126 Ամեակի Առթիւ (15.2. 1885- 1915) Բանաստեղծ եւ Բժիշկ1915 Ի Հայոց մեծ եղեռնին , Օսմանեան Կայսրութեան Իթթիհատական իշխանութեան նախաձեռնութեամբ , հին տոմարով 11 ապրիլ 1915 թուականին Իսթանպուլ էն, աւելի քան ,260 հայ մտաւորականները հաւաքական կերպով ձեռբակալուեցան ու աքսորուեցան դէպի անորոշութիւն , ի միտ ունենալով պատմական ժողովուրդ մը, հազարամեակներ ապրած իր հողերէն արտաքսել ու բնաջնջել.
11 Ապիլ 1915ը, մեր այսօրուայ օրացոյցով կը համապատասխանի 24 Ապրիլ 1915ի, 1915 ին նահատակուած հայ մտաւարականները, առաջին անգամ յիշատակուեցան 1919 թուականին, Մեծ Եղեռնի 4.րդ տարելիցին <<Յուշարձան Ապրիլ 11 ի> > անուն գիրքով եւ ատենի Իսթանպուլ Թաքսիմ թաղի Հայ գերազմանատան մէջ կառուցուած <Ապրիլ 11 Նահատակներու Յուշարձան>>ով, որ ներկայինս անհետացած է խորհուրդաւոր կերպով. Հայոց Գերազմանատունը եւ Յուշարձանը կը գտնուեր, այսօրուայ Իսթանպուլ , Էլմատաղ–Հարպիյէ թաղի Տիւան պանթոկի եւ Իսթանպուլի պետական Ռատիոյկայանին տարածքին վրայ:
Մենք այսօր, Մեծ Եղեռնի 100 .րդ սեմին,1915 ի աքսորի Ճամբուն վրայ Նահատակուող Հայ Մտաւորականներէն, Բժիշկ. Բանաստեղծ, եւ հանրային գործիչ Տօոթ. ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ ‘ի ծննդեան 126.րդ ամեակին , կ‘ուզենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցանել , եւ յարգանքով երկրպագանել մեր նահատակներուն անթառամ յիշատակնրուն առջեւ.ու վերստին յիշել զանոնք.
1915 Ի Աքսորի Ճամբուն Վրայ Նահատակուող Հայ Մտաւորականներէն.
ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ.
Տօքթ..Ռուբէն Չիլինկիրեան.
( Ծննդեան, 126.րդ ամեակը )
Ծնած է,15 .2.1885 թուականին Սիլրվրի, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն հայկական նախավարժարանի մէջ, ապա անցնելով Պարտիզակ իր ուսումը կը շարունակէ , Պէրպէրեան վարժարան ,ուրկէ ընթացաւարտ կ‘ըլլայ1905 ին.: Գրական կարողութեան կողքին ունենալով խոր հակում գիտութեանց, ուսուցչապետին խորհուրդով ու օժանդակութեամբ կը մեկնի Լօզան , ուր կ‘ուսանի բժշկագիտութիւն, , հազիւ բժշկական ֆաքիւլթէ էն վկայուած, կը ծառայէ հիւանդանոցներու եւ դարմանատուներու մէջ , որպէս բժիշկ.Երազողն ու գիտունը կ‘ապրէին իր մէջ,: Չի կրցաւ լքել Քնարը, Հիբոքրատի արուեստին սիրոյն եւ երգեց Մարդկութիւնը, Հայրենիքը, ու Սէրը. 1910 լոյս տեսաւ <ԿԱՐՄԻՐ ԳԻՐՔԸ>Կլիկիոյ կոտորածէն ազդուած: իր ընդարձակ քերթուածը<<ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅԵՐԸ>> մարգարէութիւն մըն է կը կարծես , Հայկական վերջին մարտիրոսագրութեան, իսկ իր գլուխ գործոցն է, <<ԼԵՄԱՆԻ ԼԻՃԸ>> բանաստեղծութիւնը.
1914 ին Գերման կնոջ հետ կու գայ հաստատուիլ Իսթանպուլ ,եւ իր բժշկական արուեստը կիրարկելու զուգահեր <Ազատամարտ> պարբերաթերթի մէջկ‘սկսի <Բժիշկին Գիրքէն Փրցուած Էջեր> յօդուածաշարքը զորը գնհատանքով կարդացուեցաւ. Պատերազմի շրջանին երբ Իսթանպուլի մէջ հիւանդապահութեան նդասընթացք սկսաւ հայ բժիշկներու կողմէ, Ռուբէն Սեւակ ամիջապէս ստանձնեց գործոն պաշտոներ օգտաշատ բանախօսութիւններով. Իբր Պագըրգիւղի <Մագրիքէօյ> բանակին զինեալ ծառայութիւնը կատարած միջոցին տարագրուեցաւ Չանքըրը.
Ռուբէն Սեւակի <<ԲԱՍԹԷԼ>> անուն քերթուածէն մի քանի տողեր.
ԲԱՍԹԷԼ:
Դաշտանկար մըն է հոգիս Բասթէլի,
Ուր ոչինչ կայ աչքի խօսող , ոչին~չ վառ,
Ուր ամէն ինչ մըշուշի մէջ կը հալի:
Կապոյտ սարի մը կատարին ամայի,
բաղեղապատ խարխուլ գմբէթն Հաւատքիս
Տարակոյսին անդունդն ‘ի վար կը նայի:
Բըլուրն ‘ի վեր , բըլուրն ‘ ի վար , իմ կեանքիս
Խոպան ճամբա‘ն է որ կ‘երթայ մինաւոր…
Բասթէլի մութ դաշտանկար մ‘է հոգիս🙁 Տոքթ. Ռուբէն Սեւակ )
Աստուած Ռուբէն Սեւակ‘ին ,մեր բոլոր նահատակներուն հոգին լուսաւորէ.
.
Տօքթ. Սարգիս Ատամ
Yorumlar kapatıldı.