İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: հԱՅրԱԿԱՆ ԽՕՍՔ

հԱՅրԱԿԱՆ ԽՕՍՔ

Սիրեցեալ Ժողովուրդ Մեր,

Վերջերս թէ Թուրք եւ թէ Պոլսահայ մամուլին մէջ լոյս կը տեսնեն մեծաւ մասամբ անհիմն, թերատեղեակ կամ վրիպեցուցիչ լուրեր եւ մեկնաբանութիւններ Թուրքիոյ հայոց օրինական կարգավիճակին կապակցութեամբ։

Որպէս հայոց Պատրիարք Մեր գահակալութենէն մինչեւ այսօր մեր ժողովուրդը լուսաբանած ենք պաշտօնական մարմիններու հետ մեր ունեցած բոլոր շփումներուն եւ անոնց բովանդակութեան մասին։ Նոյն մերձեցումով է, որ ընդհանրական նամակի մը հրապարակման անհրաժեշտութիւնը զգացինք ի մասին հանրային կարծիքի մօտ արձագանգ գտած վերջին զարգացումներուն։

Նախ պէտք է բոլորին յստակ ըլլայ, թէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան ճանապարհին Թուրքիոյ հանրապետութեան պետական կառոյցներուն եւ այժմու Կառավարութեան վերջին տարիներուն կատարած աշխատանքներուն կը հետեւինք գոհունակութեամբ եւ լիակատար համակամութեամբ։

Ծանօթ է, թէ այս աշխատանքներու կարգին մեր երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց կարգավիճակին կապակցութեամբ եւս կը կատարուին օրինական որոշ կարգադրութիւններ։

Երկար տարիներու անտարբերութենէ ետք, ստոյգ է որ նախաձեռնուած է ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու իրաւաբանական եւ օրինական կարգավիճակի բարեփոխման։ Ճիշդ է նաեւ որ Եւրոմիութեան չափանիշներուն համապատասխան իրաւական համակարգի մը կենսագործումը տակաւին կը կարօտի բազում օրէնքներու, կանոնագրութիւններու եւ ցուցումներու մշակման։

Ծրագրուած բարեփոխումներու կարգին է նաեւ հայ համայնքի հիմնահարցերէն՝ Թուրքիոյ հայոց Պատրիարքութեան օրինական կարգավիճակի յստակումը։ Իրազեկ կը դառնանք սակայն, թէ այս հարցին կապակցութեամբ տարուած աշխատանքները թիրախ կը դառնան թէ՛ Պետական որոշ կառոյցներու միաւորներուն ե՛ւ թէ մամլոյ մեկնաբաններուն առ հասարակ ժխտական քննադատութիւններուն։

Նման ժխտական լուրեր, մեկնաբանութիւններ եւ աշխատանքներ ցաւ կը պատճառեն Մեզի եւ մեր համայնքի անդամներուն։ Պետութիւնը, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար իր կատարած օրինական բարեփոխումներով միջազգային հասարակութեան արդար գնահատանքին արժանացած է, վնաս կը ստանայ ժողովրդավարութիւնը յարգող, իրաւունքի գերադասութեան հաւատացող, մարդու իրաւանց ապահովման կողմնակցի դիմագիծին վրայ։ Մինչդեռ փոքրամասնութիւններու հարցերուն մասին կատարելի իրաւաբանական ու օրինական բարեփոխումները եւ անոնց լիիրաւ կիրառումը` գլխաւոր կռուաններէն մէկը պիտի ըլլայ ժողովրդավար Պետութեան։ Կը հաւատանք, որ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը եւ ներկայ Կառավարութիւնը այս ճշմարտութեան գիտակից` ամենայն բարեացակամութեամբ նաեւ այսուհետե՛ւ պիտի շարունակեն բարեփոխութեան աշխատանքները։

Մեզի համար այլեւս յստակ պէտք է ըլլայ. մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամ, համայնքային կամ եկեղեցական իւրաքանչիւր մարմին` Պետութեան եւ այժմու Կառավարութեան բարեացակամ աշխատանքներուն պէտք է աջակցի համբերատարութեամբ եւ նո՛յն բարեացակամութեամբ։ Մինչ այդ, մեր համայնքը այս անգամ աւելի քան երբէք պէտք է շարժի միութեան եւ միասնականութեան ոգիով։ Կը հաւատանք, որ այդ վերաբերումով միայն, Թուրքիոյ հայոց երկար տարիներէ ի վեր անտեսուած իրաւական եւ օրինական հարցերը ժամանակի ընթացքին պիտի գտնեն իրենց լուծումը, համաձայն` իրաւաբանութեան միջազգային կանոններու։

Անգամ մը եւս կ՛արժէ կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ ներկայ պայմաններուն ներքեւ, մեր ժողովուրդը պէտք է զգուշանայ հաւաստի նկատելէ այդ բոլոր տեսութիւններն ու լուրերը, որոնք կը շփոթեցնեն հանրային կարծիքը։

Մենք ունինք ողջախոհ սովորութիւն ի մի հաւաքուելու, խորհրդակցելու եւ իրականութիւնները մէջտեղ հանելու, եթէ մեր համայնքին մէջ որեւէ նիւթի շուրջ մտահոգութիւն կամ կասկած գոյութիւն ունենայ։ Այս առումով ներկայիս պէտք է ըլլանք, աւելի քան երբէք, մեր հարցերուն նկատմամբ զգայուն հայրենակիցներ։

Կը փափաքինք եւ կ՛ակնկալենք, որ համայնքի իւրաքանչիւր անդամ կամ մարմին շարժի ա՛յս գիտակցութեամբ։ Ժխտական որեւէ երեւոյթը դիմագրաւելու եղանակն է կարծեաց անձանձրոյթ եւ անվհատ փոխանակումը, զոր պէտք է պահել գաղափարական մակարդակի վրայ։ Միւս կողմէ, շարժման անձնելու փուլին ա՛նպայման պէտք է դրսեւորել հաւաքական տրամադրութիւն եւ կամք։ Այն ժամանակ միայն կրնանք իբր առաւելագոյն չափով իր հարցերը լուծած ազգային¬եկեղեցական հաւաքականութիւն մը շարունակել մեր կեանքը այս երկրին մէջ համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ։

Մեր այս խոհերն էին, զորս փափաքեցանք հաղորդել Մեր Ազնիւ Ժողովուրդին։

Ողջունիւ սիրոյ եւ աղօթիւք,

Յիսուս Քրիստոսի ծառայ`

ՄԵՍրՈՊ ՊԱՏրԻԱրՔ

2 Յունիս 2004

Գումգաբու, Ստանպուլ

Yorumlar kapatıldı.