İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

հԱՅ ԳրԵրՈՒ ԳԻՒՏԻՆ 1600-ԱՄԵԱԿԸ ՄԵԾ շՈՒՔՈՎ ՆշՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱրԻ ՄԷՋ

հայ Գրերու Գիւտի 1600-ամեակի մեծ յոբելեանը 9 հոկտեմբեր 2005, Կիրակի, նշուեցաւ Սկիւտարի Ս.Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեւոր հանդիսութիւններով, քանի որ Ս.Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ներքնամասը ներկելու գործը կը շարունակուի։

հանդիսութեանց նախագահեց եւ Գոհաբանական Ս. Պատարագը մատոյց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը, առընթերակայութեամբ Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր եւ Տրդատ Քահանաներու։ Թաղեցի եւ ուխտաւոր հաւատացեալներ նախ քան Ս. Պատարագի արարողութիւնը արդէն իսկ բերնէ բերան լեցուցած էին պատմական Ս. Խաչ Եկեղեցին Ս. Պատարագի մասնակցութեամբ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի, Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին եւ իրենց գլխաւորած Թարգմանիչ վարդապետներու հոյլին խնդրելով իրենց բարեխօսութիւնը։

Արարողութեանց ներկայ էին Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկոպոս Սվաճեան, Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկոպոս Աթէշեան, Մխիթարեան Միաբանութեան Ստանպուլի Վանատան հայրերէն հ. Յակոբոս Վարդապետ Չոփուրեան, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններն ու քահանայ հայրեր, գրչի մշակներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ աշակերտներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ստանպուլի Միացեալ Երգչախումբի կազմին կողմէ, ղեկավարութեամբ Տիար Սեւան շէնճանի։

ԱՒԵԼԻՆ ԴրԱՒ

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «…զի այրին այն տառապեալ շատ էարկ քան զամենեսեան՝ ի գանձանակն» ¥Մարկոս 12։43¤ բնաբանով։ Մեսրոպ Պատրիարք նախ անդրադարձաւ օրուան Աւետարանին։ Օր մը Յիսուս կեցած էր Երուսաղէմի տաճարի գանձանակին դիմաց ու կը նայէր ժողովուրդին, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ։ Մեծահարուստները կու գային եւ շատ արծաթ ու ոսկի կը նետեէին գանձանակին մէջ։ Այրի կին մը եկաւ եւ երկու պղինձ լումայ նետեց։ Այդ տեսնելով՝ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Տեսա՞ք այդ ադրի կինը, որ երկու լումայ դրաւ։ Լաւ գիտցէք, որ այդ չքաւոր այրին աւելի շատ դրամ դրաւ գանձանակին մէջ, քան՝ մեծահարուստները»։ Աշակերտները զարմացան որ Յիսուս այրի կնոջ երկու լուման հարուստներու դրամէն աւելի գնահատեց։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Բոլորն իրենց աւելորդ գումարէն դրին, իսկ ան դրաւ ամէն ինչ որ ունէր, իր ունեցած ամբողջ դրամը, որ պիտի գործածէր ապրելու»։

Տէր Յիսուս նուիրատուութեան քանակէն աւելի կարեւորութիւն կ՛ընծայէր ոգիին, հոգեւոր համոզումին եւ զոհողութեան զգացումին որով նուիրատուն իր սրտաբուխ նուէրը կու տար Աստուծոյ տաճարին եւ նուիրական սրբութիւնները պահելու-պահպանելու առաքելութեան։

Մեսրոպ Պատրիարք ապա կեդրոնացաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած մեծ գործին վրայ, որով մեր ժողովուրդը շահեցաւ իր սեպհական գիրը, ունեցաւ իր սեպհական լեզուով Աստուծոյ Խօսքը լսելու եւ առ Աստուած աղօթելու կարելիութիւնը, ստեղծուեցաւ հայոց գրականութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ անդրադարձաւ Ս. Մեսրոպի վարքին։

Ս. ՄԵՍրՈՊ ՄԱշՏՈՑ

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց որպէս ազնուական ընտանիքի որդի՝ հայոց Տարօն (Մուշ) գաւառի հացեկաց (հասքէօյ) գիւղին մէջ ծնած է շուրջ 360 թուականին, եւ ստացած է յունական կրթութիւն։ շուրջ 389 թուականին հաստատուած է Վաղարշապատի մէջ, ուր Առաւան հազարապետի ղեկավարութեան ներքեւ պաշտօնավարած է արքունիքի մօտ։ Ապա ծառայած է որպէս զինուոր։ 395-ին, աշխարհիկ կեանքը թողած եւ վանական դարձած է։ Աշակերտներ հաւաքած եւ անոնց Աւետարան սորվեցուցած է։ Իր աշակերտներուն հետ ձեռնարկած է քարոզչական շրջագայութիւններու՝ յատկապէս դէպի Գողթն գաւառը, ուր, ինչպէս նաեւ երկրի այլ վայրերուն մէջ, հեթանոսական սովորութիւնները դեռ կը պահուէին։ Գողթն գաւառի պետերուն օժանդակութեամբ տեղւոյն հայ բնակչութիւնը քրիստոնեայ դարձուց, համայնք կազմեց, եկեղեցի շինեց։ Այդ երախտաշատ առաքելութեան ընթացքին, Սուրբ Մեսրոպ լրջօրէն մտահոգուիլ սկսաւ հայ ժողովուրդի եւ երկրին վիճակով։

հԻՄՆԱհԱրՑԸ

Քրիստոնէութիւնը հայոց մէջ տարածուիլ սկսած էր նախ հարաւէն՝ Պաղեստինէն։ Առաջին դարուն Քրիստոսի առաքեալներէն Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողոմէոս եկած ու Արտազի ու Աղբակի մէջ դարձի բերած էին բազմաթիւ հայորդիներ։ Առաքելական Եկեղեցին, այսպէս, հաստատուած ըլլալով հանդերձ, միշտ հալածանքներու ենթարկուած էր սկիզբէն ի վեր։ Յետագայ դարերուն հարաւէն՝ ասորի, իսկ արեւմուտքէն՝ յոյն քրիստոնեայ քարոզիչներ եկած ու առաքելութեան ձեռնարկած էին հայ ժողովուրդին մէջ, իրենց հետ բերելով ասորերէն ու յունարէնով թուղթի յանձնուած քրիստոնէական գրականութիւն։ 301-էն, այսինքն քրիստոնէութեան հայաստանի մէջ որպէս պաշտօնական կրօնք ճանաչում գտնելուն վրայէն թէեւ շուրջ 100 տարիներ անցած էին, սակայն հայրենի ժողովուրդը դեռ կատարելապէս չէր իւրացուցած քրիստոնէութիւնը, քանի որ սրբազան գրականութիւնը կարելի էր գտնել միմիայն ասորերէն եւ յունարէն լեզուներով։ 387 թուականին, երկիրը Բիւզանդիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ երկու մասի բաժնուած էր որպէս սահման ընդունելով Եփրատ գետը, եւ ճիշդ այդ պատճառաւ հայրենիքի արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներն իրարմէ սկսած էին օտարանալ։ Արեւմտեան հատուածին մէջ, բիւզանդացիները վերցուցեր էին Արշակունեաց իշխանութիւնը։ Իսկ արեւելեան հատուածին մէջ թէեւ պարսիկներն առ այժմ կը թողէին որ Արշակունիներ շարունակէին իրենց իշխանութիւնը, սակայն արդէն իսկ նշաններ կային որ այնտեղ ալ շատ չանցած պիտի սասանէր իրենց գահը։ հայ Առաքելական Եկեղեցին ալ տրոհուած էր երկու հատուածներու. արեւելեան մասն ուր պաշտօնական լեզուն պարսկերէն իսկ եկեղեցական լեզուն ասորերէնն էր՝ հայոց Կաթողիկոսին կապուած էր, իսկ բիւզանդիոյ իշխանութեան ներքեւ մնացած նահանգներու հայ եկեղեցիները պաշտօնապէս ենթարկուած էին Յունաց Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, ուստի եւ այդ կողմերու հայութիւնը կը խօսէր յունարէն։ Ահաւասիկ այս պայմաններուն ներքեւ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կը մտածէր, որ ժողովուրդի հոգեւոր, տոհմիկ եւ մշակութային միասնականութիւնն ապահովելու միակ ձեւը՝ անմիջականօրէն հայերէն գիր եւ գրականութիւն ստեղծելու հրամայականն էր։

ՆՈՒԻրԱԿԱՆ ԵրրՈրԴՈՒԹԻՒՆԸ

Ահաւասիկ այս պայմաններու ներքեւ եւ այսպիսի մտահոգութիւններով, Սուրբ Մեսրոպ Վաղարշապատ դարձաւ եւ խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցաւ Սուրբ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսին եւ հայոց Վռամշապուհ Թագաւորին հետ։ Այս երկուքին համաձայնութիւնը, օրհնութիւնը եւ հովանաւորութիւնն ստացող Սուրբ Մեսրոպ այնուհետեւ ձեռնարկեց մեր լեզուին համար ամենայարմար նշանագրերը գտնելու առաքելութեան։ Իսկ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սուրբ Սահակ Պարթեւ եւ Վռամշապուհ հայոց Արքան դարձան այն նուիրական Երրորդութիւնը, որոնց մտայղացման, համաձայնութեան եւ համագործակցութեան մենք այսօր կը պարտինք մեր չքնաղ գրականութիւնն ու գրաւոր մշակոյթը։

ԱՍՈրԻՆԵրՈՒ «ՆԵրԴրՈՒՄԸ»

Պատրիարք հայրը այս բոլորը պատմելէ յետոյ անդրադարձաւ նաեւ այդ օրերուն ասորի հոգեւորականներու կատարած դերին։ Ասորի եկեղեցականներ այդ օրերուն կը վայելէին Պարսկաստանի պետական հովանաւորութիւնը։ Մեր երկրի արեւելեան հատուածին մէջ եկեղեցական արարողութիւններն ու պաշտամունքը կը կատարուէին հիմնականօրէն ասորերէն լեզուով։ Բնական է, որ ասորի հոգեւորականներ չէին ցանկար ժամերգութիւններուն այնուհետեւ ասորերէնի տեղ հայերէն լեզուով կատարուիլը։

Ասորիքի Դանիէլ անունով ասորի եպիսկոպոսի մերձակից Յաբել Երէցը, Դանիէլէն նշանագրեր առնելով Վաղարշապատ բերաւ, որպէսզի հայերէնին համար դանիէլեան տառերը օգտագործուէին։ Սուրբ Մեսրոպ առաջ համաձայնեցաւ եւ դպրոց բանալով այդ գիրերը աշակերտներուն սորվեցնել սկսաւ։ Բայց շատ չանցած անդրադարձաւ, որ դանիէլեան նշանագրերը չէին համապատասխաներ հայերէնի հնչիւնային համակարգին, քանի որ այդ նշանագրերը անբաւարար էին մեր լեզուին համար։ Այդ պատճառաւ ալ կարելի պիտի չըլլար դանիէլեան նշանագրերով օտար լեզուներէն հայերէնին թարգմանութիւններ կատարել։

Ուստի Սուրբ Մեսրոպ Վարդապետի հետ խորհրդակցելէ յետոյ Սուրբ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսը եկեղեցական ընդհանուր ժողով գումարեց բոլոր միաբաններու մասնակցութեամբ։ Բայց ասորի հոգեւորականներու դրդումով այդ ժողովը չփափաքեցաւ, որ հայերէնի համար նոր գիրեր մշակուին։ Վռամշապուհ Արքայի թելադրութեամբ, Սուրբ Մեսրոպ ապա խումբ մը աշակերտներու ուղեկցութեամբ Ասորիք ճամբորդեց եւ ընդունուեցաւ ասորիներու հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանաւորներուն կողմէ։ Սակայն այդ առաքելութիւնն ալ ապարդիւն մնաց, քանի որ ասորիները չփափաքեցան, որ հայ Եկեղեցին ասորերէնը զիջէր հայերէնին։

ՍՈՒրԲ ՄԵՍրՈՊԻ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ

Ընկրկող չէր սակայն Սուրբ Մեսրոպ։ Ամէն բանէ առաջ ան համոզուած էր իր մտածումներու ճշմարտութեամբ։ Առաջ Ամիդ, ապա Եդեսիա այցելեց, ասորի հոգեւորականներու հետ հայոց նոր նշանագրեր ստեղծելու մասին խորհրդակցելու համար։ Բոլոր խորհրդակցութիւններն ապարդիւն մնացին։ Ուստի, այնտեղ, 405 թուին, Եդեսիոյ մէջ էր, որ Սուրբ Մեսրոպ իր գաղափարները յանձնեց Աստուծոյ օրհնութեան եւ Աստուածային համաձայնութեան նշանն ստացաւ երբ յափշտակուած՝ աղօթքով «ի վեր ընծայեցուցած» էր իր միտքը։ Սթափեցաւ Սուրբը հոգեւոր յափշտակութեան երանելի վիճակէն, եւ անմիջապէս իր մտքին մէջի նշանագրերն սկսաւ «իր սուրբ աջով հայրաբար ծնել»։ Եդեսիոյ մէջ, Սուրբ Մեսրոպ ապա նորաստեղծ տառեռը դասաւորեց կարեւոր մասամբ յունական այբուբենի հերթականութեամբ։

ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ…

Գիրերու գիւտէն ետք, Սուրբ Մեսրոպ հետն առնելով իր աշակերտներէն երկուքը՝ Յովհան Եկեղեցացին եւ Յովսէփ Պաղնացին անցաւ Սամոսատ, ուր հմուտ յունագէտ հռոփանոսին հետ գեղագրեց նշանագրերը։ Ապա առանց ժամանակ կորսնցնելու իր աշակերտներուն հետ ձեռնարկեց Աստուածաշունչ Մատեանի թարգմանութեան՝ սկսելով Սողոմոնի առակներէն։ Այսպէս, թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» դարձաւ Սրբոց Թարգմանչաց շարժումին բնաբանը։

406-ին Սուրբ Մեսրոպ նորաստեղծ նշանագրերով Վաղարշապատ վերադարձաւ եւ հայրենիքին մէջ թափ ստացաւ Թարգմանչաց շարժումը, որով սկսաւ հայոց Ոսկեդարը։

Ս. ՄԵՍրՈՊ «ԱՒԵԼԻՆ ԴրԱՒ»

Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ ամէն սուրբ ունեցած է օրինակելի վարք եւ գործունէութիւն, որով իր բաժինը բերած է Քրիստոսի Ս. Աւետարանին տարածման առաքելութեան եւ կամ Քրիստոսի անուան վկայութեան համար։ Բոլորն ալ իրենց վաստակը աւելցուցած էին Եկեղեցւոյ հոգեւոր գանձանակին մէջ։

Սակայն հայ Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ, ամենեւին տարբեր է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած դերը։ հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր գոյատեւած է իր հաւատքին եւ լեզուին շնորհիւ եւ ասիկա ահաւասիկ փաստն է Մաշտոցի կատարած անփոխարինելի գործին։ Առանց Սուրբ Մեսրոպի ջանքերուն, առանց Մեսրոպեան նշանագրերուն, մեր դաւանանքն ալ լեզուն ալ ժամանակի ընթացքին պիտի աղաւաղուէին քանի որ մեր լեզուով թուղթի յանձնուած պիտի չըլլային։

Պատրիարք հայրը հաւատացեալներու ուշադրութեան յանձնեց նաեւ այն փաստը, որ Սուրբ Մեսրոպ չբաւարարուեցաւ միայն հաւատալով կամ հաւատքի կեանքի մէջ խորանալու համար վանական դառնալով։ Այդպիսի բաւարարուածութիւն անձնասիրութիւն պիտի նշանակէր։ Ընդհակառակը, գիւտարար հանճարը կը տառապէր որ մեր ժողովուրդը չէր հասկնար մեր հաւատքի տարերքը։ Ուստի ան սատարեց, որպէսզի ուրիշներ ալ իրենց հաւատքին մէջ խորանային Աստուածաշունչ Մատեանը իրենց մայրենի լեզուով կարդալու հնարաւորութեամբ։

Այբուբենի գիւտէն անմիջապէս յետոյ, Սուրբ Մեսրոպ ուժգին փափաքելով որ ուրիշներ ալ իր գիւտէն օգտուին, Սահակ Պարթեւ հայրապետի եւ Վռամշապուհ Թագաւորի քաջալերութեամբ, բազմաթիւ դպրոցներ հաստատեց երկրի զանազան մասերուն մէջ, ուր երիտասարդները հայոց նորաստեղծ գիրերը սորվեցան։

Սուրբ Մեսրոպ ոչ միայն հայկական նշանագրերու գիւտարարն էր, այլ նաեւ առաջին ուսուցիչը եւ հայ մանկավարժութեան հիմնադիրը։ Ան եղաւ հայ դպրութեան եւ հոգեւոր երաժշտութեան սկզբնաւորողը։

Այս բոլորը, ահաւասիկ, անձնուէր վարդապետ մը կատարած էր, որ թողած էր իր ազնուական ընտանեկան կեանքի փարթամութիւնն ու զինուորական փառքն ու աշխարհիկ կեանքի ընդարձակ կենցաղավարութիւնն ու մտած էր վանք որպէս Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդի խոնարհ ծառայ։ Ահաւասիկ այս խոնարհ սակայն իմաստուն վանականն է Թարգմանչաց շարժման հիմնադիրն ու գլխաւոր հերոսը։

Այսպէս, Սուրբ Մեսրոպ «աւելին դրաւ» հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային գանձին մէջ քան ուրիշ ոեւէ անձնաւորութիւն հայոց պատմութեան ընթացքին։

ՊՈԼՍՈՅ ԿԱրԵՒՈր ՆԵրԴրՈՒՄԸ

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա բացատրեց, թէ գիրերու գիւտէն յետոյ Սուրբ Մեսրոպ ինչո՞ւ համար, ի՞նչ նպատակաւ Պոլիս այցելած էր։ 387-էն ի վեր, Եփրատի արեւմտեան կողմը բնակող բոլոր հայ համայնքներու հոգեւոր կեդրոնը դարձած էր Պոլիս գտնուող Յունաց Նուիրապետութիւնը։ համարեա այդպէս ալ մնաց 4-րդ դարէն մինչեւ 9-րդ դար, երբ տակաւ առ տակաւ հայազգի եպիսկոպոսներ գործուղուեցան դէպի արեւմուտք։

Սուրբ Մեսրոպ նախագուշակեց, որ արեւմտեան հայ համայնքները ժամանակի ընթացքին կրնային ձուլուիլ։ Ուստի Պոլիս այցելեց եւ պատիւներով ընդունուեցաւ Թէոդոսիոս Կայսեր եւ Պոլսոյ Ատտիկոս Պատրիարքին կողմէ եւ անոնց հաւանութիւնն ստանալով բիւզանդահայ համայնքներուն համար եւս հայերէնուսոյց դպրոցներ բացաւ։ Այսպէս, բիւզանդահայերը որոշ ժամանակ յունաց նուիրապետութեան ենթարկուած ըլլալով հանդերձ կրցան հայախօս մնալ եւ հայերէն Ս. Պատարագ մատուցել շնորհիւ Սուրբ Մեսրոպի միջամտութեան։

ՊՈԼԻՍ՝ հԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵրՈՒ ԿԵԴրՈՆ

Սուրբ Մեսրոպ թէեւ կարճ ժամանակ մնաց Պոլսոյ մէջ, սակայն Պոլիսը վերածուեցաւ Թարգմանիչ Սուրբ Վարդապետներուն համար ուսման կեդրոնի։ Անոնցմէ շատեր արդէն հմուտ էին պարսկերէն եւ ասորերէն լեզուներուն։ Պոլսոյ մէջ անոնք կատարելագործեցին նաեւ իրենց յունարէնի իմացութիւնը։ Անոնք ուսումնասիրեցին նաեւ իրենց ժամանակակից հոգեւոր, դաւանաբանական, ծիսագիտական, մեկնաբանական յունարէն գրականութիւնը։ Անոնք էին որ ժամանակի կարեւոր գիրքերը, առաջին երկու տիեզերական ժողովներու դրած կանոնները եւ ծիսական բազմաթիւ երկերը հաւաքելով բերած ու յանձնած էին Սուրբ Սահակ Պարթեւ հայրապետի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի ուշադրութեան։

ԱՍՏՈՒԱԾԱշՈՒՆՉՆ ԱԼ ՊՈԼԻՍԷՆ

Պատրիարք հայրը ապա բացատրեց, որ Աստուածաշունչ Մատեանի առաջին հայերէն թարգմանութիւնը կատարուած էր 405-408-ին ասորական Փեշիտտա կոչուած բնագրէն, քանի որ Թարգմանիչները չունէին եբրայեցերէն եւ յունարէն մայր բնագիրները։ «Փութանակի» կոչուած այս առաջին թարգմանութիւնը բնականաբար ծառայեց իր նպատակին աւելի քան քառորդ դար։

Իսկ 432-ին, երբ Սուրբ Մեսրոպի աշակերտներէն Ղեւոնդ Երէցը, Կորիւնը, Եզնիկ Կողբացին եւ Յովսէփ Պաղնացին Պոլսէն Վաղարշապատ դարձան, իրենց հետ բերին Աստուածաշունչ Մատեանի Եօթանասնից կոչուած յունարէն թարգմանութեան ստուգուած օրինակը։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սուրբ Սահակ Պարթեւ, Եզնիկ Կողբացի ու Յովսէփ Պաղնացի, այնուհետեւ ձեռնարկեցին նախապէս ասորերէնէն թարգմանուած հայերէն Աստուածաշունչը համեմատել Պոլսէն բերուած յունարէն բնագրին հետ։

Այսպէս, սկսաւ Աստուածաշունչ Մատեանի Պոլսոյ բնագրի վրայէն երկրորդ թարգմանութիւնը կամ խմբագրութիւնը, որ կոչուեցաւ Սահակ-Մեսրոպեան հայերէն թարգմանական բնագիրը։ Ահաւասիկ այս վերջնական թարգմանութիւնն է որ կը համարուի «Թագուհի թարգմանութեանց» եւ դասական հայերէնի մաքրութեան չափանիշն է։

ՕշԱԿԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ շԻՆԱրԱրՆ ԱԼ ՊՈԼՍԵՑԻ

Պատրիարք հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին եւ ներկայ երիտասարդներուն ուշադրութեան յանձնեց նաեւ ուրիշ հետաքրքրական պարագայ մը։

Սուրբ Մեսրոպի վախճանումէն յետոյ, հազարապետ Վահան Ամատունին եւ զօրավար հմայեակ Մամիկոնեանը հաւատացեալներու մեծ բազմութեան ուղեկցութեամբ Սուրբ Վարդապետին անշունչ մարմինը տեղափոխած եւ հողին յանձնած են Օշականի մէջ։ Թաղումէն երեք տարի յետոյ Վահան Ամատունին եկեղեցի մը շինած է Օշականի մէջ եւ Սուրբ Մեսրոպի աճիւնը տեղափոխած է այնտեղ։ հայ ժողովուրդը Սուրբ Մեսրոպի գերեզմանը ուխտատեղի դարձուցած է եւ Սուրբ Մեսրոպ ինքնաբերաբար եւ բնականաբար դասուած է հայ Եկեղեցւոյ սուրբերու դասուն մէջ։

Ժամանակի ընթացքին, Օշականի եկեղեցին հինցած, խոնարհած է։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին վրայ խոյացող Օշականի այժմու Ս. Մեսրոպ Եկեղեցին 1879-ին կառուցելու պատուին արժանացած է Երանաշնորհ Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսը (Սամաթիացի), որ նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան պաշտօնը վարած է 1858-1860 թուականներուն։ Երանաշնորհ հայրապետը պատրիարքական պաշտօնէն ինքն իր փափաքով հրաժարած է քանի որ հակառակ եղած է Ազգային Սահմանադրութեան խիստ աշխարհիկ դրոյթին։

հԱՒԱՏՔՆ ՈՒ ԼԵԶՈՒՆ ԻՒրԱՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա հաւատացեալ ժողովուրդը, յատկապէս երիտասարդները հրաւիրեց տէր եւ պաշտպան կանգնելու մեր հաւատքին եւ լեզուին։ Թելադրեց սորվիլ եւ սորվեցնել մեր լեզուն, որպէսզի ժողովուրդէն աւելի շատ թիւով անձեր հաղորդ դառնան մեր հոգեւոր արժէքներուն, եւ արդարութիւն ընեն Թարգմանիչ Սուրբ Վարդապետներէն սկսեալ մինչեւ մեր ժամանակները մեր ժողովուրդի գոյապայքարին համար զոհուածներու սրբանուէր վաստակին։

հԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ, հԱՅ ԴՊրՈՑ, հԱՅ ՄԱՄՈՒԼ

Պատրիարք հայրը ըսաւ, որ հայ Եկեղեցին մեր ազգային հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն գանձարանն է։ հայ ժողովուրդը իր փոթորկալից պատմութենէն եւ դեռ իր գոյութեան սպառնացող բազում այլ վտանգներէն եթէ փրկուած եւ հասած է այս օրերուն, ատիկա կը պարտի հայ Եկեղեցիին, որ Նոյի Տապանին նման ապահոված է մեր ժողովուրդի իքնութեան անաղարտ պահպանումը։

Իսկ հայ դպրոցը այն դարբնոցն է, ուր դեռատի սերունդը պէտք է ձեւաւորուի իբր գիտակից հայ քրիստոնեաներ։ Պատրիարք հայրը ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն անգամ մը եւս յիշեցուց մեր վարժարաններուն մէջ աւանդուող հայերէնի եւ կրօնքի դասաժամերուն կարեւորութիւնը, որոնց նկատմամբ երբեմն ոմանք դժբախտաբար կը զլանան անհրաժեշտ հետաքրքրութիւնը, մինչեւ իսկ կը գտնուին ոմանք որոնք կը յանդգնին այդ դասերը անպէտ նկատել։ Պատրիարքական Աթոռը կը տեղեկանայ, թէ կան դպրոցներ ուր կրօնքի դասաժամերու ընթացքին ուրիշ նիւթերու սերտողութեան կարգադրութիւն կ՛ըլլայ տնօրէններուն կողմէ։ Նորին Ամոենապատուութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց, թէ այդ երկու դասերը մեր ինքնութեան կռուաններն են։ Ազգային վարժարանները կան պարզապէս որովհետեւ այդ երկու դասերը ուրիշ դպրոցներու մէջ կարելի չէ ստանալ։ Սա օրէնքով տրուած իրաւունք է, որուն արժէքը շատ լաւ պէտք է գիտնանք։ Կանք ու պիտի մնանք մեր հաւատքով, մեր մշակոյթով եւ մեր մտաւոր ստեղծագործութիւններով։

հայ մամուլն ալ այսօր կարեւոր պարտականութիւն ստանձնած է միջազգային, ազգային եւ տեղական լուրերը մինչեւ մեր բնակարանները բերելու՝ մեսրոպատառ պայծառակերպութեամբ։ Այսօր պոլսահայ համայնքը բախտաւոր է ունենալով 97-ամեայ «Ժամանակ» օրաթերթը, 65-ամեայ «Մարմարա» օրաթերթը, Ազգային հիւանդանոցի 56-ամեայ «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթը, 9-ամեայ «Ակօս» շաբաթաթերթը, Ազգային Պատրիարքարանի 9-ամեայ «Լրաբեր» պարբերական տեղեկատուն եւ հայերէն ընտիր գիրքեր հրատարակող «Արաս» հրատարակչութիւնը։ Պատրիարք հայրը յորդորեց հայ մամուլին ու հայ գիրքին պատուոյ տեղ յատկացնել ընտանեկան մեր յարկերէն ներս։

հայ մամուլին պիտի հետեւինք ոչ թէ հայ մամուլին «սատարելու» մեծամիտ մերձեցումով, այլ հաղորդ դառնալու համար հայ կեանքին եւ հայկական արժէքներուն՝ մեսրոպատառ հրատարակութիւններու միջոցով։ շնորհաւորելով բոլոր խմբագիրներու երախտաշատ ջանքերը հայատառ մամուլի գոյատեւման համար, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց իրենց պատուաբեր վաստակը, զոր «անփոխարինելի» կոչեց։

ԳԻՏԱԿԻՑ ԴԻրՔԱՒՈրՈՒՄ ԱՆհրԱԺԵշՏ

Իր երկարաշունչ քարոզն աւարտելէ անմիջապէս առաջ, Պատրիարք հայրը ըսաւ. «Գիտեմ, որ ձեզմէ ոմանք հիմա կը մտածեն որ պարզապէս դժուար է հոսանքի դէմ դիավարելը։ Ուրիշներ կը յուսահատին հարցնելով, թէ սփիւռքեան պայմաններու ներքեւ երբ ձայնասփիւռներն ու հեռուստակայանները կ՛օգտագործեն օտար լեզուներ ի՞նչպէս կարելի է հայախօս սերունդ հասցնել։ Նման հարցումներ որքան ալ տրամաբանական ըլլալ թուին պիտի զգուշանանք այլասերումն արդարացնող լոզունգներէ։ Պատմեցինք չէ՞, թէ ինչպիսի՞ ապերախտ պայմաններու ներքեւ դրուեցան Ոսկեդարի հիմքերը։ Իսկ Զարթօնքի հոյակապ գրականութիւնն ստեղծող սերունդի պայմանները կը կարծէք թէ աւելի՞ լաւ էին։ Ամենեւին ո՛չ։ Պարզապէս դիրքաւորո՛ւմ պէտք է։ Գիտակի՛ց դիրքաւորում։ Մեր զաւակները եթէ հեռու մնան հայ Եկեղեցիէն, դպրաց դասէն, երգչախումբէն, հայ դպրոցէն, սանուց միութենէն, հայ մամուլէն, հայկական շրջանակէն, ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել որ անոնք գիտակցին իրենց ինքնութեան եւ մշակոյթին գլխաւոր գիծերուն։ Սիրելի հաւատացեալներ, ծնողներ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, վարիչներ, մեր այս պարտականութեան մէջ պէտք չէ որ թերանանք։ Մենք մեր պարտականութիւնն կատարենք եւ ապա հաւատքով եւ յոյսով ապաւինինք Աստուծոյ ողորմութեան։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց գրերու գիւտի սեմին՝ իր մարդկային կարողութեան անբաւարարութիւնը տեսաւ եւ դիմեց Աստուծոյ օգնութեան։ Մեր հայրերուն Աստուածը այն ժամանակ ամօթով չձգեց մեզ, այսօր ալ չի ձգեր։ Տէր Աստուած եւ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետներու բարեխօսութիւնը ընդ մեզ են»։

Ս. Պատարագը Տէրունական Աղօթքով շարունակուեցաւ նոյն շքեղութեամբ։ Բազմաթիւ հաւատացեալներ բեմին մօտեցան Ս. հաղորդութիւն ստանալու։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն ի հանգիստ հոգւոյն Սամաթիացի Երանաշնորհ Գէորգ Դ Կաթողիկոսի, որ կառուցել տուած էր Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցին։ Յիշատակուեցան նաեւ ի Քրիստոս ննջած բոլոր վարդապետները, կրթական մշակները, գրչի եւ մամլոյ սպասաւորները, հարաւային Ասիոյ երկրաշարժին զոհուած բոլոր աղիտեալները։

Կրօնական արարողութեանց աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդարանը, ուր մեր հոգեւոր Պետը իր օրհնութիւնները տուաւ ժողովուրդի խուռներամ բազմութեան եւ հոգեւոր դասուն։

հոգեւոր հանդիսութեանց աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւորականներ, տնօրէններ եւ բարերարներ հաւաքուեցան Ս. Խաչ Լիսէի պարտէզին մէջ ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը։

Ս. Խաչ (Դպրեվանք) Լիսէի աշակերտները հայ Գրերու Գիւտին նուիրուած կոկիկ եւ շատ գեղեցիկ գրական յայտագիր մը պատրաստած էին, զոր ձեռնհասութեամբ գործադրեցին։

Աշակերտներու յայտագրէն յետոյ, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. շահան Արքեպս. Սվաճեան ելոյթ ունեցաւ եւ օրուան հանդիսութեան մասին բերաւ իր սրտի խօսքը։

հուսկ երկու կարկանդակներ բերուեցան, մէկը՝ 1600-ամեակի, իսկ միւսը՝ Պատրիարք հօր անուան տօնախմբութեան առիթով, զորս բարեմաղթութիւններով կտրեց մեր հոգեւոր Պետը։

Yorumlar kapatıldı.