İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՈրՈՆԹՈՅԻ Ս. ԵրրՈրԴՈՒԹԻՒՆ հԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ »ՓՈՔր« ԹԱՏԵրԱԽՈՒՄԲԻՆ ԹԱՏԵրԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂ ԵրԵԿՈՆ

Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան

ՊՈԼՍԱհԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔԱրՏՈՒՂԱրՈՒհԻ

շաբաթ 9 հոկտեմբեր եւ Կիրակի 10 հոկտեմբեր, երկու յաջորդական օրերու վրայ Թորոնթոյէն ժամանած Ս. Երրորդութիւն հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ »Փոքր« թատերախումբը ներկայացուց երկու յաջող թատրերգութիւններ յոբելեար, բանաստեղծ, թատերագիր՝ Զարեհ Մելքոնեանի »Ահա Այսպէ՛ս Ապրեցանք« թատերախաղը եւ Անտրէ րուսէնի »Եթէ Նապաստակը Սատկի« կատակերգութիւնը, երկուքն ալ բեմադրութեամբ մրցանակակիր բեմադրիչ՝ Սիրարփի Աճեմեանի, Canoga Parkի հԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան Աղաճանեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, հոգշ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի, Յոբելեար, թատերագիր եւ բանատեղծ Զարեհ Մելքոնեանի, Պոլսահայ Միութեան Ատենապետ Սիմոն Աճիլաչօղլուի եւ մեծ թիւով հասարակութեան մը: Երեկոյթները կազմակերպուած էին Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին կողմէ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւններ յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն եւ այս ձեռնարկին սատար հանդիսացողներուն ու հրաւիրեց բեմադրիչ, դերասանուհի Սիրարփի Աճեմեանը որ իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ »Ամէն տեղ հայեր կան, երեւակայեցէք ու՜ր էինք ու՜ր հասանք, խորունկ ծովեր կտրելով անցանք եւ հասանք Ամերիկա: Ուրախ ենք որ ձեր հետ եւ ձեր մէջ ենք եւ միասին երկու օրեր պիտի վայելենք: շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սրբազան հօր, որուն թելադրութեամբ ներկայ ենք այստեղ, Սրբազան հայրը տարիներով մեծ աշխատանք տարած է մեր յառաջացման համար Գանատայի մէջ Իր առաջնորդութեան տարիներուն ընթացքին: շնորհակալ ենք նաեւ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին որոնք մեծ աշխատանք տարին սոյն ձեռնարկին համար: Այսօրուայ ելոյթը մեր վաղեմի բարեկամ յոբելեար թատերագիր, բանստեղծ Զարեհ Մելքոնեանի թատերախաղն է որ պիտի ներկայացնենք զոր 25 տարիներէ ի վեր համով-հոտով բայց քիչ մը ցաւցնող կերպով կը կրկնենք որովհետեւ մեր կեանքն է որ պիտի խաղարկենք: Իսկ միւսը Ֆրանսական զաւեշտ մըն է«:

Խօսք առաւ նաեւ Գերշ. Սրբազան հայրը ըսելով »Ամերիկայի մէջ թատրոնը ինքնին մեր կեանքի իրական պատկերն է որ կը ներկայացնէ: Որքան որ թափանցենք անոր մէջ մենք զմեզ է որ կը տեսնենք եւ կը զգանք եւ կրնանք շատ հեռուն ճանապարհորդել: Կրնանք քայլ չպահել օտարոտի սովորութիւններուն հետ եւ մեր էութիւնը մեր հայկականութիւնը պարտինք պահել: Պատգամը այն է որ արթուն մնանք, թատրոնը կարեւոր ներկայութիւն մըն է մեր կեանքին մէջ եւ մաս ու բաժին կազմած է հիւսիսային Ամերիկայի մէջ այն տարողութեամբ որ էր Արեւելքի մէջ: Այսօրուայ թատրոնը բոլորիս մէջ դարձաւ այսօրուայ մեր կեանքի հայելին: Թէեւ այս երեւոյթները կը ցնցեն, բայց անոնք պէտք չէ մեզ վախցնեն, անոնք խաբուսիկ են, պէտք է իրենց մէջ ճանապարհ գտնենք դէպի եկեղեցի եւ միութիւններ առաջնորդելու: Այս նոր օրերու պայմաններուն ճնշումին տակ վստահ եմ որ տակաւին իրենց մէջ հայկականութիւնը կայ: Ուրախ եմ որ կր ներկայացուի բեմադրիչ Սիրարփի Աճեմեանի կողմէ որուն թատերախումբը կը ճանչնամ 20 տարիէ ի վեր. իրենց բարի երթ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ: շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Պոլսահայ Միութեան որ իր բարի աշխատանքով իրենց լաւագոյնը կը ներկայացնեն մեր ժողովուրդին: Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբը հրաշալի հոգեւոր գործիք մը կը դառնայ, հայ մնալու պարտականութիւնը փոխանցելով ձեր մէջէն դէպի գալիք սերունդներուն«:

Առաջին թատերախաղը կը ներկայացնէր հօր մը զայրոյթը, նոր սերունդին ձուլման վտանգը, հին բարքերու պահպանման համար մաքառումը, օտարամոլութեան վախէն յառաջ եկած ընտանեկան վէճերը, խառն ամուսնութիւններու հանդէպ մերժողական կեցուածքը, հայրենի օճախին կարօտը:

Առաջին թատերախաղին աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ յոբելեար, թատերագիր Զարեհ Մելքոնեանը որ ըսաւ» Այս երեկոյ իրապէս շատ հաճելի պահ մըն է ինծի համար, ուրախ կը զգամ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, Սիրարփի Աճեմեանին որ իմ հեղինակած թատերախաղս բեմադրած է: Տիկին Աճեմեանը շատ շնորհալի բեմադրիչ մըն է յուսամ միւս թատերախաղերս ալ կը բեմադրէ: Թորոնթոյի մէջ իմ մէկ թատերախաղս ներկայացուց եւ առաջնութիւն շահեցաւ: շնորհակալութիւն նաեւ Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին որ այս հանդիսութիւնը կազմակերպեց: Պոլսահայոց բարեկամութիւնը վայելած եմ որ ինծի ուժ եղած է եւ իրենց հայրենասիրական աշխատանքն ու մշակոյթի հանդէպ նուիրումը իսկապէս գնահատելի է«:

Իսկ երկրորդ թատերախաղին հեղինակը ֆրանսացի Անտրէ րուսէն թարգմանը կը հանդիսանար ժողովուրդի զգացումներուն եւ..»մտերիմ« հարցերուն, ներկայացնելով ընտանեկան հարցերը, մարդկային տկարութիւնները, այդ տկարութեանց արդիւնք՝ սէրերուն, այդ սէրերէն ծագող՝ հարցերուն, այդ հարցերուն լուծում փնտռող զոյգերուն խայթահամեղ ու քօղամերկ տեսարաններով, սեռային արկածներու փոխադարձ խոստովանութիւններով ուր գողտրիկ մեղքեր իրար յաջորդեցին: Այնքան հրապուրիչ էին իրարու յաջորդող տեսարանները, որ հանդիսատեսները չդադրեցան ծափահարելէ: Դերասանները իրենց դերերը կատարեցին անթերի կերպով, հնչեղ ձայնով եւ ճկուն խաղարկութեամբ:

Բեմադրութիւնը ընթացաւ հեզասահ կերպով: Թատերական յաջող մթնոլորտ մը ստեղծելը կը պահանջէ նաեւ նիւթական եւ թէքնիք անհրաժեշտութիւններու այլազանութիւն ինչպէս՝ բեմայարդարում, լոյսերու պատասխանատուութիւն որոնց մէջ Գէորգ Ադամեան յաջողագոյն ձեւով դուրս եկաւ: Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ ծաղկեփնջիկներու բաշխում եւ նկարահանում:

Կիրակի օրուայ ելոյթի աւարտին, Մշակութային Յանձնախումբի հրաւէրով, հրաժեշտի երեկոյ մը սարքուեցաւ, ուր դարձեալ խօսք առաւ թատերագիր Զարեհ Մելքոնեան ըսելով »Արեւմտահայ լեզուն մենք կը պարտինք Պոլսահայ գաղութիւն: 1900ի շրջանին է որ մեր հայերէն լեզուն ձեւ ստացած է: Մեր սքանչելի գրականութեան ամենէն կարեւոր դէմքերէն շատերը Պոլսահայեր եղած են: Պոլիսը արեւմտահայ գրականութեան ուղղութիւն տուած է. Պոլսահայ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեան հինգ թատերախաղեր գրած է«: Ապա խօսք առաւ դերասանուհի հռիփսիկ Սարգիսեան որ նախ դրուատանքով խօսեցաւ բեմադրիչ Սիրարփի Աճեմեանին թատրոնի հանդէպ զոհաբերութիւններուն եւ թատերական փորձերուն հանդէպ անոր ճշդապահութեան մասին, ըլլալով ան իրենց մղիչ եւ խրախուսիչ ուժը որ կը նպաստէ իրենց թատերական կեանքին ամրութեան եւ անոր ապագային: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ Միութեան եւ Մշակութային Յանձնախումբին որակելով զայն իբրեւ »Բացառիկ Միութիւն« որովհետեւ դերասան մը հանդիսատեսներով է որ կÿուրախանայ: Ձեր Միութեան տարած մշակութային այս աշխատանքը իսկապէս հիանալի է«: Խօսք առաւ նաեւ Պոլսահայ Միութեան ատենապետ Սիմոն Աճիլաչօղլու ըսելով» Մեր նորակառոյց երդիքին ներքեւ ջանք կը թափենք հաւաքելու մեր զաւակները Պոլսահայ կամ ոչ Պոլսահայ, որովհետեւ միասնականութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր է հայապահպանման գործին մէջ մեր դերը լիովին կատարելու միտումով: Ան մաղթեց որ թատերախումբին ապագայ ծրագիրները յաջողութեամբ պսակուին: շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի Ատենապետ Տքթ. Աւետիքեանին եւ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն որոնք այս առիթը ընծայեցին որ ձեզ վայելենք«:

Ատենապետ Տքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց թատերախումբի անդամներուն, յանձնելով յուշատախտակներ առ ի գնահատանք իրենց տարած յաջող աշխատանքին:

Թատերախումբը Գանատա վերադարձաւ յաջորդ օրը:

Yorumlar kapatıldı.