İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սուրբ Զատիկ Տօն Յարութեան Տեառն Մերոյ Յիսուս Քրիստոսի.

Սուրբ  Զատիկի տօնը կը խորհուրդանշէ, յարութեան մեծ խորհուրդը եւ  անմահութեան ճշմարտութիւնը :Դարաշրջանիս  նիւթապաշտութեան  ծաւալային հոսանքի ենթակայ մենք , շատ անգամներ Սուրբ  Յարութեան  մեծ խորհուրդը եւ հռչակած  փրկարար ճշմարտութիւն առանց մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ  ներշնջելու կը տօնենք  ուտելով, խմելով  ու զուարճանալով.
Ատեն  ատեն  կը մոռնանք  Քրիստոնէութեան  ուսուցումը ու սկզբունքները.

Սուրբ  Յարութեան տօներուն  մեր եկեղեցիները  պիտի  թնթան  արարողութիւններով , Ս.Պատարագներով , հանդիսաւոր ձեւով  պիտի հնչէ, <Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբ  իւրով  մեզ  զկեանս պարգեւեաց> շարականները,պիտի  պերճանան  սրբաշունջ քարոզներով , հոն  հաւատացեալներուն պիտի պատգամուի  անմահութեան եւ Սուրբ Յարութեան ճշմարտութիւնը , սակայն  երբ  որ, Սուրբ  Յարութեան  պատգամի ուժը, հմայքը, Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումը  անհատներու կեանքէն ներս չի թափանցէր,Սուրբ Յարութեան խորհուրդն  ալ  իմաստ չի նշանակէր ; Զատիկը կը մնայ  մի միայն  զուարճութեան  կամ  խանդավարութեան  առիթ  եւ կամ երեւոյթ.

Սուրբ Յարութեան ճշմարտութիւնը  <Սուրբ  Լոյս> է, ինքն իր <կեանք> է, եւ մեզի կը պարգեւէ ,<Ազատութիւն>,<Խաղաղութիւն>, <Մարդասիրութիւն>, եւ նաեւ մեզ կը կապէ մեր արմատներուն.

Սուրբ  Յարութեան  պատգամը, կեանքի յաւիտէնականութիւնը աւատելով , կեանքին  գերեզմանի մէջ չի վերջանալը կը նշանակէ, Տէրն  մեր Յիսուս  Քրիստոս  իր յարութիւնով կազատէ անհատը մահու սարսափէն ու վախէն, զայն կառաջնորդէ  նաեւ , Անձնանուիրումի, Մարդասիրութեան, Եղբայրութեան, Յանդորժողութեան  եւ Ազգասիրութեան:

Ջանանք Սուրբ Զատիկը  տօնել , Քրիստոսի հռաշափար Յարութեան  իմաստը, խորհուրդը ու զօրութիւնը ճիշդ ու լաւ հասկնալով ու ըմբոշխել անոր հմայքը.

 Բոլորին մաղթելով , տառապանքներէ ու չարչարանքներու  հեռու համերաշխութեան ու խաղաղութեան մէջ  առողջ  ու առաքինի կեանք, սրտանց շնորհաւորանքներ, նաեւ Յարութիւն, Արթին, Արթօ, Արթիւր, Արտեմ, Զատիկ,Յարութ, Արտաշ ներու անուանակոչութեան տօնի  առթիւ.

 Շարական  Սուրբ Շատկի:

 Այսօր յարեաւ ի մեռելոց

փեսայն անմահ եւ երկնաւոր,

Քեզ աւետիք խնդութեան

Հարսն ի  յերկրէ  Եկեղեցի

Օրհնեա ի ձայն  ցնծութեան

զԱստուած քո Սիովն:

                   

ՔՐԻՍՏՈՍ  ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.

 

                                         Տօքթ.Սարգիս Ատամ

                                                 Գերմանիա

                                             22.4.2011

Yorumlar kapatıldı.