպատասխանեցի։ 
Երեք օր վերջ առաւօտուն  6.35 շոգենաւով կղզիէն իջած էի, Գապաթաշիմէջ տեսայ 
երեք անձեր, որոնց մէ  մէկը միւսներուն զիս ցոյց կուտար։ Միւս երկուքը վրաս 
քալեցին ու բռունցքի  ու ոտքի հարուածներով վրաս յարձակեցան, անկէ վերջ ալ 
խոյս տուին հոնկէ։  Ես մտածեցի որ այս խնդիրը հոս պէտք է վերջանար, այդ պատճառաւ 25  օրէ ի վեր ոչ մէկուն բան մը պատմեցի։ Բայց հիմա երբ կը տեսնեմ որ այս  յարձակումները կը շարունակուին,որոշեցի ես ալ հրապարակել գլխուս եկածը։  Ասոնք ցաւալի պատահարներ են եւ պէտք է վերջ մը տրուի ասոնց։ Միայն թէ ինչո՞ւ  արդեօք այս համայնքին յառաջադէմ մարդիկը չեն պախարակեր այսպիսի  
թշնամական արարքները։
Երեք վկայութիւններու հրապարակումէն վերջ մամլոյ ներկայացուցիչները  
հարցումներ ուղղեցին Թաղականներուն։Մենք ալ մեր կարգին Ատենապետ Աբիկ  
Հայրապետեանին յայտնեցինք որ լսած ենք թէ ինք պիտի վճարէ դատական 
ծախսերը այն աղքատիկ 600 մարդոց որոնց դէմ ստիպողաբար դատ բացուածէ 
Պէյօղլուի  կողմէ, ընտրութեան մէջ խարդախութիւն ըրած ըլլալու 
ամբաստանութեամբ։ Աբիկ  Հայրապետեան հաստատեց, ըսաւ որ ճիշդ է, իրենք դատ 
բացած ըլլալով հանդերձ  անոնց ծախսը ի՜նք պիտի վճարէ, որովհետեւ ինք
 չուզեր որ այս խեղճ մարդիկը  տուժեն։  Աբիկ Հայրապետեան ցաւ յայտնեց որ կարգ 
մը անձեր ապերախտութիւն  ըրին իրեն նկատմամբ, ատենօք իր ձեռքը կը համբուրէին
հիմա զինքը ծախեցին։  Հայրապետեան ցաւ յայտնեց որ  համայնքին ղեկավար 
դէմքերուն միջեւ համերաշխ համաձայնութիւն չկայ եւ թէ անոնք տէր չեն կանգնիր 
մէկզմէկու։
Մամլոյ ասուլիսի վերջաւորութեան Աբիկ Հայրապետեան շնորհակալութիւն 
յայտնեց մամլոյ ներկայացուցիչներուն եւ ըսաւ ՙԽնդրեմ, եթէ Պէյօղլուի մասին 
բան մը պիտի գրէք,  մեզ ալ մտիկ ըրէք։ Մենք միշտ պատրաստ ենք ձեզի  պատասխանելու ձեր բոլոր հարցումներուն  մէջ՚։
Մամլոյ ասուլիսին մասնակիցները համաձայն գտնուեցան որ պատահած  դէպքերը 
շատ ցաւալի էին եւ կը մաղթէին որ այս բոլորը դաս մը թող ըլլայ որպէսզի 
համայնքային վարչամեքենան մտնէ իր բնականոն հունին մէջ։
Մենք մեր կողմէ կ՛ուզենք պաշտպանել այն տեսակէտը թէ Պատրիարքարանը  
անմիջապէս պէտք է գործի լծուի ու իր մօտ հրաւիրէ համայնքին ղեկավար դէմքերը,
նաեւ այն անձերը որոնց միջեւ հակամարտութիւնը այլեւս հասած է այսպիսի 
անընդունելի ու տգեղ համեմատութեան մը։ Հանրային գործերու մէջ ընդդիմութիւնը  
կամ մրցակցութիւնը օրինաւոր է, բայց անիկայ ունի իր օրէնքները։ Կռիւի  ու մարդ 
ծեծելու հիման վրայ ընդդիմութիւն մը բնականաբար ընդունելի չէ  քաղաքակիրթ 
որեւէ շրջանակի կողմէ։ Եթէ քաղաքակիրթ ենք, եթէ իսկապէս  այս համայնքին 
բարիքին համար կ՛աշխատինք, այդ պարագային անշուշտ պայման  է որ վերջ տանք 
հակամարտութիւններու ու նայինք թէ ինչպէս կրնանք ստեղծել  շինարար 
միասնութիւն մը։
(Այս տողերը գրուած էին արդէն, երբ այս առաւօտ Պատրիարքական  ընդհանուր 
Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի ստորագրութեամբ ստացանք զեկոյց  մը, որով 
Համայնքայինները կը հրաւիրուին համերաշխ աշխատանքի։ Զեկոյցը  լաւ է, բայց 
Մեր կարծիքով անբաւարար։ Պատրիարքարանը պէտք է իր Մօտ հրաւիրէ  կողմերը 
եւ իրաւարարի դեր կատարէ անոնց միջեւ։Զեկոյց մըն ալ ստացանք  Պէյօղլուի 
Թաղային Խորհուրդէն որ անջատաբար հրատարակուած է թրքերէն  իր բնագրով)։

Yorumlar kapatıldı.