İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մտահոգիչ Շրջաբերական Մը:

Մտահոգիչ Շրջաբերական Մը:

Թուրքիոյ Կրթական Նախարարութեան Նախակրթութեան Ընհանուր Տնօրինութեան կողմէ դպրոցներուն ղրկուած շրջաբերականով մը կը պահանջուի որ, բոլոր նախակրթարաններուն մէջ աշակերտներուն ցուցադրուի 1915ի վերաբերեալ, Թուրքիոյ Սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ պատրաստուած ժապաւէնը, որ կը կոչուի ,<Սարը Կէլին-Հայկական Հարցի Ներքին Ծալքերը>,;Այս շրջաբերականը թուրք հասարակութեան որոշ շրջանակներու մէջ աղմուկ բարձրացուց , ոմանց կողմէ ալ , <Ամերիկայի , 24 Ապրիլի վերաբերեալ քաղաքականութեան հաւանական կեցուածքին սեմին Հայկական թշնամութիւնը օրակարգի վրայ պահել> ի ձեւով մեկնաբանուեցաւ ; իսկ, Հայ շրջանակներու մէջ ալ խիստ մտահոգութիւններ ստեղծեց: 

Ըստ մասնագէտներու ու հոգեբաններու տուեալններուն , այս վաւերագրական ժապաւէնին նիւթն ու ներկայացման ձեւն, նախակրթարանի մանուկները դէմ դիմաց պիտի բերէ , սասկութիւն, խտրականութիւն քարոզող տեսարաններու հետ, ու պիտի խանգարէ անոնց հոգեբանութիւնը, քունը, ու վախ պիտի պատճառէ, նաեւ նախակրթարանի մանուկներու միջեւ կրօնական ու էթնիք խտրականութիւն, ու ատելութիւն պիտի հրահրէ , ասոնք, բոլորն ալ անյարգանքութիւն են մարդկային , հետեւաբար մանկանց իրաւունքներու սկզբունքին;
Ամեն պարագային պէտք է որ, յարգուին Մարդկային ու Մանկանց Իրաւունքները, ՄԱԿ ի Մանկանց Իրաւունքներու համաձայնագիրը մանուկները կը պաշտպանէ , ամէն տեսակ կեղեքումէ, որը Թուրքիոյ կողմէ ալ ընդունուած է, 1995 թուականին, պէտք չէ անտես առնել նաեւ մանուկներու հոգեկան ու ընկերային զարգացումը.
Հոս ի յարկ է յիշել նաեւ թէ, նոյն նախարարութիւնը , նախապէս դպրոցներուն ղրկած էր շրջաբերական մը պահանջելով որ, աշակերտները շարադրութեան ձեւով գրեն, իրենց մտածումները Հայկական Հարցի մասին , այն ատեն ալ շատ աղմուկ բարձրացած էր , բայց ետ չ’առնուեցաւ շրջաբերականը , միայն թէ, հրահանգը չ’գործադրուեցաւ դպրոցներու մէջ, գոնէ Հայկական վարժարաններու մէջ:
Թէեւ,<Մեր պատմութիւնը , մեր նոր սերունդին փոխանցելը մեր պարտականութիւնն է>պիտի ըսուի , անտարակոյս ճիշտ է, սակայն պէտք չէ մոռցուի որ, տարիներէ ի վեր բանավէճի նիւթ հարց մը , մանուկներուն պէտք է բացատրուի անոնց մակական իրաւունքները յարգելով, անոնց հոգեկան ու ընկերային զարգացումը նկատի առնելով ու առարկայական մերձերցումով մը. Այս է որ , ժամանակակից ու ժողովրդավար պետութեան մը կը վայլէ.
Խումբ մը Իսթանպուլահայերու կողմէ պատրաստուած է , եկրի վարչապէտին ուղղուած բաց նամակ մը, որը, <Հայ Թերթ>ի կայքէջ ի մէջ կարելի է կարդալ, Նամակը թէ Թուրքիոյ եւ թէ ալ Սփիւռքի Հասարակութեան ստորագրութեան բացուած է, իրենց ստորագրութեամբ , արշաւին մասնակցած են , Թուրքայ էն , Ամերիկայ էն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն , եւ այլ երկիրներէն բազմաթիւ հայեր որնոնց թիւը օրէ օր կ’աւելնայ:
Նամակին մէջ կը պահանջուի որ, կառավարութիւնը արգելք ըլլայ շրջաբերականի հրահանգներու կիրարկումին, կրթական նախարարութիւնը պահանջած է որ, <Սարը Կէլին> ժապաւէնը մինջեւ 27 Փետրուար աշակերտներուն ցուցադրուի ;Դիտել կը տրուի նաեւ որ, այս ժապաւէնը պատմական տեղեկութիւններ տալէ աւելի թշնամութիւն ու սասկութիւն պիտի հրահրէ: Նամակին մէջ կ’ըսուի նաեւ հետեւեալը: <Ինչպէս գիտէք, Հայ անունը տարիներէ ի վեր այս երկրի մէջ կը գործածուի որպէս գէշութեան հոմանիշ>: Շատ լուրջ պատմաբաններ իստ , կը պնթէն թէ, ՓՔՔ ն Հայկական կազմակերպութիւն մըն է:Յաճախ ըսուած է, նաեւ որ, <Քրտական Հարց Չկայ , ասիկա Հայկական Հարց է>; Վերջին անգամ ալ մեծայարգ նախագահին դէմ մեղադրանք մը ըրած ըլլալու համար, ըսուած է որ, մայրը հայկական ծագում ունի ; Ուրեմն , <Սարը Կէլլին >ի ժապաւէնը ու նմանաձեւ ձեռնարկները ուրիշ ոչ մէկ բանի կը ծառայէն , եթէ ոչ այս սխալ վճիռները փոխանցել յաջորդ սերունդերուն.
Նամակին մէջ կը յայտնուի թէ , այսպիսի ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը , կրթական ինչ`, նպատակի պիտի ծառայելը անհասկնալի է: Հայերու դէմ թշնամութեան հրահրումը ոչ պետութեան , եւ ոչ ալ Սպայակոյտի Նախագահութեան գործին կու գայ: Եթէ, անոր նպատակը միւս պետութիւններուն ցոյց տալ է, Հայկական Հարցին Ներքին Ծալքերը, ուրեմն այդ ժապաւէնը պէտք է ցուցադրուի դուրսիններուն; Եթէ ասիկա ելոյթ մըն է, դէպի հայկական Սփիւռք կամ Հայաստանի կառավարութիւն , յայտի է որ աւելի գէշ արդիւնք պիտի տայ; Եթէ նպատակը, տեղացի Հայերը ցածցնել ու սմքեցնել է, ասիկա ալ բնաւ վայել չէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Իրաւակարգին;
Նամակին մէջ արտայայտուելով այլ մտածումներ , Թուրքիոյ կառավարութեան Վարչապետէն կը խնդրուի որ, արգելք հանդիսանայ այս ժապաւէնին ցուցադրութիւնը , գոնէ առնուազն հայկական վարժարններու մէջ:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ.
Գերմանիա.
12.2.2009

Yorumlar kapatıldı.