İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ

Մամլոյ միջոցաւ տեղեկացանք« թէ 4 Սեպտեմբեր 2011« Կիրակի յետ միջօրէին եւ 5 Սեպտեմբեր 2011« Երկուշաբթի առաւօտեան ժամերուն պատահած են ցաւալի դէպքեր համայնքային շրջանակներէ ներս։ Պատրիարքական Աթոռը Պէյօղլուի ընտրական շրջանի սկիզբէն իսկ մօտիկ հետաքրքրութեամբ փորձած էր« որ սոյն ընտրութեան գործընթացը խաղաղութեամբ հարթուէր։ Սակայն« գիտենք« թէ կողմեր միշտ ալ կը ներկայանան Պատրիարքարան« այն ատեն միայն« երբ անելի մատնուած են։ Հակառակ մեր սպասումին« ընտրական շրջանին թեկնածուներ« յաճախ չեն ծանօթացներ իրենք զիրենք թէ Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ ժողովուրդին։

Պատրիարքական Աթոռի փափաքն էր« որ Պէյօղլուի ընտրութեան նախօրեակին կողմեր նախաընտրական այցելութիւններ տուած ըլլային Պատրիարքարան« որ դժբախտաբար չէ իրականացած։ Մեր փափաքն էր նաեւ« երբ կողմեր սկսան փոխադարձ հարցերու մէջ մտնել« ընդառաջէին մեր կողմէ կատարուած հրաւէրին ու միասնաբար որոնուէր հարցի լուծման ճանապարհը« որ դժբախտաբար այս մէկն ալ մերժուեցաւ ու անոնք կամք չյայտնեցին նոյն սեղանը բաժնել։ Ի տես այդ բոլորին« առանձին ներկայացող կողմերուն եղան թելադրութիւններ ու պահանջուեցաւ« որ հետեւին խաղաղ լուծման ընթացքի։
Համայնքային շրջանակներ եթէ չեն որդեգրեր խաղաղութեան ճամբան« ինքնին կþառաջնորդուին արդէն խռովութեան եւ նման դէպքեր ոչ միայն կþանհանգստացնեն մեր ժողովուրդի զաւակները« այլ նաեւ յատկապէս կը վիրաւորեն մեր համայնքին արժանապատուութիւնը՝ յաչս այլոց։
Պարագաները ինչ որ ալ ըլլան« ո՜չ ոք ինքզինք իրաւասու պէտք է զգայ նման արարքներու միջոցաւ արդարացնելու իր պաշտպանած տեսակէտը։
Օրէնսդրական եւ օրինակատարման իրաւունքները վերապահուած են մի միայն վերին իշխանութիւններու եւ ո՜չ ոք իրաւունք ունի ստանձնելու սոյն դերերը։
Իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջելու ճամբան չþանցնիր ֆիզիքական ու անարգական յարձակումներէ եւ այդ մէկը կրնայ նաեւ երբեմն իրաւացին անիրաւի դիրքի մատնել։
Ուստի« պախարակելով նմանօրինակ արարքներու հեղինակները« կոչ կþուղղենք մեր համայնքի զաւակներուն« որ շարժին ողջմտութեամբ« միշտ ի մտի ունենան« թէ հաստատութեանց իրաւատէրն է ժողովուրդը եւ հեռու կենան այնպիսի արարքներէ« որոնք համայնքային անդորրութիւնը կը խանգարեն։ Յիշեցնելով նաեւ հնաւանդ բարի սովորութիւնը« կոչ կþուղղենք նաեւ այն անձերուն« որոնք կը փափաքին ծառայել ազգային հաստատութեանց« ծանօթացնեն իրենք զիրենք Պատրիարքական Աթոռոյ եւ  հասարակութեան« որ պիտի կոչէ զիրենք պաշտօնի։
Վստահ ենք« թէ մեր համայնքի զաւակները պիտի գիտակցին« թէ ի Քրիստոս եղբայրներ են եւ առ այդ կը յիշեն Տիրական պատգամը« թէ ՙԵրանի խաղաղարարներուն« որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին՚ (Մտ© 5©9)։
6 Սեպտեմբեր 2011                                                         Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ
9465                                                                                     Արամ Արքեպիսկոպոս
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ

Yorumlar kapatıldı.