İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԸՆՏՐԵԼ ԻՐ ԱԹՈՌԱԿԻՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ Իսկ Մենք Ի՞նչ Կ’ընենք

ՄԱՐՄԱՐԱ
 

Ինչպէս աւելի առաջ հաղորդած ենք« Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան անցեալ տարի Նոյեմբեր ամսուան մէջ« յառաջ քշելով իր յառաջացեալ տարիքն ու առողջական վիճակը« անհրաժեշտ կը նկատէր որ Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրուի Երուսաղէմի Աթոռին համար։ Ուստի Պատրիարք Սրբազանը Երուսաղէմի Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին թելադրած էր  որ համապատասխան կանոնադրական յօդուածներ պատրաստուէին մինչեւ 2011 Մարտ։ Այս հանգրուանէն վերջ պէտք է կատարուէր Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութիւնը։

Թորգոմ Պատրիարքի այս փափաքին ընդառաջելով« Ընդհանուր Ժողովը ընտրեց հինգ հոգիէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը« որ պիտի զբաղէր այս հարցով։ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանի ատենապետութեամբ« յանձնախումբին անդամ ընտրուեցան Գերշն. Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան« Հոգշ. Տ. Բաբգէն« Տ. Կորիւն եւ Տ. Նորայր Վարդապետները։
Յանձնախումբը վերատեսութեան ենթարկեց կանոնադրութիւնը ու ամբողջացուց այն յօդուածները որոնք հնարաւոր պիտի դարձնէին Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութիւնը։ Այս կերպով կարեւոր քայլ մը առնուած եղաւ։ Եթէ պատրաստուած կանոնադրութիւնը ընդունուի ու վաւերացուի« Երուսաղէմի մէջ պիտի ընտրուին հինգ անուններ ու անոնցմէ մէկն ալ պիտի ընտրուի Աթոռակից Պատրիարք։ Աթոռակից Պատրիարքը պիտի գործէ այս հանգամանքով մինչեւ որ Պատրիարքը վախճանի« վախճանումէն վերջ յատուկ արարողութեամբ պիտի կատարուի գահակալութիւն ու անկէ վերջ Աթոռակից Պատրիարքը պիտի դառնայ Պատրիարք« իրաւունք պիտի ունենայ բազմելու Պատրիարքական գահու վրայ։ Մինչեւ Պատրիարքին վախճանումը« Պատրիարքին անունն է որ պիտի յիշատակուի Պատարագի ընթացքին« այլ ոչ թէ Աթոռակից Պատրիարքին։
Պատրաստուած կանոնադրութեան յօդուածներուն մէկ օրինակը մեզի ալ ղրկուած է ու ստորեւ զայն կը յանձնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։
Կþարժէ որ այս առթիւ բաղդատութիւն մը ընենք Երուսաղէմի ու մեր միջեւ եւ անդրադառնանք թէ մինչ Երուսաղէմի մէջ իմաստուն ու հեռատես նախաձեռնութիւն« նաեւ լաւագոյն լուծումը նկատուեցաւ Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութիւնը« մեր մօտ« ընդհակառակը« Աթոռակից Պատրիարքի առաջարկը անիմաստ պառակտում մը ստեղծեց ու Պատրիարքական ընտրութեան հարցը տարաւ դէպի անել։
Հեռատիպով մեզի ղրկուած պատճէնին մէջ նկատեցինք դժուար ընթեռնելի կամ դժուար հասկնալի հատուածներ« նոյնիսկ թերեւս շարադրական  մէկերկու սխալներ« բայց յայտնապէս բոլորը կը սրբագրուին։
Ահաւասիկ պատրաստուած նախագիծը« որ ապահովաբար պիտի վաւերացուի ու վերջնական ձեւ պիտի ստանայ։
*
ՆԱԽԱԳԻԾ ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԱԹՈՌԱԿԻՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ
Յօդ: 1- Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը Աթոռոյ կանոնին (1888) եւ Կանոնադրութեան (1881) Պատրիարքի ընտրութեան յատուկ բարեփոխեալ«  ի զօրու եւ կիրարկուող յօդուածներուն տրամադրութեամբ կþընտրէ Ս© Աթոռոյ Աթոռակից Պատրիարքը հետեւեալ պարագաներու ներքեւ։
Պատրիարքական ընտրութեան կանոնագլուխին առընչուուղ հարցը քննարկուած է 19 Յունիս 1930ին եւ անոր որոշումը տպագրուած Պատրիարքարանիս պաշտօնական Սիոն ամսաթերթին նոյն տարւոյ 7-8-9 թիւերուն մէջ (Տես էջ 272)։ Հետեւաբար« Պատրիարքի կամ Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւնը կը կատարուի հետեւեալ ձեւով© քուէարկութեամբ կþընտրուին թեկնածուներու հնգանուն ցանկ։ Ապա« այդ հնգանուն ցանկին վրայ գտնուող թեկնածուներուն միջեւ կը կատարուի քուէարկութիւն ու բարձրագոյն քուէ ստացողը կþընտրուի։ (Առ ի գիտութիւն« 1990ին Թորգոմ Արք. Մանուկեանի ընտրութիւնը կատարուեցաւ ըստ 1930ի որոշումին ուր 5 թեկնածուներու ընտրութենէն ետք հնգանուն ցանկին վրայ գտնուող թեկնածուներէն անգամ մըն ալ քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ բարձրագոյն քուէ ստացողը։ 1888ի Կանոնագրութեան մէջ Միաբանութեան Ուխտին յօդուած 26ը եօթ նախըտրանի թեկնածուներու մասին կþանդրադառնայ« որ 1930ին փոփոխութեան ենթարկուած է։ Այստեղ պէտք է նաեւ նկատի առնել որ 23րդ յօդուածի երկրորդ մասը պէտք է զանց առնել
ԱԵրբ Պատրիարքը յառաջացած տարիքի եւ կամ առողջական պատճառներով գրաւոր կերպով կը խնդրէ միաբանական Ընդհանուր Ժողովէն զերծ կացուցուիլ վարչական կանոնական պատասխանատուութիւններէն եւ պարտականութիւններէն:
ԲԵրբ Պատրիարքը խնամող գլխաւոր բժիշկին յաննարարութեամբ եւ Տնօրէն Ժողովի կարգադրութեամբ մասնագէտ բժիշկներու եռանդամ խորհուրդ մը որուն անդամ կըլլայ խնամող գլխաւոր բժիշկը նշանակուի եւ յետ բժշկական քննութեանց տեղեկագրով մը կը յայտնուի ախտաճանաչումը եւ կը հաստատուի Սրբազան Պատրիարքի հոգեկան մարմնական կամ մտային անկարողութիւնը եւ ընդունակութեանց անկասելի անկումը:
ՅՕԴ: 2- Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան արդիւնքը կը հաղորդուի Ս: Էջմիածին՝ Նորին Սրբութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն օրհնութիւնը ստանալու։
Ա: Աթոռակից Պատրիարքը կը ստանձնէ Սրբազան Պատրիարքի ամբողջ պարտականութիւնները։
Բ: Սրբազան Պատրիարք Հայրը լիազօրագրով կը հաստատէ Աթոռակից Պատրիարքի անյետադարձ լիազօր իշխանութիւնը։
Գ: Աթոռակից Պատրիարքի գահակալութիւնը տեղի կþունենայ Սրբազան Պատրիարքի վախճանումէն ետք« ըստ 1888ի Կանոնագրութեան Միաբանական Ուխտի յօդուած 27ին եւ Սուրբ Երկրին տիրող իշխանութիւններուն կողմէ վաւերացման հետ։
Դ: Աթոռակից Պատրիարքը եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցած կամ նախագահած ատեն չի բազմիր Սրբազան Պատրիարքի գահին« այլ  կը բազմի ձախակողմեան դասուն մէջ ուր կը զետեղուի յատուկ գահ մը մինչեւ գահակալութիւն։
Ե: Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը յիշատակուի Սրբազան Պատրիարք Հօր անունը մինչեւ նորընտիրին գահակալութիւնը։
ՅՕԴ: 3- Ընտրեալ Աթոռակից Պատրիարքը ցկեանս նախագահն է Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին եւ Տնօրէն Ժողովին« որ Ս© Աթոռոյ Գործադիր Իշխանութիւնն է։
Ա: Եթէ Աթոռակից Պատրիարքը ընտրուած կամ նշանակուած է որեւէ պաշտօնի« Աթոռակից Պատրիարք ընտրուելէ անմիջապէս ետք կը դադրի ընտրուած կամ նշանակուած պաշտօններէն։
ՅՕԴ: 4- Վերոյիշեալ կանոնին եւ կանոնադրութեան բարեփոխեալ«  ի զօրու եւ կիրարկուող յօդուածներուն Պատրիարքին եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին« Պատրիարքին եւ Տնօրէն Ժողովին«  Պատրիարքին եւ իւրաքանչիւր Միաբանի յարաբերութեան առընչուող բոլոր տրամադրութիւնները անփոփոխելիօրէն կը փոխանցուին Աթոռակից Պատրիարքին եւ ի զօրու կը մնան անոր նկատմամբ։
ՅՕԴ: 5- Եթէ Ս© Աթոռը ունի Պատրիարքական փոխանորդ մը« Աթոռակից Պատրիարքը կրնայ ըստ իր հայեցողութեան զինք պահել իր պաշտօնին մէջ« վերջ տալ պաշտօնին կամ նշանակել նոր մը։
ՅՕԴ: 6- Յետ Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան Սրբազան Պատրիարք Հայրը կը մնայ Սրբոց Յակոբեանց Առաքելական Աթոռոյ ցկեանս Գահակալն ու Միաբանութեան հոգեւոր Պետը« որուն Աթոռակից Պատրիարքն ու իւրաքանչիւր Միաբան պարտին որդիական սէր եւ հոգածութիւն« ակնածանք եւ մեծարանք ցուցաբերել։
ՅՕԴ: 7- Վախճանում Պատրիարքի
Յետ Պատրիարքի թաղման« Աթոռակից Պատրիարքը անմիջապէս կը ստանձնէ Պատրիարքի տիտղոսը« կը կոչուի Հայ Պատրիարք Երուսաղէմի եւ շրջակայից« հոգեւոր Պետը Միաբանութեան եւ Պետը Գործադիր իշխանութեան ըստ տրամադրութեանց Կանոնին (1888) եւ Կանոնադրութեան (1881)։
ՅՕԴ: 8- Հրաժարում« Անկարողութիւն« Վախճանում Աթոռակից Պատրիարքի
Երբ Պատրիարքին կենդանութեան Աթոռակից Պատրիարքը
ԱՏարիքի« առողջական կամ այլ պատճառներով պաշտօնէն գրաւոր հրաժարական ներկայացնէ Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին
ԲՎերոյիշեալ յօդուած 1ի Բ© հատուածին եղանակով բժշկականօրէն անկարող դատուի եւ կամ
ԳՎախճանի
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը անմիջապէս պէտք է ընտրէ նոր Աթոռակից Պատրիարք համաձայն վերոյիշեալ յօդուած 1ի ներածական պարբերութեան։
ՅՕԴ: 9- Սրբազան Պատրիարքի Պատրիարքարանի մէջ գտնուող Գրասենեակը կը դառնայ Աթոռակից Պատրիարքի գրասենեակը։

Yorumlar kapatıldı.