Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սիրտը‘,կենդրոնը‘ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն է, իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը‘ անոր գլուխը:
Ամենայն
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գերագոյն հոգեւոր եւ վարչական առաջնորդը‘ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ,թէ‘ Հայաստանի թէ ալ Հայաստանէ դուրս ,աշխարհասփիւռ 10 միլիոն հայուն հայրապետն ու հոգեւոր հովիւնն է:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ,հոգեւոր եւ վարչական կառոյցներու կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ունի հետեւեալ հոգեւոր ու վարչական մարմինները.
Ազգային Եկեղեցական Ժողով.
Այս ժողովը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գերագոյն կանոնադիր մարմինն է,որուն կը նախագահէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Ժողովը կը բաղկանայ եկեղեցական ու աշխարհական անդամներէ,որուն աշխարհական անդամները կ‘ընտրուին թեմերու պատգամաւորական ժողովներէն:Այս ժողովին պարտականութիւններէն մին ալ է ընտրել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը :
Եպիսկոպոսաց Ժողով.
Այս ժողովը վարչական խորհրդակցական մարմին մըն է,որուն կը նախագահէ կաթողիկոսը:Այս ժողովին պարտականութիւնը, Հայ. Առաք.Եկեղեցւոյ դաւանական, եկեղեցական, ծիսական, կանոնական ու վարչական հարցերու վերաբերեալ ծրագիրներ, առաջարկներ ու լուծումներ,պատրաստել ու անոնք Ազգային Եկեղեցական Ժողովին ներկայացնել է:
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ.
Հայ.Առաք.Եկեղեցրոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնն է,որուն կը նախագահէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը :Հայոց զոյգ պատրիարքնն ալ այդ ժողովին համատենապետներն են: Խորհուրդը կը կազմուի բարձրաստիճան եկեղեցական ու աշխարհական անդամներէ,որոնք կ‘ընտրուին , երբեմն Ազգային Ժողովի կողմէ, երբեմն ալ կը նշանակուին կաթողիկոսի կողմէ:Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդը կը գործէ 1924 թուականէն Գեւորգ Ե.Կաթողիկոսի օրէն ի վեր: Ըստ աւանդութեան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդի նիստերը ,տեղի կ‘ունենան տարին նուազագոյն <Չորս>անգամ:
Թեմական Պատգամաւորական Ժողով.
Թեմի բարձրագոյն կանոնադիր մարմինն է,ընդհանրապէս նախագահը, թեմակալ Առաջնորդն է,իսկ դիւանի ատենապետն ալ աշխարհական մը🙁կարգ մը թեմերու կանոնագիրի մէջ նմամ յօդուած եւ կամ պայման չկայ)
Անդամները կ‘ընտրուին համայնքայիններէն‘ ծուխի անդամներէն: Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը կ‘ընտրէ,Ազգային Եկեղեցական Ժողովի պատուիրակները, որոշ թեմերու մէջ Թեմի Առաջնորդը եւ նաեւ Թեմական Խորհրդի անդամները, բացի ասկէ ԹՊԺ կը քննարկէ եւ նաեւ կը կայացնէ թեմէն ներս առկայ վարչական ու տնտեսական հարցերու վերաբերեալ որոշումներ.
Թեմական Խորհուրդ.
Թեմի բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնն է , թեմակալ առաջնորդի նախագահութեամբ, եւ ունի նաեւ աշխարական ատենապետ մը(կարգ մը թեմերու կանոնագիրի մէջ նման յօդուած եւ կամ պայման չկայ) :Առաջնորդի գլխաւորութեամբ թեմական խորհրդը կը կարգաւորէ թեմի ներքին վարչական գործունէութիւնը. Թեմական Խորհուրդի անդամները կ‘ընտրուին ԹՊԺ կողմէ.
Վանական Միաբանութիւն.
Կազմուած է վանքի կուսակրօն հոգեւորականներէն‘ վանահօր նախագահութեամբ: Ներկայիս Հայ. Եկեղեցին ունի Սուրբ Էջմիածնի, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ու Իսթանպուլի Թրքահայոց Պատրարքութեան Միաբանութիւնը, այսինքն երեք միաբանութիւններ.
Միաբանութիւնը կը քննարկէ ուկ‘որոշէ վանքի ներքին հարցերը: Իւրաքանչիւր միաբանութիւն ունի անկախ ու ազատ կարգավիճակ, նաեւ իրաւունք‘ ընտրելու իրենց երկու պատգամաւորները‘ Ազգային Եկեղեցական Ժողովի մասնակցելու համար:
Կիլիկեան Աթոռն ալ ունի իր վանական դրութիւնը:Պէտք է նկատի առնել թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ:Ան պարզապէս վարչական անջատ կառոյց մըն է:
Ծխական Անդամական Ժողով.
Համայնքի ընդահուր ժողովն է, որուն կը նախագահէ համայնքի հոգեւոր հովիւնը: Ծխական Անդամական ժողովը կ‘ընտրէ եւ կամ կը նշանակէ ծխական խորհուրդի անդամները եւ ծխական Խորհրդի պատգամաւորները‘,ներկայացուցիչները.
Ծխական Խորհուրդ:
Համայնքի գործադիր մարմինն է, հոգեւոր հովիւի նախագահութեամբ :Կը զբաղի ծուխի վարչական , տնտեսական , ելեւմտական հարցերուն եւ ներքին գործունէութիւններու հետ.Ծխական խորհուրդի անդամները կ‘ընտրուին ,կամ կը նշանակուին Ծխական Անդամական Ժողովիէն :
Հայկական համայնքներէն շատեր, ընդհանրապէս կը գործեն իրենց յատուկ կանոնադրութեամբ, տեմոկրատական‘ ժողովրդավարական սկզբունքներու հիման վրայ, այլ խօսքով համայնքները, գործնական‘ վարչական առումով Ս.Էջմիածինէն անկախ են,իսկ եկեղեցական‘ հոգեւոր առումով ,Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին հաստատ ու սերտ կապերով կապուած մէկական տէմոկրատական‘ ժողովրդավարական հայկական կառոյցներ են:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի եկեղեցական համայնքներու եւ թեմերու աշխատանքները համախմբելու,համակերպելու , նմանակիպ դարձնելու եւ զարգացնելու նպատակաւ 2009 թուականին առաջարկուեցաւ հասարակաց կանոնադրութիւն պատրաստել,որով օրակարգի բերուեցաւ <ՈՒՂԵՆԻՇ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԵԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԵՄԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՄ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ> ծրագիրը.
Այս ծրագիրով ըստ իս, համայնքներ կրնան զրկուիլ իրենց ինքնուրոյնութիւնէն եւ ինքնակառավարութիւնէն: Առաջարկուած ծրագիրին թիւ 3.3 յօդուածով համայնքներ պիտի չի կարողանան ընտրել իրենց հոգեւոր հովիւները: Ինչպէս քոյր եկեղեցիներու մէջ ,մեր համայնքներու մէջ ալ, հոգեւոր հովիւը պիտի նշանակուի համայնքի վերին կրօնական իշխանաւորի‘ Թեմակալ Առաջնորդի կողմէ ,թեմական կամ թէ ծխական խորհուրդի հետ խորհուրդակցաբար:
Թիւ 3.4 յօդուածով համայնքի հոգեւոր հովիւը նախագահն է, ծխական բոլոր կառոյցներու եւ նաեւ ընդհանուր անդամական ժողովի պատւոյ նախագահը, ի բացառեալ վերստուգիչ յանձնաժողովի: Այսինքն ծխական խորհուրդը եւ կամ համայնքի վարչութիւնը ծուխի կամ համայնքի գործադիր մարմինն է, հոգեւոր հովիւի նախագահութեամբ:Ըստ այս ծրագիրի, համայնքը իր հոգեւոր հովիը չի կրնար ընտրել ,սակայն կրնայ ընտրել իր վարչականները ու պատգամաւորները:Ըստ այս ծրագիրի թեմի առաջնորդը թեմին եւ նաեւ համայնքին բոլոր եկեղեցական կառոյցներուն ու մարմիներուն ղեկաւարն է, ի բացառեալ վերստուգիչ յանձնժողովի:
Ըստ այս ծրագիրի Թեմական առաջնորդի ընտրութիւնի պարագային թեմերի մի քիչ ազատ են: Հարցի առընչեալ թիւ 8.2 յօդուածը կ‘ըսէ հետեւեալը:<Թեմի առաջնորդը կ‘ընտրուի Թեմական Խորհուրդի կողմէ ներկայացուած եւ Ամենայն Հայոց Կաթոցիկոսի կողմէ հաստատուած եռանուն ցանկէն> ,իսկ ,որպէս այլընտրանք դրուած է թիւ 8.4 յօդուածը.<Թեմակալ Առաջնորդի ընտրութիւնը կը կատարուի Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի կողմէ ու կը հաստատուի Ամենայն Հայոց Կաողիկոսի կողմէ.>: Այս կէտերը կը կիրարկուին առաջնորդի ընտրութեան սովորութիւնը ունեցող թեմերու եւ կամ համայնքներու մէջ, այլապէս, իրականութիւն մըն է որ, առաջնորդը կը նշանակուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ: Օրինակ Զուիցերիոյ Հայ համայնքի մէջ ,ըստ Էջմիածնի, թեմ կազմուած է ,ու թեմի առաջնորդական փոխանորդն ալ նշանակուած է,ուղղակի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ:
Նմանաձեւ օրինակներ յառաջիկային կրնան բազմանալ.
Ըստ իս, ներկայիս Հայ. Եկեղեցւոյ հարցը, թէ Հայաստանէն ներս եւ թէ դուրս սփիւռքի հայ համայնքներու վերաբերեալ կիրարկուած քաղաքականութիւնն է,ինչ որ այժմէական չէ: Ան արդիւնքն է, 1836 թուականի Ցարական Ռուսիոյ կանոնագիրին , այսինք <ՊՈԼՈԺԵՆԻԱ>ին :Այս կանոնագրի մէջ եկեղեցւոյ կառավարման մէջ , ոչ–եկեղեցականներուն‘ աշխարհական անդամներու, պատասխանաըու ոչ մէկ դեր կը նախատեսուի, այսինքն փափաքը այն է, որ համայնքներու եւ կամ թէ գաղութներու մէջ աշխարհականները պաշտոն ստանձնեն մի միայն որպէս պարզ գործողներ եւ ոչ‘ որոշողներ:Ըստ իս, նախ անպայման այս սխալ քաղաքականութիւնը պիտք է որ ,փոխուի, բարելաւուի,բարեկարգութեան ենթարկուի , Ժողովուրդավար Հայ. Եկեղեցւոյ , համար նոր‘ արդիական կանանոնադրութիւն մը պատրաստուի:
Եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու միջեւ փոխ յարաբերութիւնները յստակացուի:
Երբ դարաշրջանիս աղանդաւորական շարժման ահռելի հոսանքը մեծ վտանգներ կ‘սպառնայ քրիստոնէական աշխարհի եւ նաեւ ի մէջ այլոց մեր եկեղեցական կեանքին,մենք բոլորս ալ,մեր ուշադրութիւնը պէտք է կենդրոնացնենք, մեր եկեղեցւոյ ներկայ ու ապագայի ուղղեալ հարցերու լուծման վերաբերեալ մարտահրաւէրի վրայ:
Ես կը խորհիմ ,թէ մենք կրնանք մեր եկեղեցական հարցերը, արդիական ժողովուրդավար սկզբունքներու հիման վրայ մշակուած քաղաքականութիւնով յաղթահարել, որը դարուս մէջ անհրաժեշտութիւն եւ պահանջատիրութիւնն մըն է.
Տոքթ. Սարգիս Ատամ
Գերմանիա
5 Յուլիս 2011
Հայոց Կաթողիկոսի հոգեւոր առաջնորդութեամբ,Պատրիարքական զոյգ Աթոռները, Թեմերը, ծուխերը, վանքերը, ճեմարանները, հոգեւոր դասը ու հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր միասնականութիւնը եւ աջակցութիւնը միասնաբար կը կերտեն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ապագան.Այս համընդհանուր ուժը, Հայաստանի , Արցախի եւ սփիւռս հայ աշխարհի միջեւ ստեղծաց է, համաշխարհային ցանց մը.
Yorumlar kapatıldı.