İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոյս տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի « Յուշատետր-23 » ը

                                                     « ԶՐՈՅՑ  ՀԻՆՑԱԾ  ԳՐԻՉԻ  ՄԸ  ՀԵՏ »

Այսօր, 4 Օգոստոս 2011, ինչպէս հաղորդուած է քովի սիւնակներուն մէջ, կը լրանայ Ռ. Հ.-ի  «Յուշատետր »   սիւնակի հաստատման 30ամեակը։ Երեսնամեակի առիթով Ռ. Հատտէճեան այսօր հրապարակ հանեց իր նոր մէկ գիրքը, որ կոչուած է  « Զրոյց Հինցած Գրիչի Մը Հետ » անունը եւ որ կը կազմէ « Յուշատետր » ի հատորներու շարքին վրայ 23րդը կարգը։
Դարձեալ Արի Հատտէճեանի ճաշակաւոր մէկ կողքին տակ ամփոփուած են 97 յօդուածներ, որոնցմէ միայն մէկն է որ իր անունը տուած է հատորին։ Բայց յուզիչ յօդուած մըն է այս, որու մէջ հեղինակը սրտցաւ խօսակցութիւն կը վարէ օտար երկրի մը մէջ արդիւնաբերուած, բայց հոս իր ձեռքերուն մէջ հայոց գիրերուն ծառայած հին գրիչի մը հետ։ Հեղինակը այս գիրքը կը նկատէ այդ հին գրիչին ի յիշատակ բացուած յուշարձան մը։
Գիրքը, ինչպէս նախորդ հրատարակութիւնները, այսօրուընէ սկսեալ Խմբագրատանս մէջ կը դրուի փափաքողներու տրամադրութեան տակ։

              « ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ » ՍԻՒՆԱԿԸ ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ
Այսօր մեր գրասէր ընթերցողներուն հետ կ՛ուզենք բաժնել արդար ուրախութիւն մը։ Այսօր, 4 Օգոստոս 2011, օրը օրին կը լրանան « Մարմարա »ի առաջին էջի վրայ հաստատուած « Յուշատետր » ամենօրեայ սիւնակի երեսուն տարիները։ Ճիշդ երեսուն տարիէ ի վեր ուրեմն մեր գրասէր ընթերցողները, ամէն օր, բացի Շաբաթ օրերէ,
« Մարմարա »ի աջ կողմի սիւնակին մէջ կը ժամադրուին  « Յուշատետր »ի էջի մը հետ եւ կը բաժնեն մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի մտածումները, գրական կամ իմաստասիրական խոհերը, ազգային մտահոգութիւնները կամ ուրախութիւնները, գրական աշխարհի քուլիսներէն ներս կատարուած պտոյտները, ճամբորդական յուշերն ու տպաւորութիւնները, բանաստեղծութեամբ օծուն գրական ապրումներու թռիչքները,  երգիծախառն ակնարկները եւ դեռ շատ բան։
Արդարեւ 4 Օգոստոս 1981-ին էր որ այս թերթին առաջին էջին վրայ ծնունդ կþառնէր սիւնակ մը, որ կը կոչուէր « Յուշատետր »։ Այդ առաջին « Յուշատետր »ը կը կրէր  «Արտայայտուիլ օտար լեզուով » խորագիրը։ Ռ. Հատտէճեան երեսուն տարի առաջ գրուած այդ առաջին յօդուածին մէջ իսկ արդէն կը հակէր մեր մայրենիի ճակատագրին ու անբախտութեան վրայ, կը ցաւէր որ կարգ մը հայեր կ՛ըսէին թէ հայերէն կարդալ չգիտնալու պատճառաւ չէին կրնար կարդալ իր գրութիւնը ու այդ գրութեան թարգմանութիւնը տեսնել կþուզէին։ Այս պատճառաւ ալ ան ինքզինք կրնար նկատել օտար լեզուով գրող հեղինակ։
Յօդուած մըն էր որ հրատարակուեցաւ, առանց որ անոր հեղինակը գիտնայ թէ այդ յօդուածով ճամբայ կ՛ելլէր դէպի բախտաւոր ճամբորդութիւն մը, որ պիտի երթար մինչեւ շատ հեռուները թէ՜ որպէս աշխարհագրութիւն, թէ՜ որպէս ժամանակ։ Յօդուած մըն էր, որուն հեղինակը չէր իսկ երեւակայեր թէ անոր մէջէն ինք հազարաւոր ընթերցողներու ամենօրեայ ժամադրութիւն կուտար երկար տարիներու համար։ Այդ թուականին վրայէն արդարեւ անցան երեսուն տարիներ ու այս երեսուն տարիներու ընթացքին Ռ. Հատտէճեան հաւատարիմ մնաց իր ընթերցողներուն հետ տրուած այս ժամադրութեան։ Մինչեւ այսօր, Աստուծոյ ողորմութեամբ, ո՜չ մէկ պատահար կամ ո՜չ մէկ արգելք կրցաւ կասեցնել այս ժամադրութիւնը, ժամադրութիւն՝ որ ամէն օր նոր նիւթ մը, նոր խօսք մը« նոր բառ մը, վերջապէս նոր կամուրջ մը կը բերէր գրողին ու ընթերցողին միջեւ։ Եւ բացարձակապէս ինքնագովութիւն ըրած չենք ըլլար, այլ բոլորին կողմէ արտայայտուած մտածումի մը արձագանգած կ՛ըլլանք, եթէ ըսենք որ Մարմարա-ի բազմահազար ընթերցողներն ալ գոհ էին այս սիւնակէն, շատեր ամէնէն առաջ թերթին մէջ այս սիւնակը կը կարդային ու կը վայելէին մեր մայրենի լեզուով գրուած համով յօդուած մը կարդալու ու գրուածին հետ հաղորդուելու հաճոյքը, արտասահմանի մէջ ալ հայկական թերթեր շարունակ արտատպումներ կ՛ընէին անոնցմէ։
Երեսուն տարի, ամէն օր։ Շաբաթը հինգ յօդուած։ Ուրեմն երեսուն տարուան ընթացքին՝ մօտաւորապէս 7500 յօդուած, բոլորն ալ միմիայն Ռ. Հ. Ստորագրուած, բոլորն ալ գրական շունչով ու մնայուն բնոյթով, յօդուածներ՝ որոնք ամէն տարի չորս նոր հատորներ կþաւելցնէին հեղինակին գրական վաստակին վրայ։ Ոմանք՝ մասնաւոր թէմայի մը նուիրուած, ոմանք ալ զանազան նիւթերու յատկացուած, ոմանք հաճելի ընթերցումի գիրք, ոմանք դասագրքի բնոյթով օգտակար ուսումնասիրութիւն՝ մինչեւ այսօր անոնց հազիւ 44 հատորը հրատարակուած է, մինչդեռ ցարդ հրատարակուած « Յուշատետր » յօդուածները հաւանաբար պէտք է կազմեն 125 հատոր։ Ասիկա մրցանիշ մըն է հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ։
Ինչպէս քովի սիւնակներուն մէջ առանձնապէս յայտարարուած է, « Յուշատետր »ի երեսնամեակին առթիւ Ռ. Հ. այսօր հրապարակ կը հանէ « Յուշատետր »ի նոր հատոր մը, թիւ 23, որ կոչուած է « Զրոյց Հինցած Գրիչի Մը Հետ » եւ որ ի մի կը բերէ 1992-ի ընթացքին լոյս տեսած յօդուածներ։ Այս յօդուածներէն մէկուն մէջ հեղինակը ունի յուզիչ զրոյց մը ատենին իր կողմէ գործածուած, հիմա մէկդի դրուած գրիչի մը հետ։
« Յուշատետր »ի 30ամեակին առթիւ այսօր մեր Բ. եւ Գ. էջերուն վրայ վերհրատարակած ենք պատահաբար ընտրուած ութ յօդուածներ, զանազան նիւթերով։
Իր այս կարգապահ ու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար կը շնորհաւորենք մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանը, իրեն մաղթելով արեւոտ օրեր ու նորանոր նուաճումներ « Յուշատետր» ի սիւնակէն ներս։
ՄԱՐՄԱՐԱ

Yorumlar kapatıldı.