İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: Ամենապատիւ Պատրիարք հայրը Ընդունեց հայ Խմբագիրներու Այցելութիւնը

 

31 05 2004

LRAPER Church Bulletin

Armenian Patriarchate

TR-34130 Kumkapi, Istanbul

Contact: Deacon V. Seropyan

T: +90 (212) 517-0970

F: +90 (212) 516-4833

E-mail: patriarchate@post.com

or haybad@superonline.com

Ամենապատիւ Պատրիարք հայրը Ընդունեց հայ Խմբագիրներու Այցելութիւնը

Կ.Պոլսոյ հայոց Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքը 30 Մայիս, հոգեգալուստի Կիրակի երեկոյեան, Պատրիարքարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց համաշխարհային Լրագրողներու Միութեան համաժողովին մասնակցելու համար Պոլիս գտնուող հայաստանցի խմբագիրներու խումբ մը։

Երեւանի Մամլոյ Միութեան նախագահ` Բորիս Նաւասարդեան, Ռէսպուբլիկա Արմէնիա օրաթերթի աւագ խմբագիր` Վարդան Ալոյան եւ Առաւօտ օրաթերթի աւագ խմբագիր` Արամ Աբրահամեան եկած էին Պատրիարքարանն այցելելու եւ ստանալու Պատրիարք հօր օրհնութիւնը։ հիւրերու ուղեցոյցն էր Թըրքիշ Տէիլի Նիուզ անգլերէն օրաթերթի վարիչ խմբագիր` Եուսուֆ Քանլըն։

շուրջ մէկ ժամ տեւող զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերուն տեղեկութիւն տուաւ Պատրիարքարանի անցեալին ու ներկային մասին, քննարկուեցան թուրքեւհայ յարաբերութեանց ներկայ հանգրուանը, Պատրիարքական Աթոռի եւ պոլսահայ համայնքի հիմնահարցերը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը հիւրերուն յաջողութիւն մաղթեց լրագրողներու համաժողովի կապակցութեամբ եւ մաղթեց որ մամուլը ծառայէ ժողովուրդներու առջեւ փոխ¬ըմբռնման, բարեկամութեան ու խաղաղութեան ուղիներն բանալու բազմօգուտ գործին։

Խմբագիրները Պատրիարքարանի պատուոյ տոմարն ստորագրելէ ետք հրաժեշտ առին Պատրիարք հօրմէ, իրենց ուխտի աղօթքն ըրին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ եւ մեկնեցան իրենց մասնակցութիւնը բերելու համաժողովի ընդունելութեան, որ Պոլսոյ հնագիտութեան Թանգարանին մէջ սարքուած էր համաժողովի մասնակիցներուն բարի գալուստ մաղթելու համար։

 

Yorumlar kapatıldı.