İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոյս Տեսաւ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ 56 ԹԻՒ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ — « ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐ »

Լոյս Տեսաւ
Ռ© ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ 56 ԹԻՒ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ  « ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐ »
Մեր Խմբագրապետ Ռ© Հատտէճեան լոյս ընծայեց « Յուշատետր » շարքէն նոր հատոր մը« որ այս անգամ կոչուած է « Հիւանդութեան օրեր »: Այս հատորը միւսներէն կը տարբերի անով որ ան կը բովանդակէ հեղինակին յուզումնալից ապրումները՝ սրտի վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած օրերէն։ 2006 թուականի Մարտ ամիսն է այս։ Հատորին առաջին 24 յօդուածները ի մի կը բերեն գործողութեան յաջորդող օրերու ընթացքին ապրուած յուզումները կամ ուրախութիւնները։ Հոս ալ շարքը կը դառնայ իրական ՚Յուշատետրՙ մը ուր հեղինակը  իր անձին ու իր ապրած փորձութեան շրջանին հետ գլուխ գլխի կը մնայ։ Իմաստալից է այն ինչ որ ինք կը գրէ այս գիրքը ներկայացնելու համար։
ՙՀրաշագործ Մայր Բնութիւն« որ երբեմն կամացկամաց բաներ մը կը քանդէ մեր մարմնին մէջ եւ երբեմն ալ կամացկամաց բաներ մը կը շինէ  մեր մարմնին մէջ։ Սա վերջին մէկ ամսուան մէջ բաներ մը շինուած ու վերանորոգուած էին մարմնիս մէջ։ Եւ ես անոնց համար երախտապարտ էի ո՜չ միայն  Մայր Բնութեան« այլ սիրելիներով« բարեկամներով« գործակիցներով« բժիշկներով ու հիւանդապահներով« նոյնիսկ իսկ ինծի անծանօթ ինչ ինչ մարդոցմով լեցուն աշխարհի մը։ Երախտապարտ էի եւ եթէ դեռ պիտի ապրէի« անշուշտ որ ես ալ բաներ մը ընելով պիտի վճարէի անոնց  նկատմամբ իմ պարտքը՚։
Այս հատորը վկայութիւն մըն է հիւանդութեան ու վերանորոգութեան այդ օրերէն։
Աւելի քան 300 էջերէ բաղկացեալ այս նոր հատորին մէջ ընդգրկուած են նաեւ բազմաթիւ այլ յօդուածաշարքեր« որոնք կը պտըտկին զանազան նիւթերու շուրջ« ընթերցողին փոխանցելով գրական« իմաստասիրական ու ազգային ապրումներ։ Այս հատորն ալ« քանի մը նախորդներուն նման« հրատարակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի քաջալերութեամբ ու մեկենասութեամբ։ Շատ ճաշակաւոր կողքը պատրաստուած է Արի Հատտէճեանի ձեռամբ։

Yorumlar kapatıldı.