İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
 Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին. Մեծ Պահոց ապաշխարութեան շրջանը բոլորելով հասանք մեր Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տաղաւարի տօնակատարութեան։ Հրեշտակաբարբառ աւետիսը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, թէ  վերջակէտը դրուած է հին կեանքին, վերցուած է մարդուն վրայէն մահուան անէծքը, փարատած է մահուան մռայլ երկիւղը եւ լուծուած՝ դատապարտութեան կնիքը ու բացուած՝ նոր կեանքի ճանապարհը դէպի յաւիտենականութիւն։

Ամէն առաւօտ կը վայելենք արեւածագի շքեղութիւնը, երբ արեգակը իր ճառագայթներու կարմրափայլ շողերով կը փարատէ գիշերային խաւարը։ Այդ բնական երեւոյթը կ՚աւետէ նոր օրուան մը սկիզբը. նոր օր մը, որ կու գայ բարդուիլ մեր կեանքի անցեալ օրերուն վրայ։ Բոլորս ուրախութեամբ ու լաւատեսութեամբ կ՚ընկալենք Տիեզերքի Արարչին անսպառ բարիքներով առլցուն օր մը եւս վայելելու հրաւէրը եւ երջանկութեամբ կը լեցուին մեր սրտերն ու հոգիները։
Եթէ հանապազօրեայ արեւածագը այնքան կ՚երջանկացնէ մեզ, առաւել եւս  երջանկաբեր պիտի չըլլա՞յ տիեզերքի պատմութեան այն եզակի ու անկրկնելի արեւածագը, որ Քրիստոնեայ հաւատացեալի համար համազօր է հիմնական եւ անփշրելի ամրակուռ սիւնին։ Այդ սիւնը անընկճելի է ու կը կրէ կեանքի ծանրութիւնները, դառնութիւնները եւ դժբախտութիւնները, կը զօրացնէ անոր յենողներուն կամքը ու կը ներշնչէ ապրելու խանդն ու կորովը։ Կը պարգեւէ զօրութիւն «բարի պատերազմը պատերազմելու, հաւատքը պահելու եւ այդ զօրութեամբ քալելու արդարութեան պսակին հասնելու ճանապարհին մէջ», նման Պօղոս Առաքեալի (Բ Տիմոթէոս 4.6-7)։
Քրիստոնեայ հաւատացեալի արեւածագը, Ս. Յարութեան լոյսն է, ծագած՝ Փրկչին պարապ թողած գերեզմանէն։ Ցուրտ քարայր մը, մահկանացու մարդկանց համար պատրաստուած վիմափոր գերեզման մը, իր ջերմութեամբը կու գայ հալեցնել սառնացեալ սրտերն ու հոգիները, կը բոցավառէ լեցուն եւ իմաստաւորեալ կեանքի մը անմար կրակը, զգացնելով Աստուածային անսահման սէրն ու հայրական գթառատ ողորմութիւնը։
Այս եզակի արեւածագն է, որ դարեր շարունակ լուսաւորած է ու կը շարունակէ լուսաւորել մեր հաւատքի կեանքը։ Արեւածագ մը, որուն շողերով կեանքի ժխտական երեւոյթները փոխակերպուած են յոյսի անսպառ հացին, որուն ճաշակմամբը սնած են մխիթարութիւն ակնկալող հոգիներ։ Արեւածագ մը, որով կը դարմանան մեր յիշողութիւնները, թէ «Աստուծոյ Խօսքն է Ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով լուսաւորած էր ամբողջ մարդկութիւնը» (Յովհ. 1.9) եւ այդ լոյսին հետեւողներ «խաւարի մէջ պիտի չքալէին ու պիտի ընդունէին կենաց լոյսը» (Յովհ. 8.12)։
Եսայի Մարգարէն կը պատկերացնէ Աստուծոյ փառքի ծագման լոյսին բարեբեր արդիւնքը, որ է Քրիստոսի Ս. Եկեղեցին (60.1-8)։ Այդ փառաւոր լոյսի յաղթանակը ըստ Տիրաւանդ պատգամին քարոզուեցաւ ամբողջ աշխարհի եւ տակաւին կը քարոզուի ու պիտի քարոզուի մինչեւ աշխարհի վախճանը։ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու պատրաստ հոգիներ, պատռեցին անգիտութեան թանձրամած խաւարի վարագոյրը եւ հաղորդ դարձան Ս. Յարութեան կենարար լոյսին։ Աշխարհի չորս ծագերուն Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարներու վրայ բարձրացած Ս. Խաչի նշանը յաղթանակն է Քրիստոսի պարապ գերեզմանէն ծագած լոյսին։
Ս. Յարութեան Տաղաւարը տօնն է կեանքին. տօնն է լոյսին. տօնն է պայծառութեան. տօնն է Աստուծոյ փառքին յայտնութեան։ Այս առումով Ս. Յարութեան տօնը կը դիմաւորենք հաւատքով եւ խոր երկիւղածութեամբ։ Նոյն զգացումներով կը մօտենանք Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդի վեհութեան՝ շնորհքի ակնկալութեամբ, խոնարհեցնելով մեր մարդկային սահմանափակ իմաստութիւնը Անսահմանին առջեւ։ Քրիստոսի անունը կրելով հանդերձ, եթէ Ս. Յարութեան Տաղաւարին մօտենանք լոկ ընկերաբանական հասկացողութեամբ, կը նմանինք այն մարդուն, որ ցորեն կը ցանէ միայն հարթը օգտագործելու համար։ Նաեւ Ս. Յարութեան ճշմարտութեան նկատմամբ կասկածներ երբ կը սնուցանենք, այդ կը նշանակէ, թէ հարցականի տակ կը դնենք մեր հաւատքը։ Քանի որ ըստ Առաքելական պատգամին «եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած ի զուր է Աւետարանի քարոզութիւնը. ի զուր է մեր հաւատքը եւ մենք տակաւին կը մնանք նոյն մեղքերուն մէջ» (Ա. Կորնթ. 15.14ե17)։
Յարուցեալ Փրկիչը մեզի հետ է, կը յայտնուի մեր մէջ ամէն առթիւ, երբ որ հաւաքուինք Իր անունով, կը հետեւի մեր ամէն քայլափոխին, կը խօսի մեզի, կը յիշեցնէ կեանքի խօսքերը, մերթ ազդարարելով, մերթ սաստելով, մերթ մխիթարելով, ինչպէս ըրած էր Էմմաուսի ճամբուն վրայ երկու ճամբորդներու հետ ունեցած հանդիպումին։ Յարուցեալ Փրկիչը պատրաստ է մեր հրաւէրին ընդառաջելու ու բնակելու մեզի հետ, հաց բեկանելու մեր սեղաններուն վրայ եւ բանալու մեր աչքերը, որպէսզի աւելի պայծառատես ըլլան ու մենք հասկնանք ու ըմբռնենք արժէքը այն մեծ սիրոյն, որով խաչելութեան դառնութիւնը եւ ցաւը փոխակերպուեցաւ յարութեան ուրախութեան։
Փառք Քրիստոսի Յարութեան ու անոր կենսանորոգ զօրութեան, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։
Երբ կ՚ապրինք զատկական հրճուանք ու մեր բարի մաղթանքներն ու խնդրանքները կը մատուցանենք առ Աստուած, կը յիշենք մեր Հոգեւոր Պետը՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը եւ կ՚աղօթենք իր առողջութեան համար։
Սուրբ 1/4ատկի կենսանորոգ տօնին առիթով օրհնութեամբ կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք մեր Սրբազան եղբայրները, Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Գալyայեան Ուխտի Քոյրը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Աթոռոյս Տնտեսական Յանձնախումբի անդամները, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած 1/4գեստներու եւ Իրեղէններու Վերարժեւորման Յանձնախումբի անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Տնօրէններն ու Հիմնադիրները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ անձնակազմը, մեր համայնքային հաստատութեանց ազնիւ բարերարները եւ համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Սուրբ Յարութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Ս. Յարութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին ու որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը, եւ իր անձին մէջ Մայր Աթոռի ողջ Միաբանութիւնը եւ այս առթիւ կը հայցենք, որ Նորին Սրբութիւնը եւս շարունակէ աղօթել Նորին Ամենապատուութիւն Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։
Նոյն հոգեւոր ուրախութեամբ մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսին ու Կաթողիկոսութեան Միաբաններուն, Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Թորգոմ Պատրիարքի ու Սրբոց Յակոբեանց Միաբաններուն։ 
Եղբայրական ողջոյնով կը շնորհաւորենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները տօնական յուսալից աւետիսով.
Յարութեան շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Հայրական սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑե
ՃՇՄԱՐՏԱՊԷ՛Ս ՅԱՐԵԱՒ. ԱԼԷԼՈՒԻԱ
Սիրով ի Քրիստոսե
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ

http://lraper.org/main.aspx?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003691&Lang=HAY

Yorumlar kapatıldı.