Տքթ. Սարգիս Ատամ
Աւելի քան 35 տարիէ ի վեր ամառուայ արձակուրթս ընտանիքիս հետ միասին Իսթանպուլի Իշխանաց Կղզիներէն Հայահոց Գնալը Կղզիի մէջ կ‘անցնեմ:
Իսթանպուլի Իշխանաց Կղզինները շուրջ 550 տարի առաջ եկրաշարժի մը հետեւանքով Թուրքիոյ Ասիոյ ցամաքամասի Քօչաէլի թերակղզիէ փրթած եօթը կղզիներ են ,որոնցմէ միայն Պիւյիւք Ատա, Հէյպէլի, Պուրկազ, Գնալը բնակչութիւն ունին, իսկ Սէտէֆ կղզին միայն զբօսաշրջիկային կղզի մըն է.
Իշխանաց կղզիները Բիւզանդիոն Կայսրութեան շրջանին կը գործածուէն իշխանութեան յանցաւոր պաշտօնեաները պատժելու որպէս աքսորի վայր.
18 րդ. դարէն սկսեալ Յոյները , Հայերը, Հրեայները , շատ քիչ թիւով ալ Թուրքերը սկսեր են իշխանաց կղզիներու մէջ բնակարաններ կառուցել եւ հոս հաստատուիլ , սակայն 1950-1955 թուականերու միջեւ եկրի քաղաքական կեանքի ալեկուծումներու հետեւանքով Յոյները ու Հրեաները ու նաեւ Հայերը սկսեր են երկիրը լքել, հետեւաբար այդ օրէն սկսեալ իշխանաց կղզիներու ոչմահմետական ժողովուրդի բնակչութեան թիւը հետզհետէ կը պակսեր է.
Գնալը Կզղին հին ատեններուն կը կոչուէր յունարէն <Փրօթի> ուր ամառները կ‘ապրէին Յոյները, Հայերը, Հրեայները, Թուրքերը միասնաբար անդոր ու երջանիկ կեանք.
Այս օր Փրօթի– Գնալը կղզիի մէջ կ‘ապրին շատ քիչ թիւով Յոյներ եւ Հրեայներ, կղզիի ամառուայ բնակչութեան թիւը կը հասնի 18-20 հազարի ,որուն մեծամասնութիւնը 12-14 հազար բնակչութիւնով Հայերը կը կազմեն.Ատենօք Գնալը կղզիին մէջ կար Թուրքական, Հայկական, Յունական նախակրթարաններ, այսօր Յունական ուատենին Ներսեսեան վարժարան կոչուող հայկական վարժանները գոյութիւն չ‘ունին, կղզիին մէջ կայ նաեւ Յունական <Այա Ֆօթի–Սուրբ Իրինա> Վանք ը, որուն,գործունէութեան1995 ին վերջ տրուեցաւ, կղզին, ունի իրարու յարակից հարեւան Թուրքական, Յունական, Հայկական գերեզմանատուներ,Հայկական Սուրն Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, Գարակէօզեան հայկական վարժարանի Մանկանց ամառուայ Կազդուրման կայանը, Գրիգոր Ճամպազեան Մարզասրահը.
Արդ,Պոլսահայ Կեանքի վերաբերեալ գաղափար մը ունենալու համար, եթէ, Գնալը կղզիի ամառուայ հայ կեանքի կարճ ակնարկ մը նետենք , մեծ սխալ մը գործած չենք ըլլար. Անցեալին Պոլսահայութիւնր իր մշակոյթային ու ընկերային կեանքի ճոխ հարուստութիւնով, իր տաղանդաւար ու ստեղծագործիչ մշակութային ու ազգային գործիչներով եղած էր, հայ աշխարհին կարեւոր կեդրոններէբ մին, Պոլսահայը ծանօթ էր նաեւ իր եկեղեցասիրութիւնով, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներէն իր Պատրիարքութիւնով, հայկական երկու հիւանդանոցներով, եկեղեցիներով, հայկական վարժարաներով,իր պատմական հարուստութիւնով ու արժէքներով, ու նաեւ հայ գիրի, հայ միտքի, հայ արուեստի , հայ լեզուի, հայ մշակոյթի ու հայ կեանքի ծառայող , իր ծոցէն հանաց հայ հանրութեան ծանօթ, Պարոնեան, Դուրեան, Չօպանեան, Միսաք Մեծարենց, Զապել Ասատուր,Զապել Էսաեան, Զօհրապ, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ,Զարիֆեան, Պէրպէրեան, եւ այլ տաղանդաւոր ու ստեղծագործ հայերով.
Մինջեւ Բ.Համաշխարհային պատերազմ Թուրքահայութեան բնկաչութեան թիւը կը հասնէր մօտաւորապէս 250 հազարի , սակայն համաշխարհային Բ. պատերազմէն վերջ քաղաքկան , ընկերային ու տնտեսական այլ պատճառներով Թրքահայութիւնը մեծ արտագաղթ մը տուաւ, որը շատ ծանր հարուած մը իջեցնելով Պոլսահայ կեանքի վրայ պատճառ եղաւ հայ բնակչութեան հետզհետէ պակսելուն, ոչ պաշտօնական տուեալներու այսօր Իսթանպուլահայ համայնքի բնակչութիւնը հազիւ կը հասնի 50-55 հազար տեղացիի , իսկ 10-12 հազար Հայաստանցի հայերու.
Արտագաղթը ոչ թէ, միայն Պոլասահայ բնակչութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ, այլ նաեւ Պոլսահայ կեանքի բոլոր ոլորտներու վրայ հարուածներ իջեցուց, նահանջեց հայ կեանքի ընկերային, մշակոյթային, արուեստի, արհեստի, տնտեսական կեանքը, իրենց գործունէութիւններուն վերջ տալու պարտաւորուեցան բազմաթիւ հայ հաստատութիւններ, վարժարաներ, ակումբներ, մշակոյթի կեդրոնններ, բակուեցան եկեղիցիներ, մշակոյթի կեդրոններ, պակսեցան հայ միտքի, հայ մշակոյթի, հայ արուեստի գործիչներ,Հայ Մշկոյթը, Հայ Արուեստը, Հայ Ընկերային Կեանքը <Մաշեցաւ>.
Այսօր թէեւ կան հրաշալի ու շնորհալի,գնահատելի աշխատանքներ տանողներ, սակայն Իսթանպուլահայութիւնր սկսած է իր պապերէն իրեն ժառանգ մնացած ազգային ու մշակոյթային արժէքները սպառել.
Այսօր Իսթանպուլահայ կեանքի մէջ շատ քիչ են հայ գիրին, հայ միտքին, հայ լեզուին, հայ արուեստին ծառայող նոր արժէքներ արտադրող ստեղծագործ հայերու թիւը.Արդիօք այս բոլորը Իսթանպուլահայ համայքի բաւական է, եւ կամ որքան~ , ատեն պիտի բաւէ.
Իսթանպուլհայութիւնը իր գոյութիւնը կը շարունակէ, մօտաւարապէս 2000 տարիէ ի վեր, այսօր ունենալով իր Պատրիարքական Սուրբ Աթոռը,36 է աւելի եկեղեցիներով եւ անոնց թաղային խորհուրդներով, մօտ 20 հայկական վարժարաներով , ի մէջառեալ հայկական 5 լիսէներով եւ ընդամենը, մօտ 3100-3200 հայ սաներով, Սուրփ Փրկիչ Ազգային ու Սուրբ Յակոբ երկու հիւանդանոցներով,հայերէն հրատարակուող <Մարմարա>, <Ժամանակ> երկու օրաթերթերով,թուրքերէն ու հայերէն հրատարակուող<Ակօս> շաբաթաթերթը, մի քանի հայկական ելեկտրական կայքէջեր ու ելեկտրական թերթեր, 6-7 Սանոց Միութիւններ, 5-6 Երգչախումբեր,Թագսիմ ու Շիշլի կոչուոց երկու մարզախումբեր,Թատերխումբեր, Մանկանց Թատերխունբ,Ուսուցաչած Հիմնարկ, Ծերանոց,Գալֆաեան ու Գարակէօզեան Մանկանց Տուներ, Գնալը Կղզիի Մանկանց Կազդուրման Կայան, Հայ Բողոքական համայնքի, Հայաստանցի երախաներու Դասատունը, <Թալար> պարի եւ երգր խումբը , առաւել եւս Պոլսահայ համայքի պատիւ ու հպարտութիւն շահեցնող հայ աշխարհի ծանօթ <Մարալ> պարի եւ երգի խումբը, որը իր համերգներով ու փայլուն ելոյթներով աննկարագրելի յաջողութիւներ արձանագրելով կ‘արժանանայ բարձր գնհատանքներու.
Անցեալի մէջ , Պոլսահայերը կը փորձէին հայ ազգային ու համայնքային հաստատութիւններու շուրջ իրենց գոյութիւնը շարուանակել պահպանելով իրենց կրօնքն ու եկեղեցասէրութիւնը, այսօր ընդամէնը 70-80 հազար բնակչութիւն ունեցող Իսթանպուլահայութիւնը անցեալին նոյնը չէ, թէեւ այսօր ալ կան իսթանպուլահայեր, որոնք կը հետապնդեն ապացուցանել ,անյարմար պայմաներու տակ իսկ հայը իր բնածին կարողութիւններով,մտացումներով, ապրումներով, ստեղծագործական տաղանդով, աշխատասիրութիւնով, իր եկեղեցասիրութիւնով ոը վարմունքով հաստատակամ է քալել իր պապերու հետքերէն, հակառակ սահմանաբակ միջոցներու, ալեկոծումնրու ու փոթորիկներու, ինչպէս որ, բժիշկ– բանաստեղծ Տքթ, Ինգնա Սարըասլան <Մենք Յաւերժութեան Ծառը Եղանք> ի մէջ կ‘ըսէ, փիւնիկի պէս վերածնելու, ծաղկելու, իր կամքով ու տոկունութիւնով ջանք կը թափէն յաւերժութեան հասնելու համար, հայ հոգեւոր, մշակոյթային ու աշխարհիկ , ընկերային դարաւոր ու պատմական արժէքները պահպանելու նախախնամութեան վրայ; Արդիօք այս բոլորը Իսթանպուլահայութեան բաւարար է~.
Այսօր շատ ցաւալի է, դարերով փայլուն անցեալ մը ունեցող պատմական Իսթանպուլահայ կեանքի լայն խաւերու մէջ տեսնել , այլ պատճառներու ծնունդ տուած հայ համայնքի, հայ մշակոյթի, հայ կեանքի , հայ լեզուի, հայ միտքի, հայ գիրի , հայ թերթի, հայ գիրքի նկատմաբ անտարբերութիւնը, սիրտի խոր ցաւ է իմանալ, հայ ընտանիքներու հայ վարժարաներու հանդէպ ունեցած ժխտական նախապաշարումները, իրենց զաւակներուն օտար լեզու սորվեցնելը պատճառաբանելով , օտար վարժարաներու նկատմաբ ունեցած նախասիրութիւնը եւ նախաընտրութիւնը.
Ազգի մը համար իր մայրենի լեզուն, ոչ միայն կենսական միջոց է հաղորդակցութեան , այլ նաեւ անհրաժեշտ ազդակ մըն է, ինքնութեան կերտման,ինքնագիտակցութեան ու անոր խորացման, եւ նաեւ ինքնաարտայայտութեան ձեւաւորման, իսկ մեզ համար, մեր պատմական հայ ազգի համար, այս բոլորէն անդին մեր լեզուն մեր գոյութեան ամէնէն զօրեղ սիւներէն մէկն է, մեր ազգին ամբողջականութեան ու միութեան պահպանման, գոյատեւման ամէնէն էական միջոցներէն մին է, առանց հայ լեզուի ինչպէս~ կարելի է հայրենակերտում ու հայրենագիտութիւն.Մեր լեզուն ու Մեր գիրի մեզի համար կանթեղ մըն է, Մեսրոպ Մաշտոցի կանթեղը, որը կը լուսաւորէ մեր բոլորին ապագայի ճամբան.
Այսօր, ինքնութիւն, մշակոյթ, լեզու, ու աւանդութիւն մաշեցնող սփիւռքի պայմաներու մէջ արեւմտահայերենը շատ տխուր ու ողբերգական պատկեր մը կը ներկայացնէ ,դժգոհութիւններ արտայայտելով, քննադատութիւներ ընելով, յօդուածներ գրելով, դասխօսութիւներ կազմակերպելով, ժողովներ գումարելով , չենք կրնար հարցին հիմնական լուծումներ գտնել, հարցերու լուծման մէջ պէտք է, միասնական ու միատեղ պայքարիլ:Մարդ ուժի, այսինքն հայագէտ, ուսուցիչ, լեզուբան, ընկերաբան ,մտաւորական,ազգային գործիչ ու ղեկավար, ազգային գիտակցութեան տէր մղիչ ուժի միասնականութիւնը ու համագործակցութիւնը խիստ կենսական է, հայ անհատը , հայ մշակոյթին , հայ միտքին, հայ կեանքին հաղորդակից դարձնելու առաքելութեան գործընթացքի մէջ.
Իւրաքանչիւր հայ անհատ պէտք է գիտակցի թէ, հայկական ոգին ու ազգային գիտակցութիւնը, հայ լեզուն կենսական են հայ ազգի գոյատեւման ու պահպանման պայքարին մէջ:
Տքթ. Սարգիս Ատամ
Օգոստոս 2011
Գնալը– Իսթանպուլ
Yorumlar kapatıldı.