İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՐՔԱՆ ՄԱՐԴԻԿ, ԱՅՆՔԱՆ ԿԱՐԾԻՔ…

                Շատ դժուար է աշխարհը ճանչնալ, որովհետեւ ան թէ՛ անսահմանօրէն շատ ընդարձակ, տեղին համեմատ ալ շատ նեղ ու փոքր է:  

Միլիառաւոր մարդիկ կ’ապրին այս երկրագունդին վրայ և որքան մարդիկ, նոյնքան թիւով ու նկարագրով են այդ մարդիկը: Կան մարդիկ, որոնք շատ ուրախ և հանգիստ են ու երջանիկ կը զգան իրենք զիրենք: Կան ուրիշներ ալ, որոնք դժբախտ են ու տխուր: Ոմանք չափազանց հարուստ են, ոմանք ալ ծայրայեղօրէն աղքատ: Կան մարդիկ, որոնք շատ բարեսիրտ են, կան նաեւ մարդիկ, որոնց սիրտը գազանային զգացումներով լեցուն է…: Ոմանք ստախօսներ ու գողեր են, ոճրագործներ, ոմանք ալ բարի են մրջիւնն անգամ վշտացնել չեն ուզեր: Այս բոլորը սակայն կ’ապրին նոյն աշխարհին մէջ, յաճախ իրարու հետ քով քովի, միասին:
Կան մարդիկ, որոնք կարծէք ուրիշներուն բարիք ընելու համար ստեղծուած են, ոմանք ալ կարծէք աշխարհ եկած են միայն ուրիշներուն տեսակ-տեսակ չարիքներ ընելու համար:
Բոլոր տեսակի մարդիկն ալ, աշխարհի որեւէ մէկ տեղը երբ կը ծնին, կու գան բոլորովին մերկ վիճակի մը մէջ: Իսկ կեանքի մէջ ինչ որ ալ հագնելու ըլլան կամ մարդիկ հագցնեն անոնց, երբ որ օրը և ժամանակը գալու ըլլայ՝ կը մեկնին այս աշխարհէն երկու կանգուն պատանքի մէջ փաթթուած միայն, իրենց ետին թողլով այն բաները, զորս ըրած են իրարու՝ իրենց կարճատեւ կեանքին ընթացքին: Այսինքն մարդ ինչ որ ընելու ըլլայ, այդ է որ իրմէ կը մնայ այս աշխարհին վրայ:
Ես, քանի ինքզինքս գիտեմ, չեմ յաջողած պատասխանել այն հարցումին, թէ իրականութեան մէջ աշխարհ իսկապէս մե՞ծ է թէ պզտիկ: Միակ բանը՝ որուն կը հաւատամ առանց տարակոյսի, այն է որ կը հաւատամ աներեւոյթ ուժի մը, զօրութեան մը, որ ոմանց համար ճակատագիր է, ոմանց համար նախախնամութիւն, իսկ ոմանց համար ալ՝ պարզապէս կը կոչուի բախտ կամ դիպուած: Մենք չենք տեսներ զայն, բայց չենք ալ կրնար անոր կարգադրութիւններուն դէմ դնել, որովհետեւ ան իրականութեան մէջ Աստուծոյ կամքն է, աստուածային տնօրինութիւնը: Այո՛, իմ կարծիքով, բոլոր այդ բաներուն միակ ուժի աղբիւրն է Աստուծոյ զօրութիւնը:
Բոլոր մարդիկ կը բանան իրենց աչքերը այս աշխարհին, բոլորովին անմեղ և անգիտակ մարդկային չարութիւններուն ու բոլոր նենգութիւններուն: Շրջապատն ու ընկերութիւններն են որ այդ բաները կը սորվեցնեն անոնց: Նոյնն է պարագան նաեւ բարիին ու լաւ բաներու ամէն տեսակին համար: Ոմանք դրամին սիրոյն ամէն տեսակ չարիք կը գործեն, ոմանք ալ բաժակ մը խմիչքին համար զիրար կը սպաննեն, ուրիշներ երբեմն աննշան գումարի մը չգոյութեան պատճառաւ հրաժեշտ կ’առնեն այս աշխարհէն ու կեանքէն, որ այնքան անուշ է բոլոր մարդոց համար:
Մեր մեծերը ամէն առթիւ սովորութիւն ունէին ըսելու. «Աստուած մատ չունի որ մարդոց աչքը խոթէ»: Որովհետեւ կը խորհինք, որ Ան պէտք է ամէն չարութեան հեղինակը պատժէ, այսինքն անպայման… մատը չարին աչքը խոթէ: Անշուշտ որ կարելի չէ փաստել, թէ Աստուած մատ ունի և անպայման չարին աչքը կը փորէ: Սակայն միւս կողմէ իրականութիւնը սա է, որ ինքը աչք ունի և ամէն ինչ կը տեսնէ ու կու գայ օրը և անարդարը իր պատիժը կը կրէ, ասկէ ազատում չկայ:
Եկէք ամէն առթիւ բարիք ընենք իրարու, աշխարհի մեծութեան հաւատանք կամ զայն շատ պզտիկ գտնենք: Մեծ ըլլայ ան կամ փոքր, իր տէրը ունի և այդ տէրը որ Աստուած է, ուշադիր կը հսկէ գիշեր թէ ցերեկ, հոն ապրողներուն վրայ: Արդար ըլլանք իրարու հանդէպ ու բարին կամենանք միշտ, որովհետեւ համոզուած պէտք է ըլլանք, որ իսկական ու կատարեալ երջանկութիւնը հոն է: Կեանքը շատ կարճ է և ով որ օրը գայ ու մեկնի անկէ, իր ըրածը միայն կը մնայ ետին՝ լաւ կամ գէշ…:
Մարդիկ եթէ գիտնան այսքանը միայն, արդէն իսկ գտած կ’ըլլան իսկական ու կատարեալ երջանկութեան բանալին:
Շուշան Գորտոնճեան
Իսթանպուլ

Yorumlar kapatıldı.