İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: հոգեգալստեան Տօնախմբութիւն Բերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

31 05 2004

LRAPER Church Bulletin

Armenian Patriarchate

TR-34130 Kumkapi, Istanbul

Contact: Deacon V. Seropyan

T: +90 (212) 517-0970

F: +90 (212) 516-4833

E-mail: patriarchate@post.com

or haybad@superonline.com

հոգեգալստեան Տօնախմբութիւն Բերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

հոգեգալստեան Տօնի եւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիի անուան տօնախմբութեան առիթով, 30 Մայիս Կիրակի առաւօտ կատարուեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ։ Առաւօտեան ժամերգութեան յաջորդեց Ս. Պատարագը, իսկ վերջն ալ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ։

Արարողութեանց նախագահեց Կ.Պոլսոյ հայոց Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք հայրը։ Ս. Պատարագը մատոյց Գերշ. Տ. շահան Արք. Սվաճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ Դպրաց Դաս երգչախումբի կողմէ։ Տէրունական Աղօթքէն առաջ աւուր պատշաճի քարոզեց Պատարագիչ Սրբազանը։ Աւարտին կատարուեցաւ պաշտօն ի հանգիստ եկեղեցւոյ հանգուցեալ բարերարներու հոգիներուն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ներկաները մէկտեղուեցան Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ սարքուած աւանդական սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Սիրոյ սեղանին եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, իր քով ունենալով շահան Սրբազանը, քահանայ հայրերը, թաղային խորհուրդի անդամներ ու բարերարներ։

հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը խօսեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը, որ ողջունելով ներկաները իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ գտնուելու առիթով, քանի որ իր մանկութեան օրերուն մաս կազմած էր այս եկեղեցւոյ երգեցիկ մանկանց խումբին։ Անդրադառնալով օրուան տօնին, Պատրիարք հայրը ըսաւ որ հոգեգալուստը Առաքելական Եկեղեցիւոյ ծննդեան տօնն է, Ս. Զատկի խորհուրդը այսօր է որ կը հասնի իր լրման քանի որ Տէր Յիսուս յարութիւն առնելէ եւ համբառնալէ յետոյ, Իր հոգին կ՛ուղարկէ եկեղեցիին եւ կը զօրացնէ Առաքեալները։ Անոնք վախ ու սարսափով լեցուած էին Տէր Յիսուսի չարչարանաց ժամանակ, իսկ երեք օր յետոյ զարմացած էին տեսնելով Յարուցեալ Փրկիչը՝ Իր փշէ պսակի ու գամերու հետքերով, երբ Տէրն իրենց պատուիրած էր չհեռանալ Երուսաղէմէն ու սպասել Սուրբ հոգիի մկրտութեան։ Մեր հոգեւոր Պետը շարունակելով իր խօսքը բացատրեց, թէ անոնք հոգեգալուստի օրը ստացան Ս. հոգիի զօրութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը տաղաւարի տօներու համազօր մեծ տօն նկատեց հոգեգալուստը։ Յիշեցնելով որ Պատրիարքական Աթոռի 543¬րդ տարեդարձը նշուած էր հոգեգալուստի նախատօնակին, Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ բոլոր ձեռքբերումները կեանքի կոչուած էին շնորհիւ Սուրբ հոգւոյ ներգործութեան։

«հաւատացեալ քրիստոնեայ մնալու համար, եւ իբրեւ հայ քրիստոնեաներ գոյատեւելու համար, պէտք է որ մեր շիտակ գիտցածները կեանքի վերածենք։ Ուստի ականջ տանք Սուրբ հոգիի դրդումներուն։ Ինչպէս ամէն բան բնութեան մէջ, այնպէս նաեւ մենք պէտք է նորոգուինք, հոգեպէս պտղաբեր դառնանք, նոր արժէքներու ստեղծման հետամուտ ըլլանք։ հաւատարիմ մնանք մեր աւանդութիւններուն, մեր արմատներուն, այնուհանդերձ եւ այդ աւիշի օգտագործմամբ նոր պտուղներ տանք։ Ես բոլորիդ ընտանեկան, անձնական, հոգեւոր, ազգային, հաւաքական կեանքին մէջ նորոգութիւն կը մաղթեմ։ Աւելի լաւ նայինք ապագային, երբէք չկորսնցնենք մեր յոյսը որ ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ», ըսաւ Պատրիարք հայրը։

Սիրոյ սեղանը վերջ գտաւ միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով։

 

Yorumlar kapatıldı.