ՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Այս ուղղութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համար ուսումնասիրուած եւ պատրաստուած կանոնադրութեան օրինակէն կը մէջբերենք«Աթոռակիցի մի ընտրութեան» պարագային… վերաբերուող բաժինը՝ ուր կ‘ըսուի…
Յօդուած 11.- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եթէ հիւանդութեան եւ կամ այլ պատճառով անկարող լինի իր պաշտօնը վարել, Կաթողիկոսի Փոխանորդը, կամ Կաթողիկոսի Փոխանորդի չգոյութեան պարագային, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը նշանակում է երեք ձեռնհաս բժիշկներ՝ քննելու եւ ճշդելու Կաթողիկոսի առողջական վիճակը: Եթէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը եւ Եպիսկոպոսաց ժողովը մեծամասնութեան քուէով հաստատի Կաթողիկոսի անկարողութիւնը, Փոխանորդը կամ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդի Ատենապետը, ժողովի է հրաւիրում Եպիսկոպոսաց Ժողովը՝ ընտրելու համար Ամենայն Հայոց Աթոռակից Կաթողիկոս:
Այսքա՛ն…, պա՛րզ եւ յստա՛կ:…
Իւրաքանչիւր միաբան, լռելեայն լա՛ւ գիտէ վանքի ցաւը: Եւ այս ցաւերուն դիմաց՝ լռութիւնն ու անփութութիւնը, համազօր է մէկ բառի… ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ:
Ռամկավար Մամուլ
Ապրիլ 20, 2011
ՆԱՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Նոյեմբեր 15-18, 2010-ին, Երուսաղէմի Միաբանական Ընդհանուր Ժողովէն ետք, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ հրատարակուեցաւ, թէ Ամեն. Տ. Թորգոմ Արք.Մանուկեան, Հայ Պատրիարքը Երուսաղէմի, յատուկ յուշագիր մը ներկայացուցած էր ժողովին, ուր ըսուած էր. «Նկատի առնելով առողջական վիճակը եւ վանքի ապագան» Պատրիարքը հարկ կը տեսնէր Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւն կատարել, ու առ այդ թելադրած էր ժողովին, համապատասխան կանոնադրական յօդուածները լրացնել մինչեւ Մարտ 2011, եւ ապա կատարել ընտրութիւնը Աթոռակից Պատրիարքի:
Այս ուղղութեամբ ընտրուեցաւ հինգ հոգինոց յանձնախումբ մը, Ատենապետութեամբ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Գերշ. Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան, Հոգշ. Տ. Բաբգէն, Տ. Կորիւն, Տ. Նորայր վարդապետներ:
Մեր ստացած նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը եւ Աթոռակից Պատրիարքի Ընտրութիւնը նախատեսուած էր ընթացիկ տարւոյս՝ Մարտ 3 կամ 10, շաբաթավերջին:
Պատրիարք Հօր փափաքը եւ Վանքի Դիւանատան հաղորդագրութիւնն ալ կը հաստատէր Մարտ 2011 թուականը:
Կասկած չունինք, որ Յանձնախումբը սկսած է իր աշխատանքին: Սակայն հետաքրքրական է, որ մինչեւ օրս տակաւին չեն պատրաստած այս յոյժ կարեւոր կանոնադրական յօդուածները, յարգած ըլլալու համար Պատրիարք Հօր փափաքը, եւ ո՛չ ալ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մտահոգ հայ ժողովուրդին հաղորդած՝ ուշացումին դրդապատճառները կամ յայտնած ժողովի նոր թուական մը:
Անորոշութիւնը կը շարունակուի ժպտալ միաբանութեան գործունէութենէն ներս:
Մարգարէանալու հարկը չկար, երբ Սեպտեմբեր 2010-ին, ցաւ ի սիրտ կը գրէինք. «Կը հաւատանք, որ օրուան պահանջքն է Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով Պատրիարքութեան դիրքը, որ այսօ՛ր գործ ունի երեք պետութիւններու հետ… Իսրայէլի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի»: Ապա կ‘աւելցնէինք… «Նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի քաղաքական աննպաստ պայմանները եւ ապագայի անորոշ եւ աննախատեսելի դժուարութիւնները, հարկ է իմաստութիւնը ունենալ Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութեամբ վերականգնել մեր Պատրիարքութիւնը…»:
Միջին Արեւելքը, որ միշտ կիզակէտը եղած է մեծ փոթորիկներու, այսօր նոր տարիէն ի վեր Թունուզի եւ Եգիպտոսի իշխանութեան համար մղուող ժողովրդավարական պայքարները իրենց ալիքները տարածած են արաբական տարբեր պետութիւններէ ներս: Յորդանանը եւ Պաղեստինը բացառութիւն մը չկազմեցին, ուր հարկ եղաւ կառավարութիւններ փոխել, մինչ տագնապը կը շարունակէր իր երթը:
Մեզի կը պակսի Ս. Աւետարանի «իմաստուն կոյսեր»ու պատգամը, որ ափսո՜ս… միա՛յն կը քարոզուի Ս. Խորանէն, մինչ մենք անտարբերութեան դիմակը հագած, կը շարունակենք մեր գործելաոճը, մեր երթը՝ ուղեկից ըլլալով…:
Չշարունակենք:
Միջին Արեւելքի փոթորկալից այս օրերը, կրնան վատթարացնել Պատրիարքութեան արդէն իսկ անորոշ իրավիճակը. ահա թէ ինչո՞ւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեամբ մտահոգ ոեւէ հայ կը փափաքի, որ Սուրբ Աթոռը ո՛չ միայն խաղաղ մատոյց մը ըլլա՛յ հայու հոգիներուն, այլ Սիոնի բարձունքին վերագտնէ իր երբեմնի փառքը դարաւոր:
Գիտենք՝ 16 դարեր կը կազմեն փառքը Երուսաղէմի Պատրիարքութեան: Այսօր, կարելի չէ եւ պէտք չէ թեթեւօրէն նայիլ ներկայ իրավիճակին: Ահա թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը իր պահանջքները ունի երբ կը փնտռէ «ապահովութիւնը» Պատրիարքութեան:
Սեպտեմբեր 2010-ին, «Օրուան Պահանջքը» մեր յօդուածով շեշտած էինք, «Այսօր վանքին հարցերը լուծելու համար, հարկ չկայ վիզէն շղթայ մը կրելու, սակայն հա՛րկ կայ Երջ. Գրիգոր Շղթայակիր, Գրիգոր Պարոն Տէր Պատրիարքներու օրինակելի նուիրումը ունենալ, զոհողութիւնը, իմաստութիւնը, վարքն ու կենցաղը ունենալ, դուրս բերելու վանքը իր այս տագնապալի օրերէն»:
Ափսո՜ս որ Շղթայակիրի եւ Գրիգոր Պարոն Տէր Պատրիարքներու տեսիլքէն զուրկ է միաբանութեան դրամագլուխը:
Այսօ՛ր ազգովին, եւ մանաւանդ որպէս սաղիմահայ համայնք եւ միաբանութիւն, պէտք է հարց տանք մենք մեզի, թէ ինչպէ՞ս կ‘ուզենք տեսնել Հայ Երուսաղէմը եւ Հայոց Պատրիարքութիւնը 25 կամ 50 տարի յետոյ:
Միջին Արեւելքի քաղաքական աննպաստ եւ շատ անգամ աննախատեսելի հարցերուն եւ մանաւանդ մեր դէմ ընթացող լուռ վտանգին առաջքը առնելու համար, հարկ է ողջմտութիւնը ունենալ եւ թեթեւօրէն չնայիլ ներկայ իրավիճակին:
«Օրուան Պահանջքը» ծանօթ մեր յօդուածին մէջ թուած էինք անուններն ու թուականները Երուսաղէմի Աթոռակից Պատրիարքներու: Աթոռակիցներու նախընթացներ ունեցած են Հայց. Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ նոյնպէս Միջին Արեւելքի պայմաններուն մէջ կը շարունակէ առաքելութիւնը հոգեւոր եւ ազգային, անցած է Աթոռակիցներու ճանապարհէն եւ ունեցած հարուստ փորձառութիւնը ատոր՝ մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն:
Այս ուղղութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համար ուսումնասիրուած եւ պատրաստուած կանոնադրութեան օրինակէն կը մէջբերենք «Աթոռակիցի մի ընտրութեան» պարագային… վերաբերուող բաժինը՝ ուր կ‘ըսուի…
Յօդուած 11.- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եթէ հիւանդութեան եւ կամ այլ պատճառով անկարող լինի իր պաշտօնը վարել, Կաթողիկոսի Փոխանորդը, կամ Կաթողիկոսի Փոխանորդի չգոյութեան պարագային, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը նշանակում է երեք ձեռնհաս բժիշկներ՝ քննելու եւ ճշդելու Կաթողիկոսի առողջական վիճակը: Եթէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը եւ Եպիսկոպոսաց ժողովը մեծամասնութեան քուէով հաստատի
Կաթողիկոսի անկարողութիւնը, Փոխանորդը կամ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդի Ատենապետը, ժողովի է հրաւիրում Եպիսկոպոսաց Ժողովը՝ ընտրելու համար Ամենայն Հայոց Աթոռակից Կաթողիկոս:
Այսքա՛ն…, պա՛րզ եւ յստա՛կ:
Երուսաղէմի պարագային, մենք ունինք Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը, որ կ‘ընտրէ Աթոռակից Պատրիարքը:
Ներկայ պարագային, Երուսաղէմի Պատրիարքը, Ամեն. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը, ի՛նք անձամբ յուշագիր մը ներկայացուց Նոյեմբեր 2010-ի ժողովին, ուր կը կրկնենք… «Նկատի առնելով առողջական վիճակը եւ վանքի ապագան», Պատրիարքի ընտրութիւն կատարել:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համար ուսումնասիրուած եւ պատրաստուած վերոյիշեալ առաջարկուած կանոնադրութեան յօդուածէն տեղեակ են Ամեն. Պատրիարք Հայրը եւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որոնք անդամ են Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին:
Կը մնայ, Նուիրապետական Աթոռներու կանոնադրութեան օրինակները ուսումնասիրել եւ յարմարեցնել մեր ներկայ իրավիճակին:
Հարկ կա՞յ շեշտելու, որ Պատրիարք Հայրը, կը մնայ ընտրեալ Պատրիարքը Սուրբ Աթոռին, մինչ Աթոռակից Պատրիարքը կը ստանձնէ Պատրիարքական ամէն իրաւասութիւն, վարելու Պատրիարքութեան գործերը, եւ առաջնորդելու միաբանական կեանքը:
ենք չենք փափաքիր կանոնադրական յօդուածներու պատրաստութեան ուշացումին եւ Աթոռակից Պատրիարքի Ընտրութեան ձգձգումին ետին փնտռել յետին նպատակներ, ականջ տալով տարբեր մեկնաբանութիւններու որոնք ժողովրդային ըսի–ըսաւներէն անդին չեն երթար: Սակայն հարկ կը զգանք շեշտելու անհրաժեշտութիւնը սկսուած աշխատանքին եւ անոր աւարտին՝ անվարան:
Անգլիացի բանաստեղծ Ուիլիըմ Պլէյք, ժամանակի կորուստի մասին հետեւեալ բնութագրումը կու տայ. «Արծիւը երբեք այնքան շատ ժամանակ չի կորսնցներ, որքան այն դէպքին, երբ ագռաւին թռչիլ կը սորվեցնէ»:
րուսաղէմի «կանոնադրութեան» նորընտիր յարգարժան յանձնախումբը «նոր օդանաւ մը կառուցելու» հնարամտութեան եւ դժուարութեան պէտք չէ մատնուի… երբ կան արդէն իսկ ուսումնասիրուած եւ փորձուած կանոնադրութեան այլ օրինակներ Նուիրապետական Աթոռներու:
Ձգձգումը՝ ուրիշ բան չէ, եթէ ո՛չ ծաղրանկարը՝ ժամանակի գողութեան… որ հիմա գէթ ակամայ, նետուած է մտահոգ հայ ժողովուրդի երեսին:
Ահա թէ ինչո՞ւ ֆրանսացի գիտնական եւ բանախոյզ Ժորժ Բյուֆոնի վերոյիշեալ խորագիրը կը շեշտենք անգամ մըն ալ… «Անդառնալի կորուստներէն մէկը, կորուստն է ժամանակին»:
Աւելի պարզաբանենք ցաւը՝ որ կը կոտտայ մեր կուրծքին տակ:
Նկատի ունենալով հայութեան նօսրացած թիւը Սուրբ Քաղաքին մէջ՝ 800 հոգի, կամ Երուսաղէմ եւ շրջակայք 1300 հոգի՞…
Նկատի ունենալով Պատրիարքութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, անմիաբան եւ լճացած կեանքը, հաւատքի եւ հոգեւոր կեանքի հանդէպ անտարբերութիւնը…
Նկատի ունենալով մեր տկարութիւնը իր բոլոր երեսներով, այս բոլորը մեզ կը մատնեն լուրջ վտանգներու:
Պատմութիւնը կրնայ կրկենլ ինքզինք: Այլափոխուած այս աշխարհին մէջ, զօրաւորն է որ կ‘իշխէ: Տկարը միշտ դարձած է ստրուկը ուժեղին, յաճախ կորսնցնելով իր իրաւունքներն ու ազատութիւնը:
Անցեալին կորսնցուցած ենք, շատ ու շատ իրաւասութիւններ, կալուածներ, իրաւունքներ, որոնք արդիւնք են եղած մեր տկարութեան ու անմիաբանութեան:
Երուսաղէմի Պատմութեան էջերը լեցուն են նման դէպքերով:
Քանի՞ միաբան կարդացած կամ մէյ մը նայած է Տիգրան Սավալանեանցի կամ Աստուածատուր Եպիսկոպոս Յովհաննիսեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» հատորներուն:
Դժբախտութիւն է, երբ աշխարհի ամէնէն կարեւոր կալուածին՝ Սիոն լերան գագաթին նստած, քաղաքին մէկ վեցերորդին տէրը ըլլալով, սրբատեղեաց մէջ յունաց եւ լատինաց նման հզօր եկեղեցիներու հետ հաւասար իրաւունքներ վայելելով, այսօր անփութութեան եւ պատահականութեան թողած ենք Պատրիարքութեան ապագան:
Իւրաքանչիւր միաբան, լռելեայն լա՛ւ գիտէ վանքի ցաւը: Եւ այս ցաւերուն դիմաց՝ լռութիւնն ու անփութութիւնը, համազօր է մէկ բառի…
ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ:
Հաւատացեալ հայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր, հաւատքով նայած է Սուրբ Յակոբներուն, հաւատքով կը նայի այսօր ալ… ու այդ անկոտրում հաւատքը իր աչքերը պիտի սեւեռէ նաեւ վաղուան Երուսաղէմին…:
Մեծ եղած է Երուսաղէմի զինուորեալ միաբանութեան դերը անցեալին եւ է նաեւ այսօ՛ր: Ահա՛ թէ ինչու հարկ է վերականգնել մեր Պատրիարքութիւնը, հոգեւոր կեանքն ու առաքելութիւնը: Հարկ է ըմբռնել օրուան կացութիւնն ու տագնապները, ըլլան անոնք քաղաքական, հոգեւոր, ազգային, վարչական թէ տնտեսական: Նոյեմբեր 2010-ին, Միաբանական ընդհանուր ժողովի մասնակից անդամները մօտէն առնչուեցան եւ ծանօթացան Պատրիարքութեան դէմ ծառացած լուրջ հարցերուն, եւ այսօ՛ր պաշտօնի կանչուած հոգեւորականներէն կը սպասուի թեթեւօրէն չնայիլ ներկայ իրավիճակին, եւ մանաւանդ իրենց ստանձնած խիստ եւ կարեւոր նոր պարտականութիւններուն, այլապէս… մեր անփութութիւնն ու Միջին Արեւելքի դէպքերը կրնան մեզ նոր անակնկալներու առջեւ բերել… մինչ օրուան պահանջքները վաղուան ձգելով, դժուար կրնանք ծնունդ տալ մեր յոյժ կարեւոր որոշումներու… լուծումներուն:
Կ‘ուզենք հաւատալ, որ Կանոնադրական Յօդուածներով զբաղուող Յանձնախումբը, յատուկ հաղորդագրութեամբ, շուտով կը ճշդէ միաբանական ժողովի նոր թուական մը… առանց ժամանակի գողութեան նոր ծաղրանկար մը հրամցնելու հայ ժողովուրդին:__
Yorumlar kapatıldı.