Դատախազ Նորպէրթօ Օժարպիտէ յայտարարեց թէ «Թուրքիան ցեղասպանութեան ոճիռ գործած է» հայ ազգին դէմ՝ 1915-1923 թուականներուն:
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ»).- Անցեալ Ապրիլ 1ի կէսօրուայ ժամերուն, դատախազ Նորպերթօ Օժարպիտէ յայտարարեց աննախադէպ վճիռ մը, որու շնորհիւ կը հաստատուի, թէ թուրք կառավարութիւնը ցեղասպանութեան ոճիռ գործադրած է հայ ազգին դէմ 1915-1923 թուականներուն միջեւ։ Վճիռի ընթերցման արարողութեան ներկայ եղան նշեալ դատի դիմող անձերն ու կազմակերպութիւնները։
Որպէս Արժանթինի ֆետէրալ դատախազ, տոքթ. Օժարպիտէի կողքին էին դատարանի պաշտօնեաներ՝ տոքթ. Լուիս Կակլիարտի եւ տոքթ. Կարսիա Տավինի։
Մօտ հարիւր էջնոց այս կարեւոր փաստաթուղթին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուեցան պահանջքի հիմնաւորումները, տարուած լայնածաւալ աշխատանքը եւ փաստերու ներկայացումը, որ համբերութեամբ աւելի քան տասը տարիներու ընթացքին նախաձեռնեց Լուիսա Հայրապետեան Հիմնարկը, համայնքի տարբեր կազմակերպութեանց աջակցութեամբ։
Դատի դիմող՝ նոտար Կրէկորիօ Հայրապետեանի ընկերակցեցան իր ընտանիքը, Լուիսա Հայրապետեան Հիմնարկութեան փաստաբանները, տեղական լրատուական տարբեր միջոցներու լրագրողներ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական մամուլի թղթակիցներ։
Աւելի քան 120 ամիսներու ընթացքին, դատախազները առիթ ունեցան սարսափելի վկայութիւններու մասին իմանալու, այս նիւթի վերաբերեալ լայն գրականութեան մը ծանօթանալու, ու միջազգային ընդունման, Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման ու վնասներու հատուցման ի նպաստ տեղի ունեցած համայնքներու շարունակ գործունէութիւնը ճանչնալու։
Վճիռը վերահաստատեց նշեալ դէպքերու իրականութիւնը, որուն պատմական ճշմարտութիւնը լայնօրէն փաստուած է այդ ժամանակուայ պետութեանց արխիւներուն մէջ։
Անկասկած, այս վճիռի որպէս հետեւանք, Մարդկային Իրաւունքներու ծիրին մէջ իրաւական նոր դաշտ մը կը բացուի։
Վճիռի հիմնաւորումին մէջ, դատախազ Օժարպիտէ ներառեց 2007 թուականի Արժանթինի Թիւ 26.199 Օրէնքի լրիւ թեքսթը, որ Ապրիլ 24ը կը յայտարարէ «Հանդուրժողականութեան եւ Ժողովուրդներու միջեւ Յարգանքի Օր», ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Հարկ է նշել թէ սոյն օրէնքը արդիւնք եղաւ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար տարիներու շարունակ աշխատանքին։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ու հայ ազգի դէմ գործադրած ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ անխուսափելի ճանաչման նախօրեակին, այս պատմական վճիռով՝ յիշողութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հայկական պահանջքները նոր հանգրուանի մը մտան։
———————-
ԱՐԺԱՆԹԻՆ
Փետրօ Մուրատեան Արդարադատութեան նախարար Խուլիօ Ալաքի կողմէ նշանակուեցաւ Խտրականութեան դէմ Քաղաքականութեան Հետազօտական եւ Դաստիարակման համադրող
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ»).- Արժանթինի Արդարադատութեան եւ Մարդկային Իրաւանց նախարար՝ տոքթ. Խուլիօ Ալաք անցեալ Ապրիլ 1ին Փետրօ Մուրատեանին նշանակեց Խտրականութեան դէմ Քաղաքականութեան Հետազօտական եւ Դաստիարակման նոր համադրող, փոխ–քարտուղարի մակարդակով։ Մուրատեան այլատեացութեան ու ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի մասնագէտ է, եւ առ այդ անցեալ Դեկտեմբերին հրաւիրուեցաւ ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբին կողմէ միջազգային այլ 12 մասնագէտներու կարգին մասնակցելու անդամ պետութեանց ուղղուած հակախտրական քաղաքականութեան ուղեգծի մը մշակման ծրագրին։
Արարողութեան ընթացքին, նախարար Ալաք հաստատեց, թէ «Արժանթինի նախագահուհի Քրիստինա Ֆէրնանտէս–Քիրչնէրի կողմէ Մուրատեանի նշանակումը հաւասարութեան ի նպաստ եւ խտրականութեան դէմ պայքարին իր աշխատանքին որպէս ճանաչում մըն է, որ չորս տարուայ ընթացքին մեծ յաջողութեամբ ստանձնեց Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի մէջ»։ Նախարարը շեշտեց, թէ նոր պաշտօնեայի կողմէ ղեկավարուող Հետազօտական եւ Դաստիարակման մթնոլորտը «առիթ պիտի տայ այդ ուղղութեամբ արժանթինեան օրէնքներու զարգացման»։
Իր կարգին, Մուրատեան «խտրականութեան դէմ հանրային քաղաքականութեան մը շինարարական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ իր յարգանքը» շարունակելու յանձնարարութիւն յայտնեց։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հաւասարական ամուսնութեան օրէնքներու հռչակումները յիշատակելով, Փետրօ Մուրատեան ընդգծեց, թէ «ներառնող երկրի շինութեան ուղղութեամբ մեր աշխատանքը մեզ առիթ կու տայ այլ հերոսներու կողքին՝ Մորէնոյի, Սան Մարթինի եւ Պելկրանոյի կողմէ երեւակայած երկրի հետ երազելու»։
Այլ անձնաւորութիւններու կողքին, արարողութեան ներկայ գտնուեցան Արդարադատութեան քարտուղար՝ Խուլիան Ալվարէս, Մարդկային Իրականց քարտուղար՝ Էտուարտօ Լուիս Տուալտէ, նախկին դատախազ եւ նախկին նախարար՝ Լէոն Գարլոս Արսլանեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վլատիմիր Կարմիրշալեան, Պոլիվիայի դեսպան՝ Լէոնոր Արաուքօ Լէմէթրէ, հրէական կազմակերպութեանց համախմբում Տ.Ա.Ի.Ա.ի եւ Ա.Մ.Ի.Ա.ի, ու Իսլամական Կեդրոնի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Մարդկային Իրաւանց պաշտպան համախմբումներու ու հայ համայնքի կազմակերպութեանց ղեկավարներ։
Մարդկային Իրաւանց ի նպաստ պայքարի իր գործունէութեան վերաբերեալ, Փետրօ Մուրատեան եղած է Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տնօրէն (2002-2006), Խտրականութեան դէմ պայքարող Ոչ Կառավարական Կազմակերպութեանց Ամպիոնի նախագահ (1998-2003), եւ Մարդկային Իրաւանց ի նպաստ Մնայուն Խորհուրդի նախագահական մարմնի անդամ։ 2010 թուականին, հրէական կազմակերպութեանց համախմբում՝ Տ.Ա.Յ.Ա.ն եւ Արժանթինի Իսլամական Կեդրոնը զինքը մեծարեցին, Մարդկային Իրաւունքներու ուղղութեամբ տարած իր աշխատանքին համար։
————————————
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Պուէնոս Այրէս – Գորտոպա – Մոնթէվիտէօ – Սան Փաւլօ
Հաղորդագրութիւն
«Հայ ժողովուրդին դէմ 1915-1923 թուականներուն
ցեղասպանութիւն գործադրուեցաւ»
Արժանթինեան ատեան մը պատմականօրէն աննախընթաց վճիռ մը արձակեց
Ապրիլ 1, 2011ին, արժանթինեան ատեան մը «ցեղասպանութիւն» որակեց 1915-1923ին Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայ բնակչութեան տեղահանումն ու ջարդերը: Ատեանի նախագահ դատաւոր Նորպերթօ Օժարպիտէ, շատ յստակ ու մանրամասն բանաձեւուած դատավճիռին մէջ յայտարարեց, թէ «Թուրք պետութիւնը ցեղասպանութեան յանցանք գործած է հայ ժողովուրդին դէմ 1915-1923 թուականներուն»։
Վճիռը եզրափակումն է աւելի քան տասը տարի առաջ սկիզբ առած դատական գործի մը, որու նախաձեռնողն է նոտար Կրէկորիօ Հայրապետեան: Մեկնելով ճշմարտութեան իրաւունքի սկզբունքէն, Հայրապետեան դիմած էր Արժանթինի արդարադատութեան՝ պահանջելով իմանալ 1915-1923 թուականներուն Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան ժամանակ իր ծնողներու եւ ազգականներու ճակատագրին մասին։ Հայրապետեանի դիմումին ընդառաջեց դատաւոր Օժարպիտէ որ դատական գործին ընթացք տուաւ: Արժանթինի հայ համայնքի կազմակերպութիւնները թիկունք կանգնեցան Հայրապետեանի պահանջին եւ դիմեցին Դատաւորին՝ այդ մասին արտայայտուելու պահանջով:
Վճիռի հիմնաւորման մէջ, դատաւոր Օժարպիտէ կը յայտնէ. «Բնոյթով տեքլարաթիւ սոյն որոշումին որպէս եզրափակում, հարկ է յիշատակել Արժանթինի Թիւ 26.199 Օրէնքը, որ երկրի Օրէնսդիր Իշխանութիւնը քուէարկեց Դեկտեմբեր 13, 2006ին, եւ ուժի մէջ մտաւ Յունուար 11, 2007ին: Օրէնքի հիման վրայ, Ապրիլ 24ը կը յայտարարուի «Հանդուրժողականութեան եւ Ժողովուրդներու միջեւ Փոխադարձ Յարգանքի Օր», ի յիշատակում Հայոց Ցեղասպանութեան»։
Արժանթինեան Արդարադատական Իշխանութիւններու այս վճիռը եկաւ աւելնալու ժողովրդավարութեան վերադարձէն ի վեր Գործադիր եւ Օրէնսդիր Իշխանութիւններու իրերայաջորդ յայտարարութեանց եւ նախաձեռնութիւններուն վրայ։
Աւելի՛ն, վճիռը արձակուեցաւ մինչ Թուրքիա ի մասնաւորի վերջին երկու տարիներուն բազմացուցած է Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան անտեսումը ապահովելու ձգտող ժխտողական քաղաքականութեան նախաձեռնութիւնները: Յիշեցնենք, որ 2010 Մայիսի աւարտին նախատեսուած վարչապետ Էրտողանի այցելութեան առիթով, Արժանթինի մօտ թրքական դեսպանատումը փորձած էր Երիտթուրքերու օրոք սկիզբ առած Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակած Մուսթաֆա Քեմալի կիսանդրին զետեղել Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Նախաձեռնութիւնը կատարուած էր ներառեալ խախտելով մայրաքաղաքի օրէնքով նախատեսուած ընթացակարգը: Կիսանդրին ի վերջոյ չզետեղուեցաւ շնորհիւ հայ համայնքի արագ հակազդեցութեան եւ զօրաշարժին:
«Արժանթինի մէջ ծայր առած դատերը, որոնք կը ձգտին ճշմարտութեան հաստատման, նոր միջոց մը բացին ճիշդ այն պահուն երբ կը թուէր որ մարդկային իրաւանց ամենաբիրտ խախտումներու պատասխանատուները շնորհիւ նախապէս քուէարկուած օրէնքներու պիտի կարենային զերծ մնալ իրենց դէմ բացուած դատերէն։ Այսօրուայ վճիռը հիմնական ներդրում է ճշմարտութեան հաստատման գործընթացին ի հակադրութիւն Թուրքիոյ կողմէ մինչեւ օրս որդեգրած ժխտողական քաղաքականութեան, եւ ի խնդիր հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման: Կ‘ողջունենք դատաւոր Օժարպիտէյի եւ Ատեանի պատմականօրէն աննախադէպ այս որոշումը, որ Ճշմարտութեան հաստատագրման նոր ուղի կը բանայ», յայտնեց Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տնօրէն Յակոբ Թապագեան։
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի
Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ապրիլ 1, 2011
Hai Tadi haydararoutiun
Graciela Kevorkian grakevorkian@yahoo.com
Yorumlar kapatıldı.