Ոգեկոչում: 7 Մարտ 2011 ին լրացաւ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի (1913-1990) վախճանման քսանըերրորդ տարին: Թուրքիոյ ,Հայոց Պատրիարքութեան Աթոռի 82.րդ գահակալը, 29 տարուան շրջանով եղաւ ախոյանը իր 81 երջանկայիշատակ նախորդներուն եւ հետեւորդը, Յովհաննէս Կոլատ, Յակոբ Նալեան, Մկրտիչ Խրիմեան, Ներսէս Վարժապետեան,Խորէն Աշըքեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Եղիշէ Դուրեան, Զաւէն Տէր Եղիաեան, Մեսրոպ Նարոյեան ,եւ Գարեգին Խաչատուրեան եւ այլ մեծանուն պատրիարքներու.
Անատոլուի զաւակ փոքրիկն Արշակ պատերազմի տարիներուն որբութեան դառնութիւնը ճաշակեց, Հայերեն կարդալ գրելը օտարներէ սորվեցաւ,մանկութիւնը որբանոցը ապրեցաւ, բախտը իրեն ժպտեցաւ , եւ Ժառանգաւոր սան դարձաւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան:
Աշատերտացաւ Արմաշական հայերու եւ միշտ իր մէջ պահեց Արմաշու հոգին: Պաշտօնավարեց Ամերիկայի Հայ համայնքներու մէջ եւ նաեւ շատ մը երկիրներ , բայց վերադարձաւ Երուսաղէմ, եւ եղաւ Լուսարարապետ:
Կեանքի ղեկը զինք բերաւ Պոլիս, որպէս գործակից Երջանկայիշատակ ,Տրապիզոնցի Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի: Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրիեց որ, Եօզկատի որբուկ Արշակը գայ Պոլիս եւ յաջորդէ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքի.
Կամօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ Ազգիս, 1961 ին յանձն առաւ պատրիարքական ասան եւ բարձրացաւ Յովակիմի Աթոռը: Իր քսանիննը տարիներու գահակալութեան հայելին է Պոլիսը , ուր բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ վարժարաններ նորոգուեցան, գիրքեր հրատարակուեցան, սերունդներ իր գրաւիչ անհատականութեամբ հմայեցան: Ան , Հայ Եկեղեցին ու անոր ուսուցումը պաշտպանեց որպէս հոգեւորական եւ ուխտաւոր, Հայ Լեզուին ծառայեց որպէս հայ գրիչի մշակ,ան եղաւ գաւառի զաւակ, ան եղաւ նաեւ միաբաններու համար <<ՀԱՅՐԻԿ>>, գաւառացիին համար<<ՊԱՊԱ>> որպէս Մկրտիչ Խրիմեան <Հայրիկ>ի
հետեւորդ.
Շնորհք Պատրիարք իր բոլոր արժանիքներուն քով,<<Շնորհք Վանական>>ն էր, իր ծոմով, պահեցողութեամբ, աղօթքով :Աղօթքով ալ հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն:
Հանգիստ իր յոգետանջ ոսկորներուն.
Յարգանքով կը ծնրադրեմ , իր խնկելի սուրբ յիշատկին առջեւ
Տօքթ. Սարգիս Ատամ
Գերմանիա
7 Մարտ 2011
Yorumlar kapatıldı.