İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Նիսի Հայ եկեղեցուոյ տագնապը եւ մեր ինքնութեան հարցերը .

Ներկայացնում ենք www.religions.am կայքին հասցեագրված այս նամակը: Կայքը պատրաստ է տեղադրել այլ տեսակներ Ֆրանսիայի Հայ առաքելական եկեղեցու շուրջ ծավալված իրադարձությունների մասին:

Ժպիտով կը յիշեմ տարիներ առաջ իմ անհաւատ հրեայ բարեկամիս հետ ունեցած հետաքրքրական զրոյցս, երբ զարմանքով իրեն հարց կու տայի թէ ինչո՞ւ կարեւոր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն մը կը յատկացնէր իր սինակոկին:
Ան զարմացած հայեացքը դէմքիս ուղղած՝ քմծիծաղով մը կըսէր՝ « ես գիտէի թէ դուք հայերդ ընդհանրապէս շատ խելք չունիք, բայց գոնէ քեզմէ այս հարցումը չէի սպասեր». ան կը շարունակէր, «ես իբր հրեայ՝ երբէք իրաւունք չունիմ անտարբեր մնալու մեր ինքնութեան ողնահարին՝ մեր կրոնական հաստատութեան հանդէպ»:
Այս տողերէն ետք վերադառնանք Նիսի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, աւելի ճիշդ մատուրին շուրջ ստեղծուած եւ մինչեւ այսօր շարունակուող տագնապին:
Նկատի ունենալով որ ինչպէս իւրաքանչիւր տագնապ այս մէ՛կն ալ ունի իր բարոյահոգեբանական դրդապատճառներն ու ծալքերը, փորձենք վերլուծել այս ցաւալի իրավիճակը, որ սկիզբ առաւ տարիներու վրայ կուտակուած անհանդուրժողական մթնոլորտի մը մէջ, ծաւալեցաւ փոխադարձ ամբաստանութիւններով եւ հասաւ ոստիկանական, եւ պետական ու իրավական մարմիններու ուղղակի միաջամտութիւններին:
Այս դէպքերուն պատճառը, հեռուէն հետեւողի մը համար, կրնայ շատ պարզ թուիլ, որն է անհամաձայնութիւն մը հոգեւոր հովիւին եւ ծխական խորհուրդին միջեւ :
Մոտենանք եւ փորձենք հասկնալ աւելին, ու լսենք երկու կողմերուն հիմնական ամբաստանութիւնները:
Կողմի մը համար անընդունելի են Տէր Հօր կղերականի անյարիր վարքն ու անոր շուրջ հաւաքուած հիսուն հայաստանցի «խուլիկաններու» եկեղեցին գրաւելու փորձերը: Հոս, իրենց համար լուծումը կը կայանար Տէր հօր հեռացման մէջ:
Հակառակորդ կողմին համար ծխական խորհուրդը կը ներկայացնէ կողմնակալ եւ փտած համակարգ մը, որ Նիսի գաղութին կեանքը տասնամեակներէ ի վեր կը ղեկաւարէ: Հետեւաբար Եկեղեցին եւ միւս Հայկական Միութիւններն ու հաստատութիւնները պէտք է ձեռբազատին այդ խորհուրդէն:
Յարգելով հանդերձ Նիսի իւրայատկութիւնները, կը կարծեմ թէ անոր նմանութիւնները ֆրանսահայ այլ գաղութներու եւ միութիւններու հետ բաւական շատ են. խնդրին արմատները իմ կարծիքով կը կայանան հետեւեալ կէտերուն մէջ՝
1. Մեր եկեղեցական թէ աշխարհիկ միութիւնները, յաճախ այլեւայլ պատճառներով, տարիներէ ի վեր կը ղեկաւարուին նոյն անձերուն կողմէ, ոչ ժողովրդավար պայմաններու մէջ : Երեւոյթ մը որ կը սահմանափակէ նիւթաբարոյական անկեղծ հաշուէտուութեան տարրական սկզբունքի կիրարկումը:
2. Ընդհանրապէս հայ համայնքներու ինքնակոչ «ներկայացուցիչները» ժամանակի ընթացքին դարձած են պաշտոնական ատեաններու կամ հզոր կազմակերպութիւններու «խոսափողը» հայ համայնքներէ ներս : Այս երեւոյթը ունի իր պատմահոգեբանական արմատները: Օրինակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ազգային բարերար մեր ամիրաներու մեծամասնութիւնը ոչ թէ հայ ժողովուրդի ցաւերն ու պահանջքները կը հասցնէին Սուլթաններուն այլ անոնց ձայն էին մեր ժողովուրդին մօտ:
3. Իրարամերժ մթնոլորտ մը կը տիրէ երկար տարիներէ ի վեր, մէկ կողմէ Ֆրանսա հաստատուած եւ տարբեր բնագաւարներու մէջ յաջողութիւններ արձանագրած ու արեւմտեան բարքերուն յարած խաւին, եւ միւս կողմէ Հայրէնիքէն վերջին քսան տարիներու ընթացքին արտագաղթած զանգուածին միջեւ, որոնք ընդհանրապէս անտեղեակ են տեղական բարք ու վարքին :
4. Հայրերիքէն եկող երիտասարդ հոգեւորականը, որն ունի հարուստ կրօնական պատրաստութիւն, յաճախ կը դժուարանայ լեզու գտնել սերունդներ շարունակ տարբեր արժէքային համակարգի մը մէջ ապրած իր ազգակիցներուն հետ: Միւս կողմէ պէտք է ընդունիլ որ անցնող տասնեակ տարիներու ընթացքին չենք յաջողած ոչ իսկ մէկ հոգեւորական պատրաստել մեր արեւմտեան հանրութիւններէն ներս:
5. Մեր եկեղեցւոյ շուրջ գտնուող զանգուածը ու եկեղեցական կեանքին դերակատար բազմաթիւ աշխարհականներ, անտեղեակ են դարերու ընթացքին մեր ազգային ինքնութիւնը կերտած կրօնական եւ ծիսական գիտէլիքներուն. այս իրավիճակին որպէս հետեւանք՝ ականատես կըլլանք կամ կը լսենք օրինակ հետեւեալ անցուդարձերուն մասին՝
6. Միութենական պատասխանատուներ որոնք թոյլ չեն տար Տէր հօր «Հայր Մեր»-ով սկսիլ հանդէս մը՝ օտար հիւրերու ներկայութեան պատրուակով:
7. Հարսնեւորներ կամ յուղարկաւորներ որոնք Հայկական եկեղեցին կը փոխարինեն օտար եկեղեցիով մը՝ այս մէկը քաղաքին կեդրոնը գտնուելուն, կամ աւելի ընդարձակ ըլլալուն համար:
8. Ընտանիքներ որոնք զանազան պատճառներով կմոխրացնեն (crémation) իրենց հանգուցեալը, հեռանալով մեր կրոնական աւանդութիւններէն:
9. Մենք իբր ազգ մեր ենթագիտակցութեան մէջ տակաւին չունինք պետական մտածելակերպ եւ հասկացողութիւն. այսօր նոյնն է պարագան նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, ուր չէ ձեւաւորուած քաղաքացիի (citoyen) կերպարը. հետեւաբար, կը շփոթենք անձնական եւ ընտանեկան շահերը ազգային շահերու հետ եւ իբրեւ հետեւանք բնականաբար կը շփոթենք.
Մեր անձնագիրը մեր ազգային ինքնութեան հետ
Մեր ծննդավայրը մեր հայրէնիքին հետ
Մեր Եկեղեցւոյ Տէր Հայրը մեր Եկեղեցիին հետ, կամ ալ Հայ Եկեղեցւոյ ամենաբարձր ծառան հանդիսացող Կաթողիկոսը մեր դարաւոր Մայր Աթոռին՝ Սուրբ Էջմիածնին հետ:
Սփիւռքի արեւմտեան երկիրներու մէջ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովրդին միջեւ գտնուուղ հեռաւորութիւնը կը վերածուի վիհի, եթէ աւելցնենք լեզուական խնդիրը: Այսօր այդ հայութիւնը անծանօթ է ծիսակատարութիւններու լեզուին՝ գրաբարին, եւ նոյնիսկ շատ յաճախ հայերէնին:
Այսօր կ՛ամբաստանվի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ֆրանսահայ համայնքի եկեղեցական գոյքերը սեփականացնելու միտումներ ունենալու յանցանքով: Միւս կողմէ պէտք է ընդունիլ, որ մեր երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը, հիմնականին մէջ մեր դաստիարակութեան պատճառով, կը հեռանայ մեր եկեղեցիէն, կորսնցնելով հոգեւոր անգնահատելի հարստութիւն մը: Այն ինչ կը վերաբերի նիւթեղէն հարստութեան, հարց կու տամ, որ եթէ շարունակենք այս ընթացքը, որո՞ւ պիտի ժառանգենք մեր եկեղեցական գոյքերը. աճուրդի պիտի հանուին անոնք, կամ լաւագոյն պարագային հիշատակի կոթողներու պիտի վերածուին…: Այսօր կարժէ յիշել հայկական բարձրաւանդակէն հեռու դարե՜ր շարունակ օտար երկիրները շենցուցած ու այսօր պատմութեան էջերուն անցած հայ գաղութներու պարագան:
Ազգային հասարակական կեանքէն ներս անհամաձայնութիւններ կրնան ըլլալ, նոյնիսկ անհրաժեշտ են անոնք, քանի որ առողջ մտքերու եւ կեցուածքներու սնանկութեան հետեւանքը նոյնքան կործանարար է: Հարցը հոս չէ. այս միտքը բոլորին կողմէ ընդունուած իրականութիւն մըն է. խնդիրը անհամաձայնութիւնները լուծելու ձեւերուն մէ՛ջ է որ կը կայանայ:
Օրինակ, ինչպէ՞ս ընդունիլ ծխական խորհուրդի նախագահին եկեղեցի մուտքը արգիլումը, կամ ծխական խորհուրդի անօրինական ընտրութիւններու կազմակերպումը, զայն ուժով խափանելը, եւ վերջապէս ցաւալին եւ անընդունելին՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահին օգնութեան դիմումը, փրկուելու համար «էջմիածնի կղերապաշտական միտումներէն»: Մեր անցեալին եւ պատմութեան ծանօթ անձերուն համար նորութիւն չէ այս ստրկամտութիւնը. ոչ թէ հասարակ համայնքի ներկայացուցիչներ, այլ նոյնիսկ արքաներ կամ կղերականներ՝ յաճախ դիմած են երրորդ ուժերու օգնութեան, որպէսզիթէկուզ ժամանակաւորկարենան պահել իրենց դիրքերը:
Այս բազմաշերտ խնդրի լուծումը կը պահանջէ բազմաթիւ քայլեր, բայց եւ այնպէս ամենաէականը այն է որ հարցերը պէտք է դիտուի ճիշդ տեսանկիւնէն:
Յստակացնենք եւ որպէս առաջին քայլ սկսինք տերմինաբանութեամբ (terminilogie):
Ֆրանսայի աշխարհական եւ ոչ համայնքային պետութեան մէջ, եւ CRIF ը եւ Consistoire ը ու այլ հրեայ կազմակերպութիւններ իրենք զիրենք կանուանեն «ֆրանսայի հրեաներ» (les Juifs de France), իսկ մենք՝ շատո՜նց ինքներս կնքած ենք «հայկական ծագումով ֆրանսացիներ» (Nous les français d’origine Arménienne…): Այս անուանումը արդիւնք է նահանջող իրավիճակի մը, բայց նաեւ իր հետքը կը ձգէ մեր էութեան, գաղափարներուն, հաւաքական կեանքին ու աշխատանքին վրայ:
Այսօր ֆրանսահայութեան գերակշիր մեծամասնութիւնը ինչպէս նաեւ մեր ազգային հասարակական եւ կրոնական միութիւններու որոշ պատասխանատուները կորսնցուցած են հայկական տեսանկիւնէն հարցերը դիտելու բնազդը, անոնք մեր ամենահիմնական ազգային հարցերը կը փորձեն լուծել օտարացած մտայնութեամբ:
Մեր շուրջ եղող շատ մը ծագումով հայերու մոտ մեր եկեղեցին կորսնցուցած է իր ազգային սրբութեան հանգամանքը, ան կը սեպուի լոկ որպէս կրոնական ընկերակցութիւն մը (association cultuelle, loi 1901):
Մեզի համար յարգելի են բոլո՛ր այլ ինքնութիւններն ու պատկանելիութեան զգացումները. սակայն եթէ որոշած ենք դո՛ւրս ելլել այս վիճակէն, մեր հաւաքական (ինչո՞ւ չէ նաեւ անձնական) հարցերը դիտենք ու վերլուծենք հայկակա՛ն տեսանկիւնէն:
Այսօր աւելի քան երբէք, ֆրանսահայ համայնքը յուզողայս եւ այլ հարցերու գծովհաւաքական ամփոփ հաշվետվություն մը կատարելու ու լուծումներ գտնելու հրամայականին դէմ հանդիման կը գտնուինք բոլորս:
Նուբար Սերոբյան

http://www.religions.am/index.php?option=com_content&view=article&id=13570:Նիսի-Հայ-եկեղեցուոյ-տագնապը-եւ-մեր-ինքնութեան-հարցերը&catid=1:2009-02-27-03-45-54&Itemid=11

Yorumlar kapatıldı.